Իմ սիրելի Պուրճ Համուտը՝ 1920ականներու ճահիճներէն մինչեւ մանկութեանս յուշեր    

ՓԻԹԸՐ Պ. ՀԱՅԿ 

Մեր կեանքին մէջ կան վայրեր, որոնք կը յիշենք, եւ կան տեղեր, որոնք մաս կը դառնան մեր ինքնութեան։ Ինծի համար Պուրճ Համուտը պարզապէս թաղամաս մը չէ, ուր ծնած եւ ատենօք ապրած եմ։ Ան մաս կը կազմէ իմ ինքնութեանս, մանկութեանս եւ այն պատմութեան, որ կերտեցին լիբանանահայ սերունդներ։

Ծնած եմ 1960ականներուն եւ մանկութեանս մեծ մասը անցուցած եմ Պուրճ Համուտ։ Այդ տարիքին չէի ըմբռներ զիս շրջապատող պատմութիւնը։ Չէի գիտեր, որ այն փողոցները, ուր կը խաղայի, կառուցուած էին իմ ծնունդէս տասնամեակներ առաջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ Լիբանան հասած մարդոց կողմէ։ Չէի անդրադառնար, որ համեստ տուները, փոքր խանութները, դպրոցները, եկեղեցիները, արհեստանոցները, հացատուներն ու խճողուած փողոցները, որոնք լիովին միջակ ու սովորական կը թուէին ինծի, իրականութեան մէջ տոկունութեան, գոյատեւման եւ վերաշինութեան արտակարգ պատմութեան մը արդիւնքն էին։

Ինծի համար Պուրճ Համուտը պարզապէս տուն էր։ Այն տեղն էր, որ հասակ առի, ուր կը ճանչնայի փողոցները, մարդիկը, եւ ուր կեանքը կ՚եռար չորս կողմս։ Միայն շատ աւելի ուշ, երբ մեծցայ եւ սկսայ հասկնալ մեր ժողովուրդին պատմութիւնը, անդրադարձայ, որ բախտաւոր եղած էի ապրելու միջավայրի մը մէջ, որ երբեք չէր կրնար նոյն ձեւով կրկնուիլ։ Ես հասակ կ՚առնէի վայրի մը մէջ, ուր Սփիւրքի հայոց պատմութիւնը կը կերտուէր։

Սակայն, հասկնալու համար, թէ Պուրճ Համուտը ի՛նչ նշանակութիւն ունէր իմ սերունդիս համար, պէտք է երթանք մինչեւ սկիզբը։ Պէտք է վերադառնանք 1920ականներուն, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերը սկսան հասնիլ Լիբանան՝ կորսնցնելէ ետք իրենց տուները, ընտանիքները, համայնքը եւ գրեթէ ամէն ինչ, որ ատենօք ունէին։ Անոնք հասան ոչ թէ շքեղութիւն կամ առիթներ փնտռելու, այլ իբրեւ վերապրողներ, որոնք ապահով տեղ մը կը փնտռէին վերստին իրենց կեանքը սկսելու համար։

Եւ անոնք վերստին սկսան կերտել ու գոյատեւել։

Այն հողը, որ ի վերջոյ պիտի դառնար Պուրճ Համուտ, զարգացած քաղաքային կեդրոն մը չէր, որ կը սպասէր իրենց։ Անոր մեծ մասը ճահճուտ էր (wetland)։ Սակայն հոն հասնողները տեսան իրենց առջեւ ծառացած դժուարութիւններէն անդին։ Անոնք տեսան տուն մը, համայնք մը եւ ի վերջոյ իրենց զաւակներուն համար ապագայ մը կերտելու կարելիութիւնը։

Անոնք աշխատեցան ինչ որ գիտէին։ Տուներ կառուցեցին, փոքր գործեր բացին, եկեղեցիներ հաստատեցին, դպրոցներ հիմնեցին եւ կամաց-կամաց կերպարանափոխեցին իրենց շուրջի տարածքը։ Ինչ որ սկսաւ իբրեւ ապաստարան, աստիճանաբար դարձաւ ծաղկուն հայկական համայնք մը։

Ցեղասպանութենէն ետք, հայկական երեք գլխաւոր քաղաքական կուսակցութիւնները՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, օգնեցին Լիբանանի մէջ հիմնելու դպրոցներ, մշակութային հաստատութիւններ եւ մամուլի միջոցներ, միաժամանակ ապահովելով խորհրդարանական ներկայացուցչութիւն՝ յատկացուած աթոռներու միջոցով։ Անոնք կենսական դեր խաղացին ընկերային եւ կրթական ենթակառուցուածքը կազմակերպելու գործին մէջ, ներառեալ եկեղեցիներ, մարզական ակումբներ, բարեգործական կազմակերպութիւններ եւ թերթեր՝ արմատախիլ եղած գաղթականներուն համար կառուցելով շատ աւելին, քան պարզապէս ֆիզիքական թաղամասեր։

Տեղահանուած ժողովուրդի մը համար գոյատեւումը կը պահանջէր պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը, աւանդութիւնները, հաւատքն ու ինքնութիւնը՝ դպրոցները դարձնելով վճորոշ վայրեր, ուր երեխաները սերունդէ սերունդ սորվեցան իրենց արմատներն ու պատմութիւնը։ Եկեղեցիները համանման դեր կատարեցին՝ ծառայելով իբրեւ համայնքային կեդրոններ եւ խարիսխներ՝ տարագրութեան (exile) անորոշութիւններուն մէջ, ընտանիքները դանդաղօրէն վերածելով թաղամասերու եւ պսակուելով Պուրճ Համուտի աշխոյժ համայնքով։

1960ականներուն, այս հիմնարար կառոյցները արդէն ամբողջութեամբ հաստատուած էին նախորդ սերունդներու կողմէ՝ փոխանցելով տեւական հաստատութենական ժառանգութիւն մը, որ կերտուած էր ահռելի զոհողութիւններով։

Իմ յուշերս շատ տարբեր են այն պատմական նկարագրութիւններէն, որոնք կը կարդանք այսօր։ Երբ կը մտածեմ Պուրճ Համուտի մասին, նախ թուականներ կամ վիճակագրութիւններ (statistics) չեմ յիշեր։ Կը մտաբերեմ ձայները, բուրմունքը, դէմքերը, իրարանցումը, շէնքերն ու շարժումը, որոնք բոլորն ալ քանդակուած են յիշողութեանս պատերուն վրայ։ Կը յիշեմ թաղամաս մը, որ անդադար աշխոյժ էր։ Փողոցները կրնային խճողուած ու աղմկոտ ըլլալ, բայց ամէնուրէք եռանդ կար։ Մարդիկ կ՚աշխատէին, կը խօսէին, գնումներ կ՚ընէին, իրարու կը տեսնէին եւ իրենց զաւակները կը մեծցնէին։ Նեղ փողոցները լեցուն էին կեանքով, եւ պատերը կարծես կը պահէին սերունդներու ձայները։

Կը յիշեմ հայկական ուտելիքներու բուրմունքը, որոնք կու գային տուներէն ու խանութներէն։ Նոր թխուած լահմաճունի, ապուխտի (պաստրմայի), երշիկի (սուճուխի), պէօրէկի, տոլմայի եւ սարմայի, իսկ աւելի ուշ՝ լիբանանեան ֆուլի, քնէֆէի ու մանաիշի բոյրը կը տարածուէր փողոցներուն մէջ եւ մաս կը կազմէր առօրեայ կեանքի մթնոլորտին։ Ուտելիքը պարզապէս բան մը չէր, որ կ՚ուտէինք, այլ մաս էր մեր ինքնութեան ճանաչման։

Կը յիշեմ սուրճը, զրոյցները, խնդուքը եւ մարդոց իրարու ճանչնալու մտերմութիւնը։ Այն օրերուն, թաղը կրնար թուիլ գրեթէ մէկ մեծ ընտանիք։ Դուն կը ճանչնայիր շրջապատիդ մէջ բնակող ընտանիքները, անոնք ալ կը ճանչնային քուկդ։ Երեխաները միասին կը մեծնային, իսկ մեծերը յաճախ այնքան բնականօրէն կը հսկէին իրարու զաւակներուն վրայ, որքան իրենց սեփականին։ Մենք չունէինք այն արհեստագիտութիւնը (technology), որ այսօր կը սահմանէ յարաբերութիւնները։ Պէտք ալ չունէինք։ Թաղը ինքնին կը կապէր մեզ։

Իբրեւ երեխայ, երբեք կանգ չառի մտածելու, թէ Պուրճ Համուտը հարուստ թէ աղքատ կը համարուէր։ Անիկա պարզապէս իմ ճանչցած աշխարհս էր։ Զայն չէի համեմատեր ուրիշ երկիրներու, հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող թաղամասերու հետ, այլ միայն երէկուան հետ։

Եւ թերեւս ատոր համար է, որ այսօր դժուարութիւն կ՛ունենամ ընդունելու, երբ կը լսեմ մարդիկ, որոնք Պուրճ Համուտի մասին կը խօսին միայն ժխտական երանգներով։

Այո՛, խճողուած էր։ Այո՛, շատ մը ընտանիքներ համեստօրէն կ՛ապրէին։ Այո՛, կեանքը կրնար դժուար ըլլալ։ Բայց նեղութիւնները ամբողջ պատմութիւնը չեն պատմեր։ Եթէ նայինք միայն անոր, թէ Պուրճ Համուտը ինչէ՛ զուրկ էր, պիտի մոռցած ըլլանք, թէ անոր ժողովուրդը ինչեր՛ իրագործեց։

Հոն ապրող մարդիկ դարձան արհեստաւորներ, առեւտրականներ, ձեռներէցներ (entrepreneurs), կրթական մշակներ, երաժիշտներ, արուեստագէտներ, գիտնականներ եւ մասնագէտներ։ Անոնք զարգացուցին գործեր ու արհեստներ, որոնք կարեւոր դարձան ոչ միայն հայ համայնքին, այլեւ ամբողջ Լիբանանի համար։ Վարպետ ոսկերիչներ մշակեցին արտակարգ հմտութիւններ (skills) եւ իրենց նպաստը բերին Պէյրութի հռչակաւոր ոսկերչական շուկաներուն։ Դերձակներ, հագուստեղէն արտադրողներ, կօշկակարներ եւ կաշեգործներ հաստատեցին ծաղկուն գործեր։ Ժամագործներ, ելեկտրագէտներ, ջրմուղագործներ (plumbers), մեքենագէտներ եւ այլ արհեստաւորներ զարգացուցին մասնագիտական գիտելիքներ եւ արտադրեցին սարքաւորումներ ու մեքենական մասեր, որոնք նպաստեցին շինարարութեան եւ առեւտուրին։

Ասոնք պարզապէս գործեր չէին։ Շատ մը ընտանիքներու համար այս արհեստները իրենց ինքնաբաւութեան եւ նիւթական անկախութեան հիմքն էին։ Արհեստաւոր մը կրնար սորվիլ հմտութիւն մը եւ զայն փոխանցել իր զաւկին։ Փոքր խանութ մը կրնար դառնալ ընտանեկան հաստատութիւն։ Երիտասարդ մը կրնար արհեստ սորվիլ եւ կերտել ապագայ մը, որ անոր ծնողքը ատենին չէր ալ կրնար երեւակայել։

Ոսկիի, կաշիի, կտորի, մետաղի, փայտի եւ մեքենաներու վրայ աշխատող ձեռքերը կ՛օգնէին կառուցելու աւելին, քան պարզապէս անհատական ապրուստ։ Անոնք կ՚օգնէին կերտելու Լիբանանը։

Եւ Պուրճ Համուտի նպաստը Լիբանանին չէր սահմանափակուեր տնտեսութեամբ։ Անոր ժողովուրդը իր նպաստը բերաւ նաեւ երկրի մշակութային կեանքին։ Երաժշտութիւնը, թատրոնը, դասական կատարումները, երգչախումբերը, էսթրատային եւ տարբեր ժանրի երաժշտութիւնները դարձան այս համայնքէն ծնունդ առած հարուստ գեղարուեստական միջավայրի մէկ մասը։ Թաղը լեցուն էր ոչ միայն աշխատիլ գիտցող անձերով, այլեւ ստեղծագործել գիտցող մարդոցմով։

Աշխատանքի եւ ստեղծագործութեան այդ համադրութիւնը կարեւոր բան մը կը կ՛ըսէ Պուրճ Համուտը կերտող մարդոց մասին։ Անոնք չէին ուզեր պարզապէս գոյատեւել։ Անոնք կ՚ուզէին, որ իրենց զաւակները ապրին, սորվին, ստեղծագործեն ու երազեն։

Եւ այդ երազներէն ոմանք հասան Պուրճ Համուտի փողոցներէն շատ անդին։ Ամենաուշագրաւ օրինակներէն մէկը Հայկազեան քոլէճի Հրթիռային ընկերակցութեան պատմութիւնն էր, որ ետքը կապուեցաւ Լիբանանեան հրթիռային ընկերակցութեան հետ։ 1960 Նոյեմբերին, բնագիտութեան (Physics) եւ թուաբանութեան դասախօս Մանուկ Մանուկեան եւ հայ ու լիբանանցի ուսանողներու խումբ մը հիմնեցին Հայկազեան քոլէճի Հրթիրային ընկերակցութիւնը։ Անոնք ծրագրեցին, կառուցեցին եւ արձակեցին պինդ վառելանիւթով հրթիռներ, ներառեալ «Մայրի» (Cedars) հրթիռաշարքը, հասնելով մթնոլորտին վերին շերտերը եւ գրաւելով ազգային ու միջազգային ուշադրութիւն։

Մտածեցէ՛ք այդ իրագործման խորհրդանիշին մասին։ Լիբանան իբրեւ գաղթական հասած մարդոց թոռները հիմա դէպի երկինք կը հասնէին։ Այն նոյն համայնքը, որ ատենով պայքարած էր ճահիճներու վրայ հաստատուելու համար, հիմա կը պատրաստէր գիտութեամբ եւ արհեստագիտութեամբ հետաքրքրուած երիտասարդներ։ Ճանապարհորդութիւնը արտակարգ էր։ Գոյատեւումէն դէպի ուսում։ Ուսումէն դէպի գիտական հետաքրքրութիւն։ Գիտական հետաքրքրութենէն դէպի հրթիռներ։ Պուրճ Համուտի ճահիճներէն դէպի Լիբանանի երկինքը։

Դժբախտաբար, հրթիռային ծրագիրը ի վերջոյ դադրեցաւ 1960ականներու տասնամեակի տագնապներուն, աշխարհաքաղաքական ճնշումներու եւ շրջանային լարուածութեան պատճառով։ Բայց անոր նշանակութիւնը չանհետացաւ։ Անիկա ցոյց տուաւ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ համայնք մը մերժէ թոյլ տալ, որ դժուարութիւնները սահմանափակեն իր երեւակայութիւնը։ Անոնք իրենց հետ բերին ու փաստեցին իրենց տոկունութիւնը։

Ահա թէ ինչու կը հաւատամ, որ Պուրճ Համուտը պէտք չէ յիշուի միայն իբրեւ հայկական թաղամաս մը Լիբանանի մէջ։ Ան պէտք է նաեւ յիշուի իբրեւ հայկական Սփիւռքի վերաշինութեան մեծագոյն պատմութիւններէն մէկը։

Բայց կարեւոր է ըսել նաեւ ուրիշ բան մը։ Պուրճ Համուտը նաեւ Լիբանանի պատմութեան մէկ մասն է։ Հոն իրենց կեանքը կերտած հայերը Լիբանանէն դուրս չապրեցան։ Անոնք դարձան Լիբանանի մէկ մասը։ Անոնք աշխատեցան Լիբանանի մէջ, գործեր հիմնեցին Լիբանանի մէջ, կրթեցին իրենց զաւակները Լիբանանի մէջ, նպաստեցին անոր տնտեսութեան, մասնակցեցան անոր մշակութային կեանքին եւ կիսեցին երկրին դժուար պահերը, ինչպէս նաեւ ուրախ օրերը։ Իրենց պատմութիւնն ու Լիբանանի պատմութիւնը հիւսուեցան իրարու։

Ահա թէ ինչու կ՚ուզեմ, որ հայերն ու լիբանանցիները հաւասարապէս հասկնան Պուրճ Համուտը՝ կաղապարուած գաղափարներէն (stereotypes) անդին։

Մի՛ նայիք միայն շէնքերուն։ Նայեցէ՛ք զանոնք կառուցող մարդոց։

Մի՛ նայիք միայն նեղ փողոցներուն։ Մտածեցէ՛ք հոնկէ քալող սերունդներուն մասին։

Մի՛ նայիք միայն համեստ արհեստանոցներուն։ Մտածեցէ՛ք անոնցմէ ծնունդ առած հմտութիւններուն եւ երազներուն մասին։

Մի՛ նայիք միայն անոր, թէ Պուրճ Համուտը ինչ բանէ զուրկ է։ Նայեցէ՛ք, թէ ի՛նչ ստեղծեց ան։

Եւ թերեւս ամենակարեւորը, մի՛ նայիք անոր պարզապէս իբրեւ տեղ մը, ուր հայերը եկան իրենց հայրենիքը կորսնցնելէ ետք։ Նայեցէ՛ք անոր իբրեւ վայր մը, ուր հայերը փաստեցին, որ հայրենիք կորսնցնելը չի նշանակեր կորսնցնել տուն եւ ազգ կերտելու կարողութիւնը։

Ասիկա է էական տարբերութիւնը։

1920ականներուն հասած վերապրողները չէին կրնար գիտնալ, թէ Պուրճ Համուտը ի՛նչ պիտի դառնար։ Անոնք չէին կրնար գիտնալ, որ իրենց զաւակները յաջող գործեր պիտի հիմնէին, որ իրենց թոռները մասնագէտներ պիտի դառնային ամբողջ աշխարհի տարածքին, կամ որ երիտասարդ ուսանողներ օր մը հրթիռներ պիտի արձակէին Լիբանանէն։ Անոնք միայն գիտէին, որ պէտք էր վերստին սկսէին։ Եւ անոնք իրագործեցին իրենց երազը։ Ատիկա իրենց նուէրն է մեզի։ Եւ հիմա մեր պատասխանատուութիւնն է յիշել ու գնահատել։

Ահա թէ ինչու կը գրեմ այս տողերը։ Ես չեմ փորձեր Պուրճ Համուտի ակադեմական պատմութիւնը գրել։ Կան պատմաբաններ, հետազօտողներ (researchers) եւ հաստատութիւններ, որոնք աւելի լաւ պատրաստուած են ամէն թուական, անուն եւ դէպք արձանագրելու համար։

Ես կը փորձեմ պահպանել ուրիշ բան մը։ Ես կը փորձեմ պահպանել զգացումը։ 1960ականներուն հոն մեծցած երեխայի մը զգացումը։ Այդ փողոցները քալելու զգացումը՝ առանց գիտնալու, որ օր մը անոնք յուշեր պիտի դառնային։

Շրջապատուած ըլլալու զգացումը այնպիսի մարդոցմով, որոնց ծնողները վերապրած էին աներեւակայելի պայմաններէ։ Շուրջդ բնականօրէն հայերէն լսելու զգացումը։ Դրացիներդ ճանչնալու զգացումը։ Այնպիսի համով ուտելիքներ ուտելու զգացումը, որոնց բաղադրատոմսերը (recipe) փոխանցուած էին սերունդէ սերունդ։ Քեզմէ աւելի մեծ բանի մը մաս կազմելու զգացումը։

Եւ թերեւս ատոր համար է, որ այս գրութիւնը կը կոչեմ «Իմ Սիրելի Պուրճ Համուտը»։ Որովհետեւ ասիկա պարզապէս վայրի մը պատմութիւնը չէ։ Ասիկա սիրոյ նամակ մըն է նուիրուած վայրի մը։ Ասիկա շնորհակալութիւն մըն է զայն կառուցող մարդոց։ Ասիկա յիշատակում մըն է հոն ապրած մարդոց։ Ասիկա երախտագիտութիւն մըն է այն զոհողութիւններուն, որոնք կարելի դարձուցին մեր մանկութիւնը։

Եւ ասիկա պատգամ մըն է անոնց, որոնք պիտի գան մեզմէ ետք։

Իմ լիբանանահայ քոյրերուս եւ եղբայրներուս կ՛ըսեմ. երբեք մի՛ ամչնաք ձեր սկզբնաւորութենէն։

Աշխարհասփիւռ հայութեան կ՛ըսեմ. յիշեցէ՛ք, որ մեր պատմութիւնը կը ներառէ Պուրճ Համուտի նման տեղեր, ուր տեղահանուած ժողովուրդ մը վերակերտեց ինքզինքը եւ ստեղծեց ծաղկուն համայնք մը։ Մեր ոչ հայ լիբանանցի քոյրերուն եւ եղբայրներուն կ՚ըսեմ. հասկցէ՛ք, որ Պուրճ Համուտը առանձին պատմութիւն մը չէ Լիբանանի պատմութեան կողքին։ Անիկա հիւսուած է ու մաս կազմած անոր պատմութեան։

Եւ երիտասարդ սերունդին կ՛ըսեմ. դուք կրնաք ապրիլ այնպիսի տեղեր, որոնք ձեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը երբեք չէին կրնար երեւակայել, եւ կրնաք հասնիլ այնպիսի բարձունքներու, որոնց անոնց համար անկարելի պիտի թուէին։ Դուք հպարտ ըլլալով հանդերձ, երբեք պէտք չէ թոյլ տաք, որ ձեր յաջողութիւնը ձեզ ամչցնէ այն փողոցներէն, որոնցմէ սերած է ձեր ընտանիքը։

Այդ փողոցները կրնային խճողուած ըլլալ։ Անոնք կրնային դժուար ըլլալ։ Անոնք կրնային տպաւորիչ չթուիլ։ Բայց անոնք հիմքն էին։ Ձեր յաջողութիւնը չսկսաւ այն ատեն, երբ հասաք Ամերիկա, Գանատա կամ Եւրոպա։ Ան չսկսաւ, երբ ստացաք ձեր վկայականը։ Ան սկսաւ շատ աւելի առաջ։ Ան սկսաւ վերապրողով մը, աշխատողով մը, զոհողութիւն ընողով մը, որ կը հաւատար, թէ իր զաւակները կրնային աւելի լաւ կեանք ունենալ։ Եւ մեզմէ շատերուն համար այդ ճանապարհը սկսաւ Պուրճ Համուտէն։

Երբ այսօր աչքերս փակեմ, կրնամ երեւակայել մանկութեանս այդ թաղամասը։ Կրնամ տեսնել փողոցները։ Կրնամ լսել ձայները։ Կրնամ երեւակայել բուրմունքը ուտելիքներուն։ Կրնամ պատկերացնել խանութներն ու արհեստանոցները։ Կրնամ վերյիշել մարդիկը։ Եւ պահ մը, տարիները կ՚անհետանան։

Այժմ տասնամեակներ ետք յետ չեմ նայիր։ Ես դարձեալ այդ երեխան եմ։ Երեխայ մը, որ չէր գիտեր, թէ իր ապրած աշխարհը օր մը թանկագին պիտի դառնայ։ Երեխայ մը, որ չի գիտեր, թէ իր շուրջի մարդոցմէ ոմանք ի վերջոյ պիտի անհետանան։ Երեխայ մը, որ չի գիտեր, թէ թաղը պիտի փոխուի։ Երեխայ մը, որ չի գիտեր, թէ օր մը ովկիանոսներ պիտի կտրէ եւ ուրիշ կեանք մը պիտի կերտէ։ Ան միայն մէկ բան գիտէ։ Պուրճ Համուտը իր մանկութեան տունն է։

Եւ թերեւս ատիկա ամենամեծ նուէրն է, որ Պուրճ Համուտը տուաւ ինծի։ Ան սկիզբ մը տուաւ կեանքիս, լեցուն յուշերով, որոնք ժամանակը չի կրնար ջնջել։ Ան ինծի տուաւ կապ մը այնպիսի սերունդի մը հետ, որ երբեք ամբողջութեամբ չճանչցայ, բայց որուն զոհողութիւնները կերտեցին իմ կեանքս։ Ան ինծի սորվեցուց, առանց իմ անդրադառնալուս, որ մարդիկ կրնան կորսնցնել գրեթէ ամէն ինչ եւ դարձեալ վերաշինել, թէ համայնքները կրնան ծնիլ ողբերգութենէ, թէ արժանապատուութիւնը կրնայ գոյատեւել աղքատութեան կողքին եւ թէ կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը կրնայ զարգանալ նեղութիւններէն։ Թէ ստեղծագործութիւնը կրնայ ծաղկիլ խճողուած փողոցներուն ընդմէջէն, թէ երազները կրնան հասնիլ այն պայմաններէն շատ անդին, որոնց մէջ անոնք սկիզբ առած էին։ Եւ թէ վայր մը պէտք չէ ըլլայ հարուստ կամ գեղեցիկ՝ սովորական չափանիշներով, ըլլալու համար խորապէս գեղեցիկ այն մարդոց համար, որոնք զայն տուն կը կոչեն։

Ուստի, երբ այսօր կը մտածեմ Պուրճ Համուտի մասին, չեմ մտածեր պարզապէս անցեալին մասին։ Կը մտածեմ ժառանգութեան մը մասին, որ 1920ականներուն հասած եւ վերստին սկիզբ տուած են իրենց կեանքին։ Կը մտածեմ այն սերունդներուն մասին, որոնք ճահիճը վերածեցին համայնքի։ Կը մտածեմ իրենց զաւակներուն համար զոհողութիւն ըրած ծնողներուն մասին։ Կը մտածեմ այն արհեստաւորներուն մասին, որոնց ձեռքերը կ՚օգնէին կերտելու Լիբանանը։ Կը մտածեմ մեր լեզուն պաշտպանած ուսուցիչներուն մասին։ Կը մտածեմ երաժիշտներուն եւ արուեստագէտներուն մասին, որոնք ձայն տուին համայնքին։ Կը մտածեմ այն ուսանողներուն մասին, որոնք համարձակեցան դէպի աստղերը հասնիլ։ Եւ կը մտածեմ իմ սերունդիս երեխաներուն մասին, որոնք պարզապէս ապրեցան իրենց կեանքը՝ առանց անդրադառնալու, որ օր մը յետադարձ ակնարկով մը պիտի հասկնային, թէ որքա՛ն արտակարգ էր մեր մանկութեան տունը։

Ասիկա է այն Պուրճ Համուտը, որ կ՚ուզեմ յիշել։ Ո՛չ կատարեալ Պուրճ Համուտ մը։ Ո՛չ վիպականացուած (romanticized) Պուրճ Համուտ մը։ Այլ իսկական Պուրճ Համուտը։ Ողբերգութենէ ծնած, բայց կեանքով լեցուն վայր մը։ Վայր մը, որ պայքարեցաւ, բայց երբեք անձնատուր չեղաւ (surrendered):

Վայր մը, որ համեստ էր նիւթական հարստութեամբ, բայց հարուստ՝ մարդկային ոգիով։

Վայր մը, ուր վերապրողները դարձան շինարարներ։ Վայր մը, ուր գաղթականները դարձան քաղաքացիներ։ Վայր մը, ուր երեխաները դարձան երազողներ։ Վայր մը, որ օգնեց կերտելու Լիբանանը՝ միաժամանակ պահպանելով հայկական ինքնութիւնը, որ կործանման սպառնալիքի տակ կը գտնուէր։ Եւ վայր մը, որ 1960ականներուն ծնած փոքր տղու մը համար դարձաւ տուն։ Այդ տղան մեծցաւ։ Ան հեռացաւ։ Ան ճամբորդեց։ Ան ապրեցաւ։ Ան ճանչցաւ աշխարհը։ Բայց երբեք ամբողջութեամբ չմոռցաւ Պուրճ Համուտը։ Այլ Պուրճ. Համուտը մնաց իր սրտին մէջ։

Եւ որքան ալ ովկիանոսներ կտրենք, քանի՜ լեզուներ սորվինք, վկայականներ ստանանք, որքա՜ ն ալ յաջողինք կամ որքան ալ հեռու տանի մեզ կեանքը, կը մնայ փոքրիկ մասնիկ մը այն վայրէն, որ մեծցուց մեզ։ Ինծի համար այդ վայրը միշտ պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտը։ Իմ սիրելի Պուրճ Համուտը։

Ուստի, այս բառերը կը ձօնեմ իբրեւ փոքր նուէր մը մեզմէ առաջ հաստատուած վերապրողներուն։ Նուէր մը՝ ծնողներուն ու մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն, որոնք կառուցեցին այն, ինչ որ ժառանգեցինք։ Նուէր մը՝ բոլոր անոնց, որոնք կը յիշեն այդ փողոցները։ Նուէր մը՝ անոնց, որոնք հեռացան, բայց տակաւին զանոնք կը կրեն իրենց սրտերուն մէջ։ Յատկապէս նուէր մը՝ հոն մնացող երիտասարդներուն, որոնք թերեւս երբեք պիտի չճանչնան մեր ճանչցած Պուրճ Համուտը։

Յոյսով եմ, որ անոնք պիտի կարդան այս միտքերը եւ հասկնան, թէ իրենց պատմութիւնը չսկսաւ իրենց իրագործումներով։ Անիկա սկսաւ ուրիշին քաջութեամբ։ Անիկա սկսաւ մարդոցմով, որոնք գրեթէ ոչինչ ունէին, բայց դարձեալ գտան ուժը՝ բան մը կառուցելու համար։ Անիկա սկսաւ 1920ականներուն ու աճեցաւ տասնամեակներու ընթացքին ու հասաւ մեր մանկութեան՝ 1960ականներուն ծնածներուն։ Եւ անիկա կը շարունակուի ամէն մէկ սերունդի հետ, որ այդ ժառանգութիւնը առաջ կը տանի։

Ահա թէ ինչու պէտք է յիշենք զայն ու խօսինք անոր մասին։ Ահա թէ ինչու պէտք է սորվեցնենք մեր զաւակներուն անոր մասին, թէ նոյնիսկ այսքան տարիներ էտք, տակաւին կրնամ ըսել նոյն ջերմութեամբ, որ կը զգայի իբրեւ երեխայ։

Իմ սիրելի Պուրճ Համուտ։ Դուն կատարեալ չէիր։ Դուն հարուստ չէիր։ Դուն միշտ դիւրին չէիր։ Բայց դուն մերն էիր։ Դուն մեծցուցիր մեզ։ Դուն տուիր մեր յուշերը։ Դուն տուիր մեր տոկունութիւնը։ Եւ դուն տուիր մեզի տեղ մը, զայն տուն կոչելու համար։

Սիրելի՛ լիբանանահայ,

Որքան ալ բարձրանաս ու յաջողութիւններ արձանագրես, խորին երախտագիտութեամբ կը մաղթեմ, որ սրտիդ մէջ միշտ վառ պահես այն օրհնեալ հողը, ուր մեր սփիւրքահայու պատմութիւնը սկիզբ առաւ։

Որքան ալ հեռու տանի քեզ կեանքը Պուրճ Համուտէն, թող սիրտդ երբեք չհեռանայ այն ջերմ սէրէն, որ կ՚ապրի անոր յոգնած, բայց հարազատ փողոցներու հոգիին մէջ։

Եկո՛ւր երախտապարտ սրտով միասին թոյլ չտանք, որ աշխարհը մոռնայ այն հերոսական կերտումն ու հայապահպանման սուրբ գործը, որ կատարուեցաւ հոն։ Որովհետեւ Պուրճ Համուտը միայն անցեալի յիշատակ մը չէ․ անիկա մեր էութեան խորքն է, մեր հոգիին անբաժան մասնիկը, եւ յաւերժական յիշեցում մը՝ որ մեզ իրար կը շաղկապէ ու կը կերտէ մեր ինքնութիւնը։

Այս յօդուածը սրտաբուխ երախտագիտութեան տուրք մըն է իմ ընտանիքիս, ազգականներուս, ազգակիցներուս, բարեկամներուս եւ լիբանանեան լայն համայնքին՝ թէ՛ հայ եւ թէ՛ ոչ հայ։ Խորին անկեղծութեամբ գրուած, անիկա կ՚արտացոլէ սրտէ բխող անձնական պատգամ մը։ Իբրեւ յատուկ նուէր, այս գրութիւնը կը նուիրեմ յատկապէս իմ պուրճ համուտցի հայրենակիցներուս՝ տօնելով մեր մէկտեղուած արմատները, աշխույժ պատմութիւնն ու տոկուն ոգին, որոնք յաւերժ մօտ կը մնան սրտիս։ Խորին գնահատանքով, ասիկա անկեղծ շնորհակալութիւն մըն է բոլոր անոնց, որոնք իրենց ձեռքերն ու սիրտերը նուիրեցին մեր սիրելի Պուրճ Համուտը կառուցելու եւ կերտելու գործին:

Օգոստոս 18, 2026
Լոս Անճելըս

https://asbarez.am/archives/508090

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ