Խորհրդաւոր սպանութիւն մը

64 ամեայ Յա­կոբ Տե­ղիր­մէնճիօղ­լո­ւ իր բնա­կարա­նին մէջ սպա­նուած է հա­րեւա­նի ձե­ռամբ։

Լրահո­սը կը հա­ղոր­դէ 64 ամեայ Յա­կոբ Տե­ղիր­մէնճիօղ­լո­ւի սպա­նու­թիւնը։ Հե­ռուստա­կայան­նե­րէ հա­ղոր­դո­ւած լրատ­ւութեան հա­մաձայն Յա­կոբ Տե­ղիր­մէնճիօղ­լու իր բնա­կարա­նին մէջ սպա­նուած է հա­րեւա­նի ձե­ռամբ։ Մա­հուան մա­սին ոս­տի­կանու­թեան ահա­զան­գողն ալ նոյն ինքն ոճ­րա­գոր­ծը եղած է։

Ան դի­մած է ոս­տի­կանու­թեան ըսե­լով թէ կող­քի սե­նեակէն տհաճ հո­տեր կու գան։ Ոս­տի­կան­ներ ներ­խուժած են այդ սե­նեակը եւ գտած ան­շունչ մար­մին մը։ Առա­ջին հեր­թի մա­կերե­սային քննու­թիւնով յայտնի եղած է թէ մա­հուան պատ­ճա­ռը դա­շու­նա­հարու­թիւն է։

Յա­կոբ Տե­ղիր­մէնճիօղ­լու ծա­նօթ դէմք մըն էր պոլ­սա­հայ հա­մայնքի մէջ, որ նա­խապէս իբ­րեւ դռնա­պան կը պաշ­տօ­նավա­րէր Սուրբ Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Վեր­ջերս կը պայ­քա­րէր աղի­քային քաղցկե­ղի դէմ եւ նիւ­թա­կան օժան­դա­կու­թիւն կը ստա­նար Պատ­րիար­քա­րանէն եւ հա­մայնքա­յին բա­րեն­պաստ հաս­տա­տու­թիւննե­րէն։

Բա­ւական հար­ցա­կան է ոճ­րա­գոր­ծի «տան վարձքի առու­մով մեր մի­ջեւ վէճ ծա­գեցաւ, հայ­հո­յեց ին­ծի եւ ես ալ բար­կա­նալով սպան­նե­ցի զինք» խոս­տո­վանու­թիւնը։ Նոյն ինք Տե­ղիր­մէնճիօղ­լո­ւի խօս­քե­րով իր բնա­կան շէն­քը կը պատ­կա­նէր Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցին եւ ինք երախ­տի­քով կը յայտնէր թէ «Պետ­րո­սը ինձմէ վարձք չի գան­ձեր»։

Ու­րեմն ինչպէ՞ս եղած է որ ոճ­րա­գոր­ծը հի­ւան­դա­նոցի կա­լուա­ծէն վարցք պա­հան­ջէ։ Ամէն պա­րագա­յի բա­զում հար­ցումներ պա­րու­նա­կող խնդիր մը կայ մեր դի­մաց, որոնք յա­նուն ար­դա­րու­թեան պէտք է լու­սա­բանո­ւին, բայց երբ կը բա­ցակա­յի ար­դա­րու­թիւն որո­նելու կամ­քը, ար­դեօք որ­քա­նով պա­տաս­խան պի­տի գտնէ բո­լոր այս հար­ցումներ, երբ ան­դին սպա­նու­թեան զոհ գա­ցողը ան­տէ­րու­թեան պայ­մաննե­րու մէջ տո­ւայ­տող ճա­րահատ մըն է։

https://www.agos.com.tr/am/news/khvrhrtawvr-sbanvwtiwn-mi-41517

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ