ԸՐՎԱՅՆ, Քալիֆորնիա․- Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբը համաձայնագիրներ ստորագրեց քանդակագործ Պրիթնի Ռայընի (Լակունա Պիչ) եւ խճանկարի արուեստագէտ Միա Թավոնաթթիի հետ (որ երկար տարիներ գործած է Օրենճ Քաունթիի մէջ, իսկ այժմ կը բնակի ու կը գործէ Իտալիոյ մէջ), Ըրվայնի «Կրէյթ Փարք»ին մէջ հաստատուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի երկու հիմնական տարրերուն պատրաստութեան համար:
Ռայընի համաձայնագիրը կը յաջորդէ 2026 Յունուարին ստորագրուած նախնական ձեւաւորման եւ ծրագրի համաձայնագիրին, ինչպէս նաեւ 2026 Ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 111րդ տարելիցի ոգեկոչման ընթացքին ներկայացուած անոր մանրակերտին: Քանդակը պիտի պատկերացնէ իր զաւակը գրկած մայր մը, շրջապատուած կռունկներով: 11 ոտք բարձրութեամբ պրոնզէ քանդակը պիտի կանգնի չորս ոտքնոց պատուանդանի մը վրայ:

Թավոնաթթիի համաձայնագիրը կը ներառէ պատուանդանը շրջապատող խճանկար գորգին ձեւաւորումն ու պատրաստութիւնը. մօտաւորապէս քսան ոտք շրջագիծով տարածք մը՝ ներշնչուած հայկական գորգարուեստի աւանդոյթէն, պիտի շինուի բարձր դիմացկունութիւն ունեցող սալիկներով, որոնք յարմար են բացօթեայ տեղադրման համար:
«Մանրակերտի բացման ընթացքին մտիկ ըրի տեղական հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներու, որոնք կը նկարագրէին, թէ ինչպէս այս քանդակին մէջ կը տեսնեն իրենց մայրերը, մեծ մայրերն ու մեծ-մեծ մայրերը: Ինծի համար յստակ դարձաւ, որ անոնց պատմութիւնը պատմելը այժմ իմ պատասխանատուութիւնս է», ըսաւ Ռայըն։
«Իմ գործս պէտք է գրաւէ ուշադրութիւն՝ առանց մրցելու իր վերեւը գտնուող պրոնզէ քանդակին հետ։ Քանդակը եւ խճանկարը մէկ ամբողջական յօրինում են,» ըսաւ Թավոնաթթի:
«Մանրակերտը մեր համայնքին ցոյց տուաւ յուշարձանին առաջին պատկերացումը։ Այս համաձայնագիրներն են, որոնք այդ տեսլականը պիտի վերածեն պրոնզի եւ սալիկի: Քանդակը եւ անոր տակի գորգը ի սկզբանէ նախատեսուած էին իբրեւ միասնական ստեղծագործութիւն եւ այժմ աշխատանքը արդէն ընթացքի մէջ է», ըսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրենճ Քաունթիի յուշարձանի յանձնախումբի ատենապետ դոկտ. Գէորգ Ապաճեան:
Յուշարձանը պիտի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին հանրային յուշարձանը Օրենճ Քաունթիի մէջ: Տեղադրումը նախատեսուած է 2028ի գարնան եւ Ըրվայն քաղաքը յանձն առած է յուշարձանին խնամքն ու պահպանումը:




Leave a Reply