Ջիւան Աւետիսեանի «Վերածնուածը» ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը՝ Լոս Անճելըսի մէջ

Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանի «Վերածնուածը» (Revival) գեղարուեստական ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ։ Ժապաւէնը պատմութիւնն է Ֆրանսայի մէջ հասակ նետած հայ երիտասարդի մը, որ ինքնութեան եւ արմատներու որոնման ճամբուն վրայ կը հասնի Արցախ։ Այդ ընթացքին կը սկսի 2020ի պատերազմը։

Գլխաւոր հերոսը մարդամեքենաներու եւ արհեստական բանականութեան մասնագէտ մըն է եւ ստեղծած է հիւանդներ դարմանելուն օգնող ծրագիր մը, որ կը դառնայ Արցախի պատերազմին իւրայատուկ վկան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 5։45ին սկսող անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Warner Bros. Studio-Gate 4 սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 3772 W Olive Ave., Պըրպենք։

Աւետիսեան իր առաքելութիւնը կը համարէ Արցախի մասին ֆիլմեր պատրաստելը եւ զանոնք աշխարհին ներկայացնելը:

«Վերածնուածը» վերնագիրով ֆիլմին աշխատանքները սկսած են 2018ին։ Ֆիլմը պիտի անդրադառնար 2016ի պատերազմին, սակայն Սեպտեմբեր 2020ին սկսած պատերազմէն ետք բեմագրութիւնը վերամշակուած է եւ դէպքերը տեղափոխուած են 2020 թուական։

https://asbarez.am/archives/507817

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ