Կը ցուցադրուին Արա Կիւլէրի նկարած Նազըմ Հիքմէթի դիմանկարները

Արա Կիւ­լէ­րի Ար­խիւ եւ Հե­տազօ­տու­թեան Կեդ­րո­նի հա­ւաքա­ծուէն ընտրուած լու­սանկար­նե­րը, Նա­զըմ Հիք­մէ­թի կեանքն ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը տար­բեր ար­խիւնե­րու, հա­ւաքա­ծօ­նե­րու եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վրա­յով «Ռո­ման­թի­քա. Մէկ Կեան­քի Ըն­թացքը» ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ հան­դի­սատե­սին հետ պի­տի հան­դի­պին։

«Ֆոլ­քարթ»ի աջակ­ցութեամբ եւ Իզ­մի­րի Քա­ղաքա­պետա­րանի կող­մէ հիւ­րընկա­լուող ցու­ցա­հան­դէ­սը 5 Սեպ­տեմբեր 2026-ին Քիւլթիւրփար­քի մէջ պի­տի բա­ցուի։

Մ. Մե­լիհ Կիւ­նէ­շի եւ Էօմէր Տուրմա­զի կող­մէ ձե­ւաւո­րուող ցու­ցա­հան­դէ­սին, Արա Կիւ­լէ­րի Ար­խիւ եւ Հե­տազօ­տու­թեան Կեդ­րո­նի հա­ւաքա­ծոյի մէջ գտնո­ւող Նա­զըմ Հիք­մէ­թի դի­ման­կարնե­րը տեղ կը գրա­ւեն։ Լու­սանկար­նե­րու մեծ մա­սը առա­ջին ան­գամ պի­տի ցու­ցադրո­ւի։ Նաեւ Արա Կիւ­լէ­րի 1961-ին հրա­տարա­կուած «In quest’anno 1941» գիր­քին մէջ տեղ գտած Անա­տոլո­ւի լու­սանկար­ներն ալ հան­դի­սատե­սին հետ պի­տի հան­դի­պին։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին տեղ կը գտնեն Մ. Մե­լիհ Կիւ­նէ­շի հա­ւաքա­ծոյէն Արա Կիւ­լէ­րի նկա­րած Նա­զըմ Հիք­մէ­թի դի­ման­կարնե­րը, ինչպէս նաեւ Կիւ­լէ­րի 1976-ին Մոս­կո­ւա կա­տարած այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին նկա­րած Նա­զըմ Հիք­մէ­թի աշ­խա­տանո­ցը եւ Վե­րա Թու­լեաքո­վա Հիք­մէ­թի լու­սանկար­նե­րը։

15 սրահ­նե­րու մէջ Նա­զըմ Հիք­մէ­թի կեան­քը Թուրքիայէն եւ ար­տա­սահ­մա­նէն բազ­մա­թիւ ան­հատնե­րու, հաս­տա­տու­թիւննե­րու, ար­խիւնե­րու եւ հա­ւաքա­ծու­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ պատ­րաստո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սը. փաս­տա­թուղթեր, անձնա­կան իրեր եւ տե­սալ­սո­ղական ար­ձա­նագ­րութիւննե­րու կող­քին գրա­կանու­թեան, նկար­չութեան, քան­դա­կի, լու­սանկար­չութեան, կի­նոյի եւ ձե­ւաւոր­ման բնա­գաւառ­նե­րէն գոր­ծեր կը պա­րու­նա­կէ։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը կրնաք այ­ցե­լել մին­չեւ15 Յու­նո­ւար 2027 թո­ւական։

https://www.agos.com.tr/am/news/gi-tsvwtsatrvwin-ara-giwleri-ngaradz-nazim-hikmeti-timangarnyri-41706

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ