Գնալը Կղզիի մէջ, 23 օգոստոս 2026, կիրակի երեկոյեան իր աւարտին հասան Նաւասարդեան Խաղերը, որ հոծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ վերածուեցաւ աննախընթաց տօնակատարութեան։
Գնալը Կղզիի մէջ, 23 Օգոստոս 2026, Կիրակի երեկոյեան իր աւարտին հասան Նաւասարդեան Խաղերը, որ հոծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ վերածուեցաւ աննախընթաց տօնակատարութեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան գլխաւոր օժանդակութեամբ կազմակերպուած խաղերու փակման հանդիսութիւնը միաւորեց կղզեցի հոծ թիւով ժողովուրդը։
Բացման արարողութիւնը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր հետն ունենալով Իշխանաց Կղզեաց Քարոզիչ եւ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Մասնակցեցան Իսթանպուլի Երեսփոխան Իրաւաբան Սէրքան Պայրամ, Հանրապետութեան Նախագահի Մշակութային խորհրդականներէն Արամ Քուրան, Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքինի նախագահած Լողավազանի Վարչութեան անդամները, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Բ. Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ, Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Լեւոն Շատեան, Կիւմիւշեան հիմնարկի Ատենապետ Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, ինչպէս նաեւ Թաքսիմ Մարմնամարզական Միութենէ եւ Շիշլիի Մարմնամարզական Միութենէ ներկայացուցիչներ, Կղզեաց Քաղաքապետարանէն Թանայ Կարիփ եւ Կղզիի Թաղապետ Էրտալ Այտըն։ Նաւասարդեան Խաղերու հետեւելու համար Հայաստանէն քաղաքս ժամանած էին նաեւ «Հ1» հեռուստակայանէ պատասխանատուներ։
Հանդիսավարներն էին Քարօլին Մամիկոնեան եւ Պարգեւ Սամուէլեան, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն։ Հանդիսութեան ընթացքին Նաւասարդեանի հայկական աւանդութեան անցեալի մասին խօսեցաւ Լեւոն Պաղըշ, ընդգծելով խաղերուն պատմական եւ մշակութային նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի, նաեւ պոլսահայ համայնքի կեանքին մէջ։
Հանդիսութեան ընթացքին մետայլներ եւ բաժակներ յանձնուեցան այն մարզիկներուն, որոնք յաջողութիւն արձանագրած էին մրցումներու մէջ։ Հանդիսութեան ընթացքին սրտի խօսք արտասանեց նաեւ երեսփոխան Սերքան Պայրամ եւ շեշտեց, որ Նաւասարդեան խաղերը միայն մարզական կազմակերպութիւն մը չեն, այլեւ կարեւոր դեր ունին մշակութային աւանդութիւնները պահպանելու եւ զանոնք նոր սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ։ Պայրան նաեւ բարեմաղթութիւններ ըրաւ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի բարեկամական կապերուն ամրացման համար։
Փակման արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիմեց երիտասարդներուն՝ շեշտելով, որ մարզանքը միայն ֆիզիքական պայքար չէ։ «Ձեր մրցակիցը ձեզ մեծցուց։ Ձեր մրցակիցը ձեր ուսուցիչը եղաւ։ Ձեր մրցակիցին հետ միասին դուք ձեր անձը ճանչցաք», ըսաւ Պատրիարք Հայրը։ Խօսքերու աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նաեւ խաղերու կազմակերպիչներ Յարութիւն Քուրանն ու Ռաֆֆի Քալքը՝ իրենց ներդրումին համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի նախարարութեան եւ նախարար Օսման Աշքըն Պաքին՝ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ խաղերու նկարահանման եւ «Լոյս ԹՎ» հեռուստաընկերութեան միջոցաւ սփռումներու աշխատանքին՝ նշելով, որ այս հաղորդումները նպաստեցին Նաւասարդեան խաղերու աւելի լայն հանրաճանաչման՝ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ հայաշխարհի շրջանակներէն ներս։ Պատրիարք Հայրը մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գնալը Կղզիի Լողավազանի Վարչութեան նախագահ Փրօֆ. տքթ. Էմրէ Պուրչքինին եւ վարչութեան անդամներուն։
Նորին Ամենապատուութիւնը յուշապնակ մը յանձնեց նաեւ Լողավազանի Վարչութեան ատենապետ Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքինին։
Երեկոյի վերջին բաժնին բեմ բարձրացաւ Տիճէյներ Արէմ եւ Արման։ Երաժշտութեան ուղեկցութեամբ երիտասարդները երկար ժամանակ ուրախացան, եւ փակման գիշերը վերածուեցաւ խանդավառ տօնախմբութեան։
https://www.agos.com.tr/am/news/nawasartyan-khaghyrvw-pagvwmi-gadarvwytsaw-41648




Leave a Reply