Նաւասարդեան խաղերու փակումը կատարուեցաւ

Գնա­լը Կղզիի մէջ, 23 օգոս­տոս 2026, կի­րակի երե­կոյեան իր աւար­տին հա­սան Նա­ւասար­դեան Խա­ղերը, որ հոծ թի­ւով մաս­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ վե­րածո­ւեցաւ ան­նա­խըն­թաց տօ­նակա­տարու­թեան։

Գնա­լը Կղզիի մէջ, 23 Օգոս­տոս 2026, Կի­րակի երե­կոյեան իր աւար­տին հա­սան Նա­ւասար­դեան Խա­ղերը, որ հոծ թի­ւով մաս­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ վե­րածո­ւեցաւ ան­նա­խըն­թաց տօ­նակա­տարու­թեան։ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր հրա­մանաւ ու օրհնու­թեամբ, ինչպէս նաեւ Երի­տասար­դութեան եւ Մարմնա­մար­զութեան Նա­խարա­րու­թեան գլխա­ւոր օժան­դա­կու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած խա­ղերու փակ­ման հան­դի­սու­թիւնը միաւո­րեց կղզե­ցի հոծ թի­ւով ժո­ղովուրդը։

Բաց­ման արա­րողու­թիւնը պա­տուեց Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը, իր հետն ու­նե­նալով Իշ­խա­նաց Կղզեաց Քա­րոզիչ եւ Հո­գեւոր Հո­վիւ Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեանը։ Մաս­նակցե­ցան Իս­թանպու­լի Երես­փո­խան Իրա­ւաբան Սէր­քան Պայ­րամ, Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հի Մշա­կու­թա­յին խորհրդա­կան­նե­րէն Արամ Քու­րան, Փրօֆ. Տթք. Էմ­րէ Պուչքի­նի նա­խագա­հած Լո­ղավա­զանի Վար­չութեան ան­դամնե­րը, Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց Թա­ղային Խոր­հուրդի Բ. Ատե­նապետ Խա­չիկ Ճա­նէլ, Կղզեաց Թա­ղային Խոր­հուրդի Ատե­նապետ Լե­ւոն Շա­տեան, Կիւ­միւշեան հիմ­նարկի Ատե­նապետ Ար­թուն Սրկ. Թէ­քիրօղ­լու, ինչպէս նաեւ Թաք­սիմ Մարմնա­մար­զա­կան Միու­թե­նէ եւ Շիշ­լիի Մարմնա­մար­զա­կան Միու­թե­նէ ներ­կա­յացու­ցիչներ, Կղզեաց Քա­ղաքա­պետա­րանէն Թա­նայ Կա­րիփ եւ Կղզիի Թա­ղապետ Էր­տալ Այ­տըն։ Նաւա­սար­դեան Խա­ղերու հե­տեւե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նէն քա­ղաքս ժա­մանած էին նաեւ «Հ1» հե­ռուստա­կայա­նէ պա­տաս­խա­նատու­ներ։

Հան­դի­սավար­ներն էին Քա­րօլին Մա­միկո­նեան եւ Պար­գեւ Սա­մուէ­լեան, որոնք բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­ցին ներ­կա­ներուն։ Հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին Նա­ւասար­դեանի հայ­կա­կան աւան­դութեան ան­ցեալի մա­սին խօ­սեցաւ Լե­ւոն Պա­ղըշ, ընդգծե­լով խա­ղերուն պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին նշա­նակու­թիւնը հայ ժո­ղովուրդի, նաեւ պոլ­սա­հայ հա­մայնքի կեան­քին մէջ։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին մե­տայլներ եւ բա­ժակ­ներ յանձնո­ւեցան այն մար­զիկնե­րուն, որոնք յա­ջողու­թիւն ար­ձա­նագ­րած էին մրցումնե­րու մէջ։ Հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին սրտի խօսք ար­տա­սանեց նաեւ երես­փո­խան Սեր­քան Պայ­րամ եւ շեշ­տեց, որ Նա­ւասար­դեան խա­ղերը միայն մար­զա­կան կազ­մա­կեր­պութիւն մը չեն, այ­լեւ կա­րեւոր դեր ու­նին մշա­կու­թա­յին աւան­դութիւննե­րը պահ­պա­նելու եւ զա­նոնք նոր սե­րունդնե­րուն փո­խան­ցե­լու գոր­ծին մէջ։ Պայ­րան նաեւ բա­րեմաղ­թութիւններ ըրաւ, Թուրքիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի բա­րեկա­մական կա­պերուն ամ­րացման հա­մար։

Փակ­ման արա­րողու­թեան ըն­թացքին Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը դի­մեց երի­տասարդնե­րուն՝ շեշ­տե­լով, որ մար­զանքը միայն ֆի­զիքա­կան պայ­քար չէ։ «Ձեր մրցա­կիցը ձեզ մեծ­ցուց։ Ձեր մրցա­կիցը ձեր ու­սուցի­չը եղաւ։ Ձեր մրցա­կիցին հետ միասին դուք ձեր ան­ձը ճանչցաք», ըսաւ Պատ­րիարք Հայ­րը։ Խօս­քե­րու աւար­տին, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը շնոր­հա­ւորեց նաեւ խա­ղերու կազ­մա­կեր­պիչներ Յա­րու­թիւն Քու­րանն ու Ռաֆ­ֆի Քալ­քը՝ իրենց ներդրու­մին հա­մար, ապա շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Երի­տասար­դութեան եւ Մար­զանքի նա­խարա­րու­թեան եւ նա­խարար Օս­ման Աշ­քըն Պա­քին՝ իր ցու­ցա­բերած աջակ­ցութեան հա­մար։ Պատ­րիարք Հայ­րը անդրա­դար­ձաւ խա­ղերու նկա­րահան­ման եւ «Լոյս ԹՎ» հե­ռուստաըն­կե­րու­թեան մի­ջոցաւ սփռումնե­րու աշ­խա­տան­քին՝ նշե­լով, որ այս հա­ղոր­դումնե­րը նպաս­տե­ցին Նա­ւասար­դեան խա­ղերու աւե­լի լայն հան­րա­ճանաչ­ման՝ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ հա­յաշ­խարհի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Պատ­րիարք Հայ­րը մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց նաեւ Գնա­լը Կղզիի Լո­ղավա­զանի Վար­չութեան նա­խագահ Փրօֆ. տքթ. Էմ­րէ Պուրչքի­նին եւ վար­չութեան ան­դամնե­րուն։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը յու­շապնակ մը յանձնեց նաեւ Լո­ղավա­զանի Վար­չութեան ատե­նապետ Փրօֆ. Տթք. Էմ­րէ Պուչքի­նին։

Երե­կոյի վեր­ջին բաժ­նին բեմ բարձրա­ցաւ Տի­ճէյ­ներ Արէմ եւ Ար­ման։ Երաժշտու­թեան ու­ղեկցու­թեամբ երի­տասարդնե­րը եր­կար ժա­մանակ ու­րա­խացան, եւ փակ­ման գի­շերը վե­րածո­ւեցաւ խան­դա­վառ տօ­նախմբութեան։

https://www.agos.com.tr/am/news/nawasartyan-khaghyrvw-pagvwmi-gadarvwytsaw-41648

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ