Յետցեղասպանութեան սփիւռքը դէպի երկրորդ ազգային առաքելութիւն

Երբ վերապրումը այլեւս բաւարար չէ:

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Աւելի քան մէկ դար անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն: Այդ ժամանակաշրջանը միայն կորստեան, տեղահանութեան եւ ցաւի պատմութիւն չէ: Ան նաեւ ազգային վերակազմակերպման բացառիկ փորձառութիւն է: Հայրենիքին մեծ մասէն զրկուած եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ցրուած ժողովուրդ մը կարողացաւ վերակառուցել իր հաւաքական կեանքը` հիմնելով դպրոցներ, եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, բարեսիրական ու մշակութային հաստատութիւններ, մամուլ եւ համայնքային կառոյցներ:

Այս իմաստով, յետցեղասպանութեան սփիւռքը ողբերգութեան հետեւանք չէ միայն: Ան հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է: Անոր հիմնական առաքելութիւնը յստակ էր` պահպանել ինքնութիւնը ժողովուրդի մը, որուն ֆիզիքական եւ մշակութային շարունակականութիւնը վտանգուած էր:

Սակայն պատմական յաջողութիւնները երբեմն կրնան նաեւ սահմանափակում դառնալ, եթէ անոնց ստեղծած կառոյցներն ու մտածողութիւնը անփոփոխ շարունակեն գործել բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ:

Հետեւաբար այսօր հարցը այն չէ, թէ յետցեղասպանութիւն սփիւռքը յաջողա՞ծ է իր առաքելութեան մէջ: Անոր յաջողութիւնը ակնյայտ է:
Հարցը այն է, թէ այդ առաքելութիւնը տակաւին բաւարա՞ր է:

Սփիւռքի ներկայ ճգնաժամը այս իմաստով միայն ժողովրդագրական կամ կազմակերպական չէ: Ան նաեւ ռազմավարական է: Մենք տակաւին ամբողջական պատասխան չունինք այն հարցումին, թէ վերապրումէն ետք ի՛նչ պէտք է ըլլայ սփիւռքի յաջորդ ազգային գործառոյթը:

Վերապրումի տրամաբանութենէն անդին

Յետցեղասպանութեան ազգային մտածողութիւնը ծնաւ պատմական անհրաժեշտութենէն: Պէտք էր պահպանել` լեզուն, եկեղեցին, դպրոցը, մշակոյթը, քաղաքական կազմակերպուածութիւնը եւ համայնքային կեանքը: Այդ նպատակներուն համապատասխան ստեղծուեցան նաեւ սփիւռքի հիմնական կառոյցները:

Խնդիրը այն չէ, որ այդ կառոյցները սխալ էին: Ընդհակառակը անոնք իրենց ժամանակին անհրաժեշտ էին եւ մեծ մասամբ յաջողեցան:
Բայց քսանմէկերորդ դարու սփիւռքը այլ պայմաններու մէջ կ՛ապրի:

Այսօր հայը իր ինքնութիւնը չի կորսնցներ միայն այն պատճառով, որ հայկական դպրոց չի յաճախեր կամ հայկական թաղամասի մէջ չ՛ապրիր: Համաշխարհայնացումը, խառն ամուսնութիւնները, տեղաշարժը, թուային հաղորդակցութիւնը, բազմատեսակ ինքնութիւնները եւ նոր սերունդներու ընկերային վարքագիծը ամբողջովին փոխած են սփիւռքի բնոյթը:

Այս պայմաններուն մէջ միայն «պահպանել»-ու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր արդիւնաւէտութիւնը:

Հետեւաբար խնդիրը յետցեղասպանութեան մտածողութիւնը մերժելը չէ, այլ` զայն նոր պատմական պայմաններուն համապատասխան վերափոխելը:

Յիշողութիւն, արդարութիւն եւ ռազմավարութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ արդարութեան պայքարը կը մնայ ազգային օրակարգի հիմնական բաղադրիչներէն մէկը: Սակայն պատմական արդարութեան պահանջը չի կրնար ինքնին ամբողջացնել ժողովուրդի մը ապագայի ռազմավարութիւնը:

Այս երկու ուղղութիւնները պէտք չէ հակադրել:

Հայութիւնը կրնայ շարունակել պաշտպանել իր պատմական իրաւունքները եւ միաժամանակ իր քաղաքական, գիտական, տնտեսական ու մշակութային կարողութիւնները ուղղել ապագայի կառուցման:

Հրեայ ժողովուրդին փորձառութիւնը այս առումով ուսանելի է: Ողջակիզումի յիշողութիւնը մնաց հաւաքական ինքնութեան կարեւոր բաղադրիչ, բայց անոր կողքին զարգացան` պետականութիւն, գիտութիւն, արհեստագիտութիւն, տնտեսական ցանցեր, կրթութիւն եւ միջազգային ազդեցութիւն:

Դասը անոնց օրինակը ընդօրինակելը չէ: Դասը այն է, որ պատմական յիշողութիւնը կարելի է պահպանել` առանց ամբողջ ազգային քաղաքականութիւնը անոր շուրջ սահմանափակելու:

Հայկական ռազմավարական մտածողութիւնը նոյնպէս պէտք է կարողանայ միաժամանակ գործել անցեալի արդարութեան եւ ապագայի ուժի կառուցման ուղղութիւններով:

Աշխարհը փոխուած է. սփիւռքի արժէքն ալ պէտք է վերագնահատել

Ժամանակակից միջազգային համակարգին մէջ ազգային ազդեցութիւնը այլեւս միայն տարածքով, բնակչութեամբ կամ ռազմական ուժով չի չափուիր: Գիտելիքը, արհեստագիտութիւնը, տնտեսական կապերը, մասնագիտական ցանցերը, համալսարանները, նորարարութիւնը եւ միջազգային հասանելիութիւնը փոքր պետութիւններուն եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդներուն ազդեցութեան նոր կարելիութիւններ կու տան:

Իրլանտան իր սփիւռքը աստիճանաբար ներառեց տնտեսական զարգացման, ներդրումներու եւ միջազգային կապերու համակարգին մէջ: Հնդկաստան սկսաւ իր արտասահմանեան մասնագիտական ներուժը դիտել որպէս գիտելիքի եւ տնտեսական զարգացման աղբիւր:

Հարաւային Քորէայի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ կրթութիւնն ու գիտելիքը ինչպէ՛ս կրնան սահմանափակ բնական պաշարներ ունեցող պետութեան համար ռազմավարական ուժ դառնալ:

Հայութեան պարագային խնդիրը ներուժի բացակայութիւնը չէ:

Հայութիւնը այսօր ունի` գիտնականներ, բժիշկներ, համալսարանականներ, ճարտարագէտներ, արհեստագիտութեան մասնագէտներ, գործարարներ, մշակութային գործիչներ եւ քաղաքական կապեր աշխարհի բազմաթիւ կեդրոններու մէջ:

Բայց այդ կարողութիւնները մեծ մասամբ կը մնան իրարմէ անջատ:

Այս պատճառով սփիւռքի հիմնական հարցը միայն` «Ինչպէ՞ս պահպանել սփիւռքը» չէ: Աւելի կարեւոր է հարցնել` «Ինչպէ՞ս կազմակերպել սփիւռքի ունեցած համաշխարհային կարողութիւնը»:

Ո՞ւր է իրական խնդիրը

Սփիւռքի տկարացումը սովորաբար կը բացատրուի` ձուլումով, արտագաղթով, հայկական դպրոցներու թիւի նուազումով կամ երիտասարդութեան հեռացումով:

Այս երեւոյթները իրական են, բայց անոնք ամբողջական բացատրութիւն չեն:

Աւելի խոր խնդիր կայ. սփիւռքի հիմնական հաստատութիւններուն զգալի մասը ստեղծուած է քսաներորդ դարու համայնքային իրականութեան համար, մինչդեռ անոնց ընկերային միջավայրը արմատապէս փոխուած է:

Հետեւաբար այսօր գոյութիւն ունի անհամապատասխանութիւն` սփիւռքի իրական կառուցուածքին եւ զայն կազմակերպող հաստատութիւններուն միջեւ:

Մենք յաջողեցանք ստեղծել կառոյցներ, բայց շատ պարագաներու կառոյցին շարունակականութիւնը դարձաւ ինքնանպատակ: Միջոցը երբեմն շփոթուեցաւ նպատակին հետ:

Դպրոցը, կուսակցութիւնը, եկեղեցին, միութիւնը կամ մշակութային կազմակերպութիւնը արժէք ունին այնքանով, որքանով կը շարունակեն իրական գործ կատարել: Հաստատութեան երկար պատմութիւնը ինքնին չ՛երաշխաւորեր անոր ներկայ արդիականութիւնը:

Այս խնդիրը աւելի կը խորանայ ներքին բաժանումներով:

Կուսակցական, եկեղեցական, յարանուանական եւ կազմակերպական տարբերութիւնները պատմական իրականութիւն են եւ չեն կրնար պարզապէս վերանալ: Խնդիրը տարբերութիւնը չէ: Խնդիրը այն է, երբ այդ տարբերութիւնները կը խոչընդոտեն համագործակցութիւնը նոյնիսկ այն հարցերուն շուրջ, ուր ազգային շահերը ակնյայտօրէն ընդհանուր են:

Այս պայմաններուն մէջ կազմակերպութիւնները երբեմն կը մրցին նոյն սահմանափակ մարդուժին, նիւթական միջոցներուն եւ ազդեցութեան համար` փոխանակ նոր կարողութիւններ ստեղծելու:

Այս մրցակցութիւնը երկարաժամկէտ առումով կը տկարացնէ բոլոր կողմերը:

Մարդուժ ունինք, բայց համակարգ չունինք

Սփիւռքի ուրիշ հիմնական հակասութիւնը այն է, որ հայկական ծագումով բազմաթիւ յաջող մասնագէտներ գրեթէ կապ չունին հայկական հաստատութիւններուն հետ:

Աւանդական մօտեցումը յաճախ կը հարցնէ` ինչո՞ւ այդ մարդիկ չեն մասնակցիր համայնքային կեանքին:

Հարցումը կարելի է շրջել:

Արդեօք համայնքային համակարգը ունի՞ անոնց մասնակցութեան համապատասխան միջոցները:

Պարտադիր չէ քսանմէկերորդ դարու ազգային մասնակցութիւնը, որ հիմնուի կազմակերպական անդամակցութեան վրայ: Գիտնական մը կրնայ իր մասնագիտութեամբ ծառայել հայկական հետազօտական ծրագրի մը: Գործարար մը կրնայ ստեղծել ներդրումային ցանց: Արհեստագիտութեան մասնագէտ մը կրնայ մասնակցիլ Հայաստանի կամ սփիւռքի թուայնացման ծրագրի մը` առանց որեւէ կուսակցութեան կամ միութեան անդամ ըլլալու:

Հետեւաբար սփիւռքի ապագայ համակարգը պէտք է կառուցուի ոչ միայն անդամակցութեան, այլ նաեւ մասնագիտական մասնակցութեան վրայ:

Ասիկա կը պահանջէ մարդուժը ճանաչելու, կապելու եւ գործի վերածելու նոր միջոցներ:

Միասնութիւնը սխալ նպատակ կրնայ դառնալ

Հայկական քաղաքական բառապաշարին մէջ «միասնութիւն»-ը յաճախ կը ներկայացուի որպէս բոլոր խնդիրներուն լուծում:

Բայց ամբողջ սփիւռքի գաղափարական, քաղաքական կամ կազմակերպական միաւորումը ո՛չ իրատեսական է, ո՛չ ալ անհրաժեշտ:

Կարծիքներու բազմազանութիւնը ինքնին տկարութիւն չէ:

Տկարութիւնը տարբերութիւնները կառավարելու անկարողութիւնն է:

Հետեւաբար նպատակը պէտք չէ ըլլայ մէկ կազմակերպութեան կամ մէկ ղեկավարութեան տակ համախմբել սփիւռքը: Նման փորձը հաւանաբար նոր մրցակցութիւններ պիտի ստեղծէ:

Աւելի իրատեսական է ստեղծել համագործակցութեան համակարգ, ուր տարբեր կառոյցներ կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնը, բայց կը համաձայնին որոշ սահմանափակ եւ յստակ համազգային առաջնահերթութիւններու շուրջ:

Այս տարբերութիւնը էական է:
Սփիւռքը պէտք չունի միատեսակութեան:
Ան պէտք ունի համակարգուած կարծիքներու բազմազանութեան:

(Շար. 1)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ