Ուսումնասիրաց բարձրագոյն վարժարանին բացումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ֆրանսական իշխանութիւնը 1922-ի աշնան մտաւ Քեսապ:
Երեք տարիէ ի վեր Ազգային միութեան եւ զինուորական իշխանութեան կողմէ կառավարուող գաւառին ինքնիշխան գոյավիճակը ջնջուեցաւ:
Ազգային միութիւնը եւ զինուորական իշխանութիւնը լուծարքի ենթարկուեցան:
Ֆրանսական իշխանութեան հաստատումէն ետք ոստիկանական սպայի մը հրամանատարութեամբ ջոկատ մը զօրք մտաւ Քեսապ:
Ֆրանսական իշխանութիւնը առաջին հերթին աշխատեցաւ Մահտեսեան եւ Չիւրիքեան ընտանիքներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը եւ պարբերաբար կրկնուող զինեալ բախումները զսպել, փոխադարձ մաքրագործումներուն եւ սպանութիւններուն առաջքը առնել, կիրքերը հանդարտեցնել եւ կարգ ու կանոն հաստատել:
Իբրեւ լուծում Սերգօ աղա Մահտեսեանի ընտանիքը Ալեքսանտրէթ աքսորուեցաւ:
* * *
Ֆրանսացիք իբրեւ զինուորական դասալիք սկսան հետապնդել այն կամաւորները, որոնք Հայկական լեգէոնի կազմալուծումէն առաջ ձգած էին լեգէոնը:
Լեգէոնը ձգելով Քեսապ վերադարձած առաջին կամաւորները եղած էին Տայի (Ովսիա Սաղտըճեան) եւ Միսաքօ (Միսաք Կիրակոսեան):
Ֆրանսական բանակէն գնդապետ մը խումբ մը զինուորներով Քեսապ հասաւ եւ պաշտօնական ընդունելութեան արժանացաւ:
Քեսապցիք որոշեցին ճաշկերոյթով մը պատուել ֆրանսացի գնդապետը եւ անոր ընկերակիցները:
Տայի ուզեց ինք եւս մասնակցիլ ակումբին մէջ տրուելիք ճաշկերոյթին, բայց ընկերները զգուշացուցին ու թելադրեցին իրեն հեռու մնալ եւ չերեւիլ: Տայի պատասխանեց ըսելով. «Կ՛ուզեմ թշնամիս մօտէն տեսնել եւ ճանչնալ»:
Ճշդուած ժամուն Տայի ակումբի դրան առջեւ ատրճանակը ձեռքը սպասեց:
Ֆրանսացիները ակումբ մտան եւ ճաշկերոյթը սկսաւ: Գնդապետը նշմարեց դրան առջեւ կեցած անձը. անոնց աչքերը հանդիպեցան իրարու: Գնդապետը ճանչցաւ իր նախկին զինուորը, բայց տպաւորուած անոր պատկառելի տեսքէն, զգուշացաւ մօտենալէ:
* * *
Տարագիր Սահակ Բ. կաթողիկոս 1923-ի ամրան շնորհաբաշխ այցելութիւն մը տուաւ Քեսապի հայութեան եւ ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ:
Կաթողիկոսը յորդորեց ժողովուրդը ամէն դժուարութեան դիմանալու, տոկալու, իրարու հետ հաշտ ու եղբայրաբար ապրելու, գործակցելու, եկեղեցին շէնցնելու եւ զարկ տալու կրթական գործին:
Սահակ Բ. կաթողիկոսի այցելութեան առիթով Եագուպիէէն պատուիրակութիւն մը եկաւ Քեսապ: Եագուպիէցիք, որոնք արաբախօս էին, վեհափառին նկարագրեցին իրենց գիւղին կացութիւնը, ժողովուրդին վիճակը եւ օգնութիւն խնդրեցին:
Եագուպիէցիք նաեւ վեհափառէն խնդրեցին բարեհաճիլ շնորհաբաշխ այցելութեամբ մը պատուել զիրենք:
Սահակ Բ. վեհափառ եւ իր ընկերակիցները, որոնց մէջ նաեւ Քեսապի հովիւ Տէր Գրիգոր քահանայ Սարգիսեան եւ կրթական մշակ Սիմոն Այանեան (որ ժամանակ մը Եագուպիէ ուսուցչութիւն ըրած էր), ջորիներով Քեսապէն ճամբայ ելան դէպի Եագուպիէ:
* * *
Սահակ Բ. կաթողիկոս եւ իր ընկերակիցները դժուարակոխ ճանապարհներ կտրելով հասան Եագուպիէ եւ ժողովրդային խանդավառ ընդունելութեան արժանացան:
Եագուպիէցիք 1916-էն ի վեր անհովիւ մնացած էին, եւ լատիններ, որոնք մօտակայ հայաբնակ Գնէյ գիւղը ամբողջութեամբ լատինացուցած էին, նորադարձներու համայնք մըն ալ կազմած էին Եագուպիէի մէջ:
Սահակ Բ. կաթողիկոս 2 սեպտեմբեր 1923-ին Սիմոն Այանեանը Եագուպիէի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ քահանայ ձեռնադրեց Տէր Յուսիկ անունով:
* * *
Տէր Յուսիկ քահանայ ծնած էր 1888 մայիսին, Քեսապ աւանին մէջ: Նախակրթութիւնը ստացած էր ծննդավայրի Ազգային վարժարանին մէջ: Իբրեւ ընտանիքին անդրանիկ զաւակը հօր մահէն ետք ստանձնած էր ընտանեկան պարտաւորութիւնները: 1903-ին օգնական ուսուցիչ եղած էր Քեսապի Ազգային վարժարանին: 1905-ին ուղարկուած էր Սիսի դպրեվանքը, ուրկէ վերադարձին շարունակած էր ուսուցչական ասպարէզը եւ ծառայած էր եկեղեցիին: Ան հիմնադիրներէն մէկը եղած էր Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան: 1910-ին ամուսնացած էր ուսուցչուհի Մէննուշ Պոյաճեանի հետ ու շարունակած միասնաբար պաշտօնավարել նոյն դպրոցին մէջ: 1915-ին ճաշակած էր գաղթականութեան դառնութիւնները: Իր հարազատներէն շատեր զոհուած էին գաղթի ճամբուն վրայ: Տարագրութեան տարիներուն, 1916-1917-ին իր կնոջ հետ Եագուպիէի Ազգային վարժարանին մէջ ուսուցչութեան պաշտօն վարած էին: Աքսորէն վերադարձին Սիմոն Այանեան աւագ ուսուցիչի պաշտօն վարած էր Քեսապի Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Միաժամանակ անդամակցած էր Ուսումնասիրացի կեդրոնական վարչութեան: 1920-ին Քեսապի ժողովուրդին մարդահամարը կատարած եւ տոմար պատրաստած էր:
Տէր Յուսիկ քահանային ջանքերով Եագուպիէի Սուրբ Աննա եկեղեցին բարեկարգուեցաւ, թաղական խորհուրդ եւ դպրաց դաս կազմուեցաւ եւ 1917-ին փակուած Ազգային վարժարանը վերաբացուեցաւ:
Սակայն Տէր Յուսիկ քահանայ շուտով հալածանքի ենթարկուեցաւ լատիններուն կողմէ: Լատիններ եագուպիէցի ամէն մէկ ընտանիքի տոպրակ մը ալիւր, ուտեստեղէն կամ տասը-քսան ղուրուշ տալով սկսան զանոնք դաւանափոխ ընել եւ պարտադրել որ հեռանան իրենց մայր եկեղեցիէն: Ֆրանսական տեղական իշխանութիւնները նեցուկ էին լատիններուն:
Լատիններ 1924-ին խոշտանգեցին Տէր Յուսիկ քահանան եւ գիւղէն վռնտեցին զայն:
Տէր Յուսիկ այնուհետեւ Հոմս փոխադրուեցաւ: 1926-ին ան Լիբանան հաստատուեցաւ, ուր պաշտօնավարեց Պէյրութի զանազան եկեղեցիներու մէջ մինչեւ 1965, երբ Մելպուրն, Աւստրալիա, զաւակներուն քով փոխադրուեցաւ:
Իբրեւ գնահատանք իր երկարամեայ ծառայութեան, Տէր Յուսիկ արժանացած էր ծաղկեայ փիլոնի, քահանայական լանջախաչի եւ Աւագութեան աստիճանին: Ան վախճանեցաւ 5 սեպտեմբեր 1978-ին, Մելպուրնի մէջ:
* * *
Քեսապի յարանուանական դպրոցներու վարչութիւնները 1924-ի տարեմուտին դուրս գալով Ազգային միութենէն, իւրաքանչիւրը իր սեփական դպրոցը բացաւ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ուսումնասիրաց ընկերութեան ղեկավարները որոշեցին գործադրել հաստատութեան հիմնական նպատակը եւ սեփական բարձրագոյն վարժարան հիմնել:
Ուսումնասիրաց ընկերութեան դպրոցը, որ այդ ժամանակ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հայկական բարձրագոյն միակ վարժարանը եղաւ, բացուեցաւ Քեսապի ժողովրդային գրադարանի շէնքի վերնայարկին մէջ:
Ուսումնասիրաց Բարձրագոյն վարժարանին բացումը կատարուեցաւ 13 հոկտեմբեր 1924-ին: Կեդրոնական վարչութեան չորս անդամներու (տոքթոր Աւետիս Ինճէճիկեան, Փաւլոս Չիւրիքեան, Խաչիկ Զուպիկեան-Սարգիսեան, Պօղոս Պօղոսեան) եւ մէկ ուսուցիչի ներկայութեան արձանագրուեցան տասնեօթը աշակերտներ (երեք աղջիկ եւ տասնչորս մանչ): Նոյն օրը սկսան դասաւանդութիւնները:
Դպրոցի տնօրէն նշանակուեցաւ Յ. Հերոյեան, որ նախորդ քանի մը տարիներուն աւագ ուսուցիչի պաշտօն վարած էր Քեսապի մէջ: Կազմուեցաւ դպրոցի հոգաբարձութիւն եւ կրթական խորհուրդ:
Դպրոցին երկրորդ տարեշրջանը բացուեցաւ 5 հոկտեմբեր 1925-ին: Նախորդ տարուան յաջողութիւններէն քաջալերուած, տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը նոր դասարան մը բացին: Մինչեւ առաջին կիսամեակի աւարտը, քսան նոր աշակերտներ արձանագրուեցան: Պաշտօնի կոչուեցան նոր ուսուցիչներ: Դասացուցակին վրայ նոր նիւթեր աւելցուեցան:
Բարձրագոյն կրթութիւն ցանկացող յարանուանական նախակրթարաններէն շրջանաւարտներու Ուսումնասիրաց վարժարան մուտքը դիւրացնելու համար պայմանագրութիւն մը պատրաստուեցաւ:
Դպրոցին օժանդակ Քեսապի Ուսումնասիրաց Տիկնանց մասնաճիւղը կազմուեցաւ 1926-ին:
Դպրոցին մէջ կրակարան տեղաւորուեցաւ եւ աշակերտներուն թելադրուեցաւ օժանդակել փայտի հայթայթման:
Ուսումնասիրաց վարժարանին 1926-1927 տարեշրջանը եղաւ բեղուն եւ արդիւնաւէտ: 4 հոկտեմբեր 1926-ին բացուեցաւ նախապատրաստական դասարանը` տասնմէկ աշակերտներով: Այսպիսով դպրոցը ամբողջացուցած եղաւ ֆրանսական կրթական ծրագիրի պաքալորէայի մակարդակի պահանջը:
Վարժարանի տնօրէն նշանակուեցաւ ֆրանսական համալսարաններէ գիտական մասնագիտութեանց տիրացած Յակոբ Աթիկեան: Կազմուեցաւ դպրոցի կառավարման ներքին ծրագիր-կանոնագիր:
Սահակ Բ. կաթողիկոս օրհնութեան գիրով պատուեց Ուսումնասիրաց վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ հոգաբարձութիւնը, իր գոհութիւնը յայտնեց եւ հայրական մաղթանքները փոխանցեց:
Երրորդ տարեշրջանին դպրոցը պետական վաւերացում ստացաւ:




Leave a Reply