Տոլմայի բոյրը` տան կարօտը

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ

Սիրելի՛ ընթերցող,

Կը հաւատամ, որ այսօր գրեթէ ամէն հայկական ընտանիքի մէջ կայ պանդուխտ զաւակ մը, եղբայր մը, քոյր մը կամ հարազատ մը, որ օտար հողին վրայ կ՛ապրի, բայց իր սիրտը տակաւին հօրենական  օճախին հետ կը բաբախէ:

Ստորեւ ներկայացուելիք պատմութիւնը միայն երիտասարդի մը մասին չէ. ան հազարաւոր հայ պանդուխտներու պատմութիւնն է: Թերեւս այս տողերուն մէջ պիտի գտնէք ձեր զաւակը, ձեր մայրը, ձեր ընտանիքը… կամ նոյնիսկ ձեր սեփական յիշողութիւնները:

Եթէ մինչեւ վերջ կարդաք, վստահ եմ, վերջին տողերուն հասնելուն ձեր սրտին մէջ բան մը պիտի մղկտայ… որովհետեւ երբեմն   բոյր մը,  համ մը կամ յիշատակ մը կրնայ աւելի զօրեղ ըլլալ, քան` հազարաւոր բառեր:

Այս պատմութիւնը կը պատմէ ոչ միայն տոլմայի բոյրին մասին, այլ` տուն դարձող հայու հոգիին մասին:

Հեռաւոր երկրի  մէջ ապրող  հայ երիտասարդ  մը կապ հաստատեց ինծի հետ: Կարդացած էր «Աւանդութեանց լուսամուտը» նորատիպ  գիրքս, զոր նուէր ստացած էր եւ այնպիսի ջերմ ու անկեղծ գնահատանքի խօսքեր արտայայտեց, որ կը զգայի, թէ հոգեհարազատ մարդու մը հետ կը զրուցէի, ոչ թէ` սովորական ընթերցողի մը:

Քանի մը վայրկեան ետք ան ըսաւ.

– Ճի՛շդ էք, տիկի՛ն Շաքէ… Հայկական խոհանոցը պարզապէս ուտեստներու հաւաքածոյ մը չէ: Ան մեր մշակոյթին, մեր պատմութեան, մեր ընտանեկան յիշողութեան եւ ազգային ինքնութեան անբաժանելի մասն է:

Ապա պատմեց դէպք մը, որուն իւրաքանչիւր բառը սիրտս  ճմլեց.

«Քսան տարիներէ ի վեր օտարութեան մէջ կ՛ապրիմ: Օր մը անծանօթ թաղամասէ մը կ՛անցնէի, երբ յանկարծ օդին մէջ տարածուեցաւ այնքան ծանօթ ու անուշ բոյր մը: Քայլերս ակամայ կանգ առին:

«Աստուա՜ծ իմ… մօրս եփած տոլմային հոտն էր:

 «Ակնթարթի մը մէջ մանկութիւնս վերադարձաւ: Դպրոցէն տուն դառնալս, դուռը բանալուս պահը, խոհանոցէն եկող տաքուկ բոյրը, մօրս ժպիտը, ընտանիքս սեղանի  շուրջ հաւաքուած… Ամէն ինչ կենդանացաւ աչքերուս առջեւ: Արդէն միայն քիթս չէր, որ կը զգար այդ բոյրը, այլ հոգիս կը շնչէր ծննդավայրս:

«Չեմ գիտեր` ի՛նչ անտեսանելի ուժ մը կը քաշէր զիս. հոտառ շան մը նման հետեւեցայ այդ անուշ բոյրին, մինչեւ որ փոքրիկ,  միայարկ տուներու շարքին գտայ այն դուռը, ուրկէ կը բարձրանար այդ ծանօթ բոյրը:

«Սիրտս ուժգին կը բաբախէր: Դուռը զարկի: Քանի մը վայրկեան անց միջին տարիքի կին մը բացաւ դուռը: Հայերէնով ողջունեցի.

«- Բարեւ ձեզ, տիկի՛ն:

«Ան ապշեցաւ, աչքերը լայնցուց ու զարմացած հարցուց.

«- _Ինչպէ՞ս գիտցար, որ հայ եմ:

«Ժպտիլ փորձեցի, բայց կոկորդս սեղմուած էր:

«- Ձեր եփած տոլման մատնեց ձեզ… Մայրս ալ այսպէս կը պատրաստէր,  քսան տարիներէ ի վեր այս բոյրին կարօտն էի…

«Տիկինը այլեւս չկրցաւ արցունքները զսպել: Ես ալ լուռ էի: Ան մեղմօրէն բռնեց ձեռքէս եւ ըսաւ.

«- Եկո՛ւր, տղաս… Այսօր զիս մայրդ կարծէ:

«Այդ օրը սեղանին շուրջ միայն տոլմա չկերանք: Կիսեցինք կարօտ, յիշողութիւններ, հայրենիք, մանկութիւն, կորուսեալ տարիներ… Կիսեցինք նաեւ այն լռութիւնը, զոր միայն օտարութեան ցաւը կրնայ հասկնալ:

«Այդ օրէն  ան ինծի համար հարազատ մայր մը դարձաւ, իսկ իր ընտանիքը` իմ ընտանիքս,  իր զաւակը դարձաւ իմ մտերիմ բարեկամս, եւ մեր կապը օր ըստ օրէ ամրապնդուեցաւ:

«Հետագային մեր զրոյցներուն գլխաւոր նիւթերը գրեթէ միշտ նոյնն էին` ընտանիքը, հայրենիքը, հայ ժողովուրդը, մեր լեզուն, մեր Եկեղեցին, մեր մշակոյթն ու դարաւոր աւանդութիւնները:

«Ան յաճախ կ՛ըսէր.

«- Մարդ իր արմատները միայն պատմութեամբ չի պահեր: Անոնք կը պահպանուին նաեւ այն բոյրերով, համերով ու սովորութիւններով, որոնք մանկութենէն ի վեր կը բնակին իր հոգիին մէջ»:

Երբ աւարտեց պատմութիւնը, երկար ատեն անկարող էի խօսելու: Արցունքներս չէի կրնար զսպել: Չեմ գիտեր` ուրախութեա՞ն արցունքներ էին, թէ՞ խոր յուզումի, բայց մէկ բան յստակ գիտէի. այդ երիտասարդը ինծի տուած էր այն մեծագոյն գնահատականը, զոր հեղինակ մը կրնայ ստանալ:

Այդ պահուն հասկցայ, որ «Աւանդութեանց լուսամուտը» արդէն սկսած էր կատարել իր առաքելութիւնը:

Այս գիրքը միայն էջերու հաւաքածոյ մը չէ: Ան լուսամուտ մըն է, ուրկէ կը մտնեն` մեր աւանդութիւնները, մօր մը եփած ճաշերուն բոյրը, ընտանեկան սեղանին ջերմութիւնը, մեծ մայրերու օրհնութիւնները, հայրենի հողին կարօտը, հայերէն խօսքը, եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջը եւ, ամէնէն առաջ, հայու հոգին:

Այդ երիտասարդին պատմութիւնը անգամ մը եւս համոզեց զիս, որ աւանդութիւնը չի բնակիր միայն թանգարաններուն մէջ, ոչ ալ` պատմութեան գիրքերուն էջերուն: Ան կ՛ապրի` մեր տուներուն մէջ, մեր օճախներուն մէջ, մեր մայրերուն ձեռքերուն մէջ, մեր խոհանոցներուն մէջ, մեր երգերուն եւ մեր աղօթքներուն մէջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ գիրքիս մէջ յատուկ տեղ յատկացուցի նաեւ հայկական աւանդական խոհանոցին, որովհետեւ ամէն ճաշատեսակի ետին պատմութիւն մը կայ, ամէն համի մէջ յիշատակ մը, ամէն բոյրի մէջ  ինքնութիւն մը:

Հայ մայրը միայն ճաշ չի պատրաստեր: Ան սէր կը մատուցէ, ընտանիքը կը համախմբէ, արժէքներ կը փոխանցէ եւ անխօս կերպով սերունդներ կը դաստիարակէ:

Երբ այդ երիտասարդին հետ զրոյցս աւարտեցաւ, մէկ հարց շարունակ կը հնչէր մտքիս մէջ.

Ի՞նչ ուժ ունի տոլմայի բոյրը, որ  երկար  տարիներու օտարութիւնը ակնթարթի մը մէջ կը ջնջէ:

Պատասխանը պարզ էր:

Ան միայն տոլմայի բոյրը չէր… Ան մօր գիրկն էր: Ան ընտանիքին սեղանն էր: Ան մանկութիւնն էր: Ան ծննդավայրն էր,  հայրենիքն էր: Ան ամբողջ ազգի մը յիշողութիւնն էր:

Այդ օրը, աւելի քան երբեք, համոզուեցայ, որ  այս գիրքը հայու սրտին մէջ վերստին արթնցուցած է իր արմատներուն սէրը, յիշեցուցած է իր մօր խոհանոցը, իր տան ջերմութիւնը եւ իր ազգային ինքնութիւնը, ապա ան արդէն իսկ կատարած է իր առաքելութիւնը:

Կան գիրքեր, որոնք կը կարդացուին եւ ժամանակի ընթացքին կը մոռցուին: Սակայն կան նաեւ գիրքեր, որոնք լուռ կերպով կը բնակին մարդու հոգիին մէջ եւ տարիներ շարունակ կը շարունակեն խօսիլ անոր հետ:

Իմ մեծագոյն ցանկութիւնս միշտ եղած է, որ «Աւանդութեանց լուսամուտը»  այդ գիրքերէն մէկը ըլլայ:

Արդարեւ, ժողովուրդ մը չի պահպանուիր միայն իր պատմութեամբ կամ սահմաններով: Ան կը պահպանուի նաեւ` իր մայրերուն ձեռքերուն մէջ, իր ընտանեկան սեղանին շուրջ, իր լեզուին, իր երգերուն, իր օրհնութիւններուն, իր հացին, իր տոլմային եւ իր դարաւոր աւանդութիւններուն մէջ:

Ծառի մը  արմատները  հողին խրուած անտեսանելի են, սակայն անոնք են, որ ծառը կանգուն կը պահեն: Նոյնպէս ալ ազգ մը կը մնայ ամուր եւ կենդանի, այնքան ատեն որ հաւատարիմ կը մնայ իր արմատներուն:

Իսկ այդ արմատներուն գեղեցկագոյն անունը ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ-ն  է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ