Լամբակ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԱՆՆՇԱՆ ՕՂԱԿԸ

Տասնամեակ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, նկատեր էի բառ մը, որ հակառակ իր փոքր չափերուն, յաջողած էր ներկայացնել մեր հպարտութիւնները, երջանկութիւնները, ինչպէս նաեւ հերոսական մահերը: «Լամբակ» բառն էր ան, օտարամուտ երկվանկ մը, որ յարմար եկաւ մեր լեռնաշխարհին, մեր գիւղերուն, մեր քաղաքներուն, Շապին Գարահիսարին եւ իր համեստ ծառայութիւնը բերաւ: Տասը տարի առաջ զարմացեր էի, թէ մեր մատենագիրները, աշուղները, բանաստեղծները ինչո՛ւ անտեսած էին բառս: Ո՛չ Աստուածաշունչ մատեանի, ո՛չ «Մատեան Ողբերգութեան», ո՛չ աշուղական տաղերու, ո՛չ ալ մերօրեայ քերթուածներու մէջ կար «լամբակ» մը: Հայկական գեղարուեստական գրականութեան մէջ անոր բացակայութիւնը այժմ կը ստիպէ, որ ես, գիշերային այս խաղաղ ժամերուն, բարեխղճութեամբ մը անհուն, ստեղծեմ նոր պատմութիւն մը, որ «լամբակ» գոյականը արժանի է ունենալու:

ԼԱՄԲԱԿԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՂԱԿԸ

Արդի հայերէնի մէջ «լամբակ»ը կոճակամայր է, այսինքն բաճկոնի կամ շապիկի կոճակը անցնելու բացուածք: Պարզապէս «օղակ» մըն է ան, հին օրերու ընդունարանը կամ ագոյցքը, որուն մէջէն ձող կամ փայտ անցնելով՝ բեռ կը վերցնէին: Բառս գրեթէ գոյութիւն չունի հին հայկական մատենագրութեան մէջ, պատճառն այն է, որ հազիւ 13րդ դարուն ընդհանրացած է ան: Նախապէս ունեցեր է «լամբ» ձեւը եւ այդպէս ալ մէկ անգամ մուտք գործեր է Աստուածաշունչէն ներս. «Եւ եղիցին օղամանեակքն լամբք լծակացն` բառնալ նոքօք զսեղանն»: Իսկ այժմ բանանք պատմութեան երկրորդ կոճակը:

ԶԷՅԹՈՒՆԻ ԼԱՄԲԱԿԸ

Ըստ մեր ստուգաբան այրերու, բառս սեռած է յունարէն «լամվանօ» բայէն, որ կը նշանակէ «բռնել, կրել, ընդունիլ, առնել, պարունակել»: Այս արմատէն աճեցաւ «լամբաւոր» ածականը, «օղալամբ» գոյականը եւ «լամբել» բայը: Վերջինը, բնականաբար, կը նշանակէ շալկել, վրան առնել: Զոյգ մը «լամբակ» ունի ջուրի կուժը, կաթի ամանը, կամ այգիի քթոցը, այսինքն պտուղ քաղելու կողով, որ կը նստի կռնակի վրայ: Իսկ հայկական ամէն գաւառ, ամէն գիւղ ունեցեր է «լամբակ» բառի իւրայատուկ հնչիւնը. Ալաշկերտի մէջ «լամբայ», Բինկեանի եւ Անկայ մէջ «լամբոկի», Զէյթունի մէջ՝ «լամբօնք»: Զէյթունի լեռներու վրայ, «լամբոնք» կը կոչուէր նաեւ գլխարկի այն կապը, որ ծնօտի տակէն կ՛անցնի:

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՄԱՆԵԱՆԻ ԼԱՄԲԱԿԸ

Հայ մեծերու կեանքը մեզի կը յուշէ, թէ «լամբակ» բառի պատմութիւնը աւելի ընդարձակ է քան կոճակի մը նեղլիկ անցքը: 1913 թուականն է: Ճարտարապետ Թորոս Թորամանեանը նամակ մը կը ստանայ Վիեննայէն: Հապսպուրկներու արքունիքէն ուղարկուած ոսկեկնիք հրաւէր մըն է ան: Շապին գարահիսարցի ճարտարապետը, որ դեռ Անի քաղաքի փոշին ունէր իր քղանցքներուն մէջ եւ իր կօշիկներուն վրայ, կարճատեւ դադար մը կու տայ իր կատարած պեղումներուն ու ճամբայ կ՛ելլէ դէպի կայսերական մայրաքաղաք՝ ոսկի մրցանակ մը ստանալու համար: Հայ ազգի եւ Շապին Գարահիսարի համար մեծ պատիւ է, որ իր զաւակը՝ Թորամանեանը, արուեստի լաւագոյն աշխատանքի համար կայսերական շքանշան մը ընդունի իր լամբակի վրայ:

ՇՈՒՇԱՆ ՄԸ ԼԱՄԲԱԿԻՍ ՎՐԱՅ

Թորամանեանը ունէր հայրենակից ընկերը՝ Անդրանիկը, որ Մուշեղեան վարժարանի մէջ իր դասընկերն էր եղած: Ճարտարապետը կը յիշէ, թէ Անդրանիկը 17 տարեկանին սիրահարեցաւ: Տղան ամէն Կիրակի իր լամբակի վրայ կը դնէր կարմիր շուշան: Անդրանիկը տարի մը վերջ ամուսնացաւ: Սակայն, ամուսնութեան առաջին տարին նոր հարսը անդրանիկ ծննդաբերութեան ժամանակ մահացաւ: Թորամանեանը եւ ընկերները սեւ շուշաններ դրին իրենց լամբակներուն վրայ:

ՍՈՒԳԸ ԱՆՑԱՒ ԼԱՄԲԱԿԷՆ

Ափսոս, որ Վարուժանը, Պէշիկթաշլեանը, Իսահակեանը չնկատեցին լամբակը, չերգեցին անոր սուգը, երբ թշնամիի փամփուշտը անցաւ ազատամարտիկի շապիկէն: Երբ 1912ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ Դանիէլ Վարուժանի «Հեթանոս Երգեր» ժողովածուն, հայը խոր յուզումով ընթերցեց «Առկայծ Ճրագ» քերթուածը. սրտաճմլիկ պատմութիւն, ողբերգութիւն մը իսկական: Քերթուածի վերջին տողը, յարգելի ընթերցող, կը յիշէ՞ք. «Հերոս տղաս հոն զարնուա՜ծ է սրտէն»: Լամբակէն անցեր էր փամփուշտը: Այն ժամանակ, ըսաւ, քսանութը տարեկան Վարուժանը, արիւն չի վազեր նահատակի կուրծքէն, այլ՝ «հոն կը ծաղկին կարմիր շուշաններ»: Մենք նոյն պատկերը տեսանք Պէշիկթաշլեանի «Թաղումն Քաջորդւոյն» եւ Աւետիք Իսահակեանի, երգի վերածուած «Որսկան Ախպեր» քերթուածի մէջ, ուր մայրը կամ քոյրը սարէն իջնող որսորդին կը հարցնէ, թէ ո՛ւր է իր կտրիճը: Որսորդը կը պատասխանէ, թէ տղան յաւերժ քնացած է հայրենիքի հողին վրայ. «Տեսայ, քուրի՛կ, տարտոտ բալէդ / Քարն Է դրեր բարձի տեղ. / Անոյշ քնով տաք գնդակն է / Կրծքում գրկեր եարի տեղ»։ Լամբակի տեղ ծլեր էին «վարդեր»: Հայոց պատմութիւնը կը յիշէ նաեւ, թէ 1826-28 Ռուս-պարսկական պատերազմին մարտնչող հայ կամաւոր զինուորները կը հագնէին լամբակաւոր այծենկաճներ:

ՀՊԱՐՏ ԼԱՄԲԱԿԸ

Լոկ սուգը, միայն ցաւը չէ որ անցան լամբակէն: Օրեր եղան, լամբակը հագաւ ուրախութեան նշաններ: Յարգելի ընթերցող, «լամբակ» բառը, խաղաղ օրերուն, լուսաւոր սրահներու մէջ, շքեղ բեմերու վրայ ուշարդութեան արժանացաւ: Եւրոպական նորաձեւութիւններուն յարմարելով՝ դպրոցներու ուսումնատենչ սանիկները, ազգային հերոսները եւ հայրենանուէր մտաւորականները իրենց լամբակներուն վրայ ընդունեցան խաչաձեւ մետալներ կամ ոսկեփայլ ժապաւէններ: Իսկ վայելուչ պարոնները, որոնք փունջ մը ծաղիկ բռնած քաղաքի հրապարակի, կամ ժամացոյցի տակ կը սպասէին իրենց սիրուհիին՝ կարմիր մեխակ մը զետեղեցին իրենց նոր օսլայուած բաճկոնի լամբակին վրայ:

«ԼԱՄԲԱԿԻՍ ՎԱՐԴՆ ԵՍ»

Լամբակը չունի իր երգը: Միթէ՞ շատ փոքր է ան, կամ՝ անտեսանելի: Իսկ ես կը հաւատամ, թէ քնարական է «լամբակ»ը, որ եօթը դար պարունակեր է հայ ազգի բոլոր խոր եւ խորհրդաւոր յուզումները: Ուստի, այս գիշեր, կը փափաքիմ քանի մը սիրային երգի անուն առաջարկել, յուսալով, որ մի գուցէ բարեխիղճ աշուղ մը «լամբակ» բառը կը գործածէ իր նորագոյն երգի մէջ. «Լամբակիդ կոկոնը ըլլայի», «Լամբակիս վարդն ես», «Եարիս լամբակները կանաչ-կարմիր նախշեցի»: Իսկ կարելի՞ է, որ «Ասլը Եւ Քէրէմ» սիրավէպին ծանօթ երգահան մը «Ասլըի քառասուն լամբակները» երգի վերածէ: Չէ՞, որ հայուհին ունէր քառասուն կոճակով կախարդական տարազ եւ ամէն անգամ, որ սիրավառ Քէրէմը աղջկան տիրանալու համար կը շտապէր կոճակ մը արձակել իր լամբակէն, ան անմիջապէս կրկին կը կոճկուէր:

ՔԱՌԱՍՈՒՆԵՐՈՐԴ ԼԱՄԲԱԿԸ

Յարգելի ընթերցող, այսօր փորձեցի «լամբակ» բառի քառասուն խորհրդաւոր կոճակները մէկ մէկ արձակել: Կասկած չկայ, թէ անոնք դարձեալ պիտի կոճկուին ու բառը յաւերժ պիտի մնայ խորհրդաւոր: Ուստի, դուք, գիշերային այս լուռ ժամերուն, յօդուածի աւարտին, երբ քնանալու համար ձեր շապիկի կոճակները պիտի արձակէք իրենց լամբակէն (տիկնայք աջ կողմէն, իսկ պարոնայք՝ ձախ), յիշեցէք, թէ անոր մէջէն անցեր են սիրային եւ հերոսական քառասուն հեքիաթներ:

https://asbarez.am/archives/507662

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ