Հարիսայի նախապատրաստութիւն Պոյաճըգիւղի մէջ

Այս տա­­րի եւս շա­­բաթ օր կաթ­­սա­­­յի մէջ պի­­տի պատ­­րաստո­­ւի ցո­­րենի եւ մսի միահիւ­­սումը եւ յա­­ջորդ օր Ս. Պա­­տարա­­գի աւար­­տին պի­­տի բաշ­­խո­­­ւի բո­­լոր ներ­­կա­­­ներուն։

Պոյա­ճը­գիւ­­ղի Սուրբ Եռից Ման­­կանց Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ վեր­­ջին տա­­րինե­­րու հետզհե­­տէ աւան­­դա­­­կանա­­ցած սո­­վորու­­թիւն մըն է հա­­րիսա­­յի պատ­­րաստու­­թիւնը։

Իրա­­կանու­­թեան մէջ եղե­­լու­­թիւնը Վա­­քըֆ­­գիւղի աւան­­դա­­­կան տօ­­նակա­­տարու­­թեան կրկնու­­թիւնն է Պոլ­­սոյ մէջ։

Նա­­խապատ­­րաստու­­թիւննե­­րը սկսած էին պատ­­մա­­­կան կաթ­­սա­­­յի կլայ­­մամբ։ Այս տա­­րի եւս շա­­բաթ օր կաթ­­սա­­­յի մէջ պի­­տի պատ­­րաստո­­ւի ցո­­րենի եւ մսի միահիւ­­սումը եւ յա­­ջորդ օր Ս. Պա­­տարա­­գի աւար­­տին պի­­տի բաշ­­խո­­­ւի բո­­լոր ներ­­կա­­­ներուն։

Այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնը կը մի­­տի քիչ մը աւե­­լի ժո­­ղովրդա­­կանաց­­նել եկե­­ղեցա­­կան տօ­­նակա­­տարու­­թիւնը եւ տօ­­նը վե­­րածել խրախ­­ճանքի։

Նշենք թէ մին­­չեւ դար մը առաջ նման մտա­­հոգու­­թեան կա­­րիքը չկար, երբ ժո­­ղովուրդը իր բնօր­­րա­­­նին մէջ ազատ կեր­­պով կը նշէր իր տօ­­ները։ Իսկ հան­­րա­­­պետու­­թեան շրջա­­նին Պոլ­­սոյ պայ­­մաննե­­րուն մէջ տօ­­նական մթնո­­լոր­­տը սահ­­մա­­­նափա­­կուե­­ցաւ լոկ եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թեան ձե­­ւաչա­­փով։

Երբ Պոլ­­սոյ եկե­­ղեցի­­ները կը պա­­հէին որոշ զսպո­­ւածու­­թիւնը, գա­­ւառի մէջ հայ կամ յոյն եկե­­ղեցի­­ները շա­­րու­­նա­­­կեցին վե­­րապ­­րեցնել տօ­­նական ցնծու­­թիւնը։ Թէեւ տաս­­նա­­­մեակ­­ներ շա­­րու­­նակ այդ զսպո­­ւածու­­թեան ըն­­տե­­­լացած հա­­մայնքի որոշ մէկ հա­­տուա­­ծը վե­­րապա­­հու­­թեամբ կը մօ­­տենայ, այդ նոր սո­­վորոյթնե­­րուն, որոնք իրա­­կանու­­թեան մէջ նոր հնարքներ չեն, այլ եր­­բեմնի բար­­քե­­­րու վե­­րահաս­­տատման չնչին փոր­­ձեր։

Ինչպէս որ վեր­­յի­­­շեցինք Վար­­դա­­­վառի աւան­­դոյթը, կամ Սուրբ Զատ­­կի տօ­­նական ցնծու­­թիւնը, Սուրբ Աս­­տուածած­­նի Տօնն ալ իր խա­­ղողօրհնէ­­քով եւ հա­­րիսա­­յի բաշ­­խումով կու գայ ճո­­խաց­­նե­­­լու մեր ըն­­կե­­­րային կեան­­քը, ազ­­գի մէկ­­տեղման գլխա­­ւոր վայ­­րը հան­­դի­­­սացող եկե­­ղեցի­­ներու շրջա­­փակին մէջ եւս։

https://www.agos.com.tr/am/news/harisahi-nakhabadrasdvwtiwn-bvhacikiwghi-meche-41512

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ