ՐԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ
Գ.- 1909-ի կոտորածները
1908-ին ծնունդ կ՛առնէ թրքական սահմանադրութիւնը. ան մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ նաեւ Քեսապի մէջ: Սահմանադրութիւնը հիմնականօրէն կը միտէր օսմանեան պետութեան մէջ ապրող բազմաթիւ ազգային եւ կրօնական համայնքներուն միջեւ համերաշխութիւն եւ հաւասարութիւն ստեղծել: Բայց 1909-ի դէպքերը կու գային անգամ մը եւս ապացուցելու, որ այդ բոլորը խաբկանք էին, իսկ նպատակները եւ իրականութիւնը` բոլորովին տարբեր: Ապրիլ 6-ին Անտիոքի մէջ տեղի ունեցած ջարդերու լուրերը Քեսապ կը հասնին եւ ահ ու դողի կը մատնեն Քեսապի ժողովուրդը: Կը կազմուի պատուիրակութիւն մը` ներկայանալու համար Օրտուի միւտիւրին, ճշդելու համար հասած լուրերու ճշմարտացիութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` Սերգօ Աղա Մահտեսեան, Պօղոս քհնյ. Աթիկեան եւ հայր Սապաթինօ Տել Կայծօ: Հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ 9 ապրիլին, եւ միւտիւրը կ՛ըսէ ներկայացող պատուիրակութեան. «Մի՛ վախնաք, ես կ՛երաշխաւորեմ մեր կողմէ որեւէ բան չըլլալը»:
Հակառակ տրուած խոստումին` խուժանը Քեսապ կը մտնէ 10 ապրիլին: Գիւղերու տուները ամբողջապէս կողոպտելէ եւ այրելէ ետք, կը պաշարեն աւանը: Առաջին մտնող խումբը կը հաշուէր շուրջ հինգ հազար աւազակ, յաջորդող օրերուն խուժանին թիւը կը հասնի աւելի քան 30 հազարի: 300-ի հասնող հայ զինեալները կը դիմադրեն կարճ ժամանակ մը, ապա կը նահանջեն ժողովուրդին հետ դէպի Գարատուրան: Խուժանը կը հրկիզէ` դպրոցները, լատինաց վանքը, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները:
Երբ խուժանը կը հասնի Գարատուրան, ժողովուրդը կ՛ապաստանի լեռներուն վրայ, բայց հոն ալ կը հասնին վայրագ զինեալները: Տեղի կ՛ունենայ մեծ հոսք դէպի ծովեզերք: Երկար սպասումէ, տառապանքներէ եւ վախերէ ետք, օգնութեան կը հասնին ֆրանսական եւ իտալական մարդատար նաւեր, որոնք շուրջ 6500 հոգի կը փոխադրեն դէպի Լաթաքիա, իսկ ոմանք կը հասնին հետիոտն: Կարճ ժամանակ կը մնան Լաթաքիա. մութասարիֆը վախնալով համաճարակի տարածումէն` ֆրանսացիներուն հետ կ՛որոշեն ժողովուրդը վերադարձնել Պասիթի ծովեզերք, ուր կը մնան շուրջ երկու ամիս, ապա կը վերադառնան իրենց պապենական գիւղերը: Քեսապ վերադարձին կը սկսին վերակառուցման աշխատանքները, կը բացուին որբանոց եւ այրիանոց: Քեսապ կ՛այցելեն բարձրաստիճան հոգեւորականներ, ինչպէս` Սահակ Խապայեան կաթողիկոս եւ պապական նուիրակ` Ճիաննինի:
Ինչ կը վերաբերի հայ կաթողիկէ համայնքին, ինչպէս վերեւ նշուեցաւ, Քեսապ ներխուժած ամբոխը կը հրկիզէ հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան եկեղեցին եւ կը թողու զայն կիսաքանդ վիճակի մէջ: 1910-ին Քեսապ կը հասնի տէր Անտոն Սիսլեանը եւ կը նորոգէ 1909-ին թուրքերու կողմէ այրած ու կիսակործան եկեղեցին: Թուրք կառավարութիւնը արգելք կը հանդիսանայ, բայց ժողովուրդը հապճեպով, գիշեր ու ցերեկ աշխատելով կ՛ամբողջացնէ եկեղեցին, կղմինտրով կը ծածկէ նախքան թուրք պաշտօնէութիւնը հասնիլը եւ կասեցնելը վերաշինութիւնը:
Դ.- 1915-ի Ցեղասպանութիւնը
Հայ ազգին դէմ շղթայազերծուած ցեղասպանութեան արհաւիրքէն չէին կրնար զերծ մնալ Քեսապի եւ շրջակայքի գիւղերուն հայերը, որոնց մտքին մէջ տակաւին թարմ կը մնային դառն յիշատակները 1909-ի դէպքերուն եւ տեղահանութեան: Նոր տեղահանութեան մը հրամանը Քեսապ կը հասնի յուլիս 1915-ին: Առաջին տեղահանեալները եղան Գարատուրանի բնակիչները: Ցեղասպանութիւն ծրագրող եւ գործադրող թուրք իշխանութիւնը կը վախնար, որ Գարատուրանի հայերը թիկունք կը կանգնին Մուսա Լերան հայերուն, որոնք շղթայազերծած էին հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը: Գարատուրանցիները կը տարուին մինչեւ Պաղեստին, կ՛անցնին Երուսաղէմէն եւ կը քշուին մինչեւ Փոր Սայիտ:
Քեսապի եւ միւս գիւղերուն բնակիչները զինու զօրութեամբ կը տեղահանուին եւ կը քշուին դէպի Հոմսի ու Տէր Զօրի անապատները: Հաւատացեալներուն կ՛ընկերանան համայնքներու հոգեւոր հովիւները: 1912-էն սկսեալ կաթողիկէ հայոց հոգեւոր պետն էր Կիրակոս վրդ. Թիլքեան` անդամ Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան: 1908-էն ի վեր լատին հայոց հոգեւոր պետն էր հայր Սապաթինօ: Քեսապի հայ առաքելականներու հոգեւոր պետն էր Պօղոս քհնյ. Աթիկեան, իսկ Գարատուրանինը` Փափուճեան քահանայ: Աւետարանական հայոց հոգեւոր պետն էր պատուելի Տիգրան Գունտաքճեան:
1915-ին մօտ 8000 հաշուող քեսապցիներէն պապենական գիւղ կը վերադառնան միայն 2500 անձ: Տարագրութեան ատեն կը մահանան աւետարանական եւ առաքելական հայոց հոգեւոր հովիւները, իսկ կաթողիկէ վարդապետը կ՛անցնի Լիբանան: Քեսապէն հեռացած կրօնական պետերէն կը վերադառնան միայն Գարատուրանի Պետրոս Փափուճեան քահանան եւ Քեսապի լատին վարդապետ հայր Սապաթինօ Տել Կայծօ: Հայր Սապաթինօ կը գրէ. «Քեսապ հասանք 1918 տարուան նոյեմբեր 24-ին` հնչեցնելով տաղեր ու երգեր», ու կ՛աւելցնէ, «Սակայն, աւա՜ղ, ամէն բան գտանք կործանած»:
Ինչպէս որ կը գրէ նոյն հայրը, իրմէ զատ ուրիշ քահանայ չկար Քեսապի մէջ: Ասոր համար կաթողիկէներուն ի պաշտօնէ, իսկ լուսաւորչական ու աւետարանական հայոց, տարուած քրիստոնէական եղբայրասիրութենէ, կը տրամադրէ իր քահանայական ծառայութիւնը: Կ՛այցելէ անոնց հիւանդները, կը թաղէ ննջեցեալները, կ՛օրհնէ պսակները եւ կը մկրտէ նորածինները: Ինչպէս կը գրէ հայր Սապաթինօ, այս ծառայութիւնները, մանաւանդ` մկրտութիւններն ու պսակները, կ՛արձանագրուէին ըստ պարագային հայ առաքելական կամ աւետարանական եկեղեցիներուն մատեաններուն մէջ: Իր` լատին եկեղեցւոյ մատեանին մէջ կ՛արձանագրէր միայն կաթողիկէ հայոց մկրտութիւնները, պսակներն ու թաղումները: Հայր Սապաթինօ Քեսապի մէջ կը բանայ նաեւ որբանոց մը, ուր կ՛ընդունի բոլոր յարանուանութիւններէն որբեր` առանց խտրութեան:
Առաջին տարիներուն Քեսապի առաքելական եւ աւետարանական համայնքները ի վիճակի չեն ըլլար դպրոց բանալու. այս գործը յանձն կ՛առնէ նոյնինքն հայր Սապաթինօ եւ սիրով կ՛ընդունի անոնց զաւակները` ձրի ուսում տալու համար անոնց:
1918-1922 երբեմն-երբեմն Հալէպէն կու գար հայր Գաբրիէլ Ասիուն` մատուցելու հայածէս սուրբ պատարագը եւ իր հովուական ծառայութիւնները տալու Քեսապի եւ շրջակայքի գիւղերու կաթողիկէ հայոց:
1922-ին կարճ ժամանակի համար Քեսապ կը ղրկուի Յովհաննէս քհնյ. Քիրեճեան:
1923 տարին Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն կաթողիկէ հայոց առաջին մնայուն ծխատէր քահանան եղած է Գէորգ Ագրապեան, որ կը մնայ մինչեւ 1934:
Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին Սուրիան մաս կը կազմէ Ֆրանսայի իշխանութեան հոգատարութեան տակ մնացած երկիրներուն: Կամաց-կամաց ապահովական վիճակը կը բարելաւուի, կեանքը կրկին իր բնականոն հունին մէջ կը սկսի մտնել: Կը սկսին վերաբացուիլ բոլոր համայնքներու դպրոցները եւ զանազան միութիւնները, որոնց կարգին` ՀԿԵ միութիւնը եւ լատինաց երիտասարդական միութիւնը` իր փողերախումբով: Այդ շրջանին է, որ հայր Սապաթինօ կը ձեռնարկէ նոր համալիր մը կառուցելու Քեսապի բարձունքին վրայ, որ պիտի ընդգրկէր, Ս. Միքայէլ եկեղեցին, վանքն ու դպրոցը:
Այդ համալիրի աշխատանքները բազմաթիւ քեսապահայերու ամէնօրեայ գործ պիտի հայթայթէր այդ տնտեսական դժուարին օրերուն: Սոյն համալիրի գլխաւոր ճարտարապետն է իտալացի Արիկոնին, իսկ գլխաւոր որմնադիրը` այնթապցի Ուստա Նազար Ուստագարայեանը, հիմնաքարի օրհնութիւնը կ՛ընէ պապական նուիրակ գեր. Ճիաննինի:
1934-1944 Քեսապի հայ կաթողիկէ քահանան է Յովհաննէս քհնյ. Էքմէքճեան:
Ե.- 1939-ի Ալեքսանտրեթի սանճագի հարցերը եւ Քեսապը
1922-էն սկսեալ ֆրանսական հոգատար պետութիւնը կը նախաձեռնէ կարգ մը վարչական փոփոխութիւններու: Ալեքսանտրեթի սանճագը, որ կ՛ընդգրկէր Ալեքսանտրեթը, Անտիոքը, որուն մաս կը կազմէր Քեսապի շրջանը, Պէյլանն ու Հարեմը կը կապուին վարչականօրէն 1924-ին Սուրիոյ նորաստեղծ պետութեան:
1930-ականներէն թուրքերը կը պահանջեն իրենց կցել սանճագը` այն պատրուակով, թէ թուրքերը մեծամասնութիւն կը կազմէին այդ շրջանին մէջ` յանդիման այլ փոքրամասնութիւններու: Վախը կ՛իյնայ Քեսապի եւ շրջակայքի հայերուն սրտերուն մէջ: Արդարեւ, 1933 թուականէն սկսած էր արծարծուիլ սանճագի հարցը եւ զայն Թուրքիոյ կցելու ֆրանսական փորձերը միջազգային գաղտնի վարագոյրներուն ետին: Այդ օրերուն Քեսապը մաս կը կազմէր սանճագին: Ֆրանսայի ակնկալութիւնն էր` սիրաշահիլ Թուրքիան եւ ապահովել անոր բարեկամութիւնը նացիական Գերմանիոյ դէմ, երբ արդէն Եւրոպային կը սպառնար համաշխարհային երկրորդ պատերազմի մը անխուսափելիութիւնը:
Այդ թուականներուն, նախազգալով վտանգը, Քեսապի քոյր համայնքներու հոգեւոր պետերը նամակ կը յղեն հայ կաթողիկէ պատրիարք երջանկայիշատակ Արփիարեան կաթողիկոսին, որ իր հեղինակութեամբ միջամտէ ֆրանսական հոգատար պետութեան մօտ, որ Քեսապը անջատուի սանճագէն եւ միացուի Լաթաքիոյ նահանգին: Պատրիարքարանը ֆրանսական իշխանութիւններէն կը ստանայ ապահովութիւնը, թէ այդ կասկածները անհիմն են: Բայց դժբախտաբար, ինչպէս միշտ, մեծ պետութիւններու սեփական շահերը գերադաս են մարդկային իրաւունքներէն, եւ անոնց խոստումները` միշտ խաբուսիկ:
1939-ի յունիսին կը կնքուի այդ տխրահռչակ համաձայնութիւնը` Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ: Քեսապի վարժարաններուն մէջ կը սկսի թրքերէն լեզու դասաւանդուիլ:
1937-ին կաթողիկոս ընտրուած էր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան: Ան ձեռնածալ չէր կրնար մնալ` ի տես այդ կատարուած սադրանքին, որուն մէջ կը տեսնուէր տեղահանութեան հեռանկարը:
Հայրապետը կը լծուի գործի:
Կը դիմէ ֆրանսական հոգատար իշխանութեան պատասխանատուներուն: Անոր կ՛աջակցի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Ռեմի լը Փրեթր: Նամակ կը գրեն Պիոս ԺԲ. պապին եւ կը խնդրեն անոր ազդու միջամտութիւնը ֆրանսական կառավարութեան մօտ: Պապը Ֆրանսայի առաքելական նուիրակին միջոցով կը հասցնէ խնդրանքը ֆրանսական պետութեան եւ յաջողութեամբ կը պսակուի կարտինալ Աղաճանեանի պահանջը: 1939-ի յունիսին, երբ պաշտօնական կերպով կը ստորագրուի համաձայնագիրը Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ, Քեսապը նախ կ՛անջատուի սանճագէն, կը կապուի Լաթաքիոյ նահանգին, եւ թուրք բանակայինները կը հեռանան Քեսապէն եւ շրջակայ գիւղերէն նոյն տարուան յուլիսին: Դժբախտաբար բաւական ընդարձակ տարածքներ, յատկապէս` Սեւ Աղբիւր գիւղէն, որոնք կը մշակուէին իբրեւ ցորենի արտեր, կը մնան Թուրքիոյ կողմը: Սահմանէն անդին կը մնան նաեւ Կասիոս լերան գագաթը եւ Պարլումի սրբավայրը: Պարլումի կորուստով քեսապցիները կը զրկուէին տարեկան ուխտագնացութիւններէն, զորս տարին երկու անգամ, Վարդավառին` հայ առաքելականները, իսկ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին` հայ կաթողիկէները, կը կատարէին այդ հինաւուրց ուխտավայր-վանքը, ուր կայք ունէին նաեւ ժամանակին հայ վանականներ:
Երջանկայիշատակ Աղաճանեան հոգեւոր տէրը կը յիշէ այս դէպքերը իր 1947-ի կոնդակին մէջ. «Սրբազան քահանայապետին, ազդու միջամտութեամբ, որուն պատճառ եղան Սուրիոյ եւ Լիբանանի առաքելական նուիրակութիւնն ու պատրիարքարանս, խնայեց Քեսապի հայաբնակ եւ սիրելի շրջանին` գաղթականութեան աղէտը: Քեսապ մնաց կապուած Սուրիոյ Հանրապետութեան»: Նոյն այդ շրջանին եւ մղուած հովուական սէրէն` Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքը Քեսապի առաքելութիւնը կը կապէ Պէյրութի պատրիարքական թեմին, որպէսզի այդ կարեւոր եւ պատմական արժէք ունեցող կիլիկեան հողատարածքին վրայ ապրող հաւատացեալները միշտ մնային պատրիարք հայրերու անմիջական հոգածութեան եւ խնամքին առարկան:
Իսկ Սուրիոյ հայրենիքին մատուցած այդ մեծ սխրանքին համար սուրիական պետութիւնը իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Աղաճանեան կաթողիկոսին` պատուելով զայն Սուրիոյ Հանրապետութեան «Արժանեաց» բարձրագոյն շքանշանով, 1955 թուականին, ձեռամբ նախագահ Շուքրի Քուաթլիի:
Քեսապի այս ազատագրութեան յիշատակը քեսապցիները վառ պահած էին իրենց մտքերուն եւ սրտերուն մէջ. ունէին երախտագիտական զգացում մը յայտնելու մեծ փափաքը, զոր իրագործեցին 1947-ին` տալով խմբային այցելութիւն մը Աղաճանեան հոգեւոր տիրոջ, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ: Կարտինալը ընդունելէ եւ լսելէ ետք Քեսապի հաւատացեալները, կը խոստանայ անձամբ այցելել Քեսապ` իբրեւ գրաւական իր հայրական սիրոյ եւ գուրգուրանքին:
Խոստացուած այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1948-ին, օգոստոս 27-30: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերակցին ընդհանուր փոխանորդը` Ալոզիոս արք. Պաթանեան եւ Ղեւոնդ վրդ. Չանթայեան: Այդ երեք օրերը տօնական օրեր են Քեսապի մէջ:
Մեծ հիւրը կը դիմաւորուի նախ Լաթաքիոյ մէջ, ապա երբ շքերթը կը հասնի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ բակը, ուր համայն քեսապահայութիւնը, սկաուտները, արիները եւ գայլիկները ծափողջոյններով եւ ովսաննաներով կ՛ողջունեն հոգեւոր տէրը: Այցելութեան երեք օրերու ընթացքին Աղաճանեան պատրիարք-կաթողիկոսը մօտէն կը հետեւի քեսապահայութիւնը յուզող հարցերուն, կը մատուցէ հայրապետական պատարագ, կ՛այցելէ շրջակայ գիւղերը եւ ի պատիւ անոր` կը կազմակերպուի մեծ հանդէս մը, զոր պատրաստած էին Անարատ Յղութիւն միաբանութեան պատկանող քոյրերը, որոնք կը պաշտօնավարէին համայնքի դպրոցին մէջ:
Հանդէսի աւարտին իր խօսքին մէջ հոգեւոր տէրը գնահատանքի խօսք կ՛ուղղէ շրջանի կառավարիչ Սողոմոն Յովսէփեանին եւ բժիշկ Աւետիս Ինճեճիկեանին` իրենց ծառայութիւններուն համար, զոր անոնք կը տրամադրեն շրջանի բնակչութեան, եւ իր հայրական օծուն յորդորը կ՛ուղղէ քեսապահայութեան` խրատելով զանոնք, որ ապրին ու գործեն միշտ խաղաղութեան, համերաշխութեան, սերունդներու կրթութեան եւ ազգային պատուին ու մշակոյթին համար:
Դեկտեմբեր 2025
(Շար. 2)
**




Leave a Reply