Իսքենտերունի Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքները սկսած են

Հաթայի Իսքենտերուն շրջանի մէջ կը գտնուի 150-ամեայ Քառասուն Մանկանց հայկական եկեղեցին։ Այս աղօթավայրը կառուցուած է 1876 թուականին, իսկ 2023ի աւերիչ երկրաշարժներու հետեւանքներով մեծ վնասներ կրած է։ Մասնաւորաբար վնասուած էին խորանի բաժինը եւ շէնքի հիմերը, անհրաժեշտ դարձնելով ամբողջական վերանորոգութեան ծրագիր մը։

Կը տեղեկանանք որ նորոգութիւնը սկսած է։ Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ իրականանանալիք ծրագրին համար համապատասխան որոշումներ կայացուած են Հաթայի Մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդի եւ յուշարձաններու յանձնաժողովի կողմէ։

Նորոգութեան աշխատանքներուն համար տրամադրուելիք աջակցութիւնը կը կազմէ մօտաւորապէս հինգ միլիոն թրքական լիրա։ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ յայտնեց որ երկրաշարժին հետեւանքով եկեղեցին ամբողջական փլուզում մը չէ ունեցած, սակայն հիմնական կառոյցին եւ հիմերուն մէջ առաջացած շարժումները, ինչպէս նաեւ խորանի բաժնի վնասները անյետաձգելի դարձուցած էին վերանորոգութիւնը։ Ան, խօսելով «Էրմենի հապեր» գործակալութեան, նշեց թէ հողային շարժումներուն պատճառով եկեղեցւոյ պատերու վրայ ճաքեր յառաջացած են, իսկ եկեղեցւոյ օժանդակ շէնքերը ծանրօրէն վնասուած են եւ պիտի վերակառուցուին ամբողջութեամբ։

Թապաշ նաեւ տեղեկացուց, որ եկեղեցւոյ եկամուտի աղբիւր հանդիսացող խանութները եւս վնասուած են երկրաշարժին հետեւանքով եւ ընդգրկուած են վերանորոգութեան ծրագրին մէջ։

Վերանորոգութեան աշխատանքներուն պատճառով եկեղեցին այս շաբաթավերջին փակ պիտի մնայ կրօնական արարողութիւններու համար։ Նախատեսուած է նորոգել տանիքը, վերականգնել յատակը, լուծել ջրահեռացման խնդիրները, վերակառուցել խորանները եւ կատարել ամրակայման աշխատանք՝ պատերուն եւ արտաքին ճակատներուն վրայ։

http://normarmara.com/130826lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ