Երեւանի գիրքի փառատօնին՝ արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան մրցոյթ

Գիրքի երեւանեան միջազգային 9րդ փառատօնը՝ սեպտեմբեր 4-6ին, կը ներկայանայ նորութիւններով։ Այս տարուան գլխաւոր նիւթը լեզուն է՝ իբրեւ մարդկային քաղաքակրթութեան յիշողութիւնն ու մշակութային շարունակականութիւնը փոխանցող երեւոյթ։ Այս գաղափարէն մեկնած՝ փառատօնի ծիրին մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի նաեւ «Արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան» մրցոյթ։

«Արմէնփրես» հաղորդեց, թէ երկրի գլխաւոր գրական իրադարձութիւններէն մէկուն՝ Գիրքի երեւանեան միջազգային փառատօնի ծրագիրին առանցքը պիտի կազմեն բազմալեզու գրականութեան, անոր թարգմանութիւններուն, անհետացող լեզուներու պահպանման, մայրենի լեզուի, ինչպէս նաեւ արդի թուային աշխարհին մէջ լեզուի վերափոխման շուրջ քննարկումները, ընթերցումները եւ մշակութային երկխօսութիւնը։ Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ հայերէնին՝ իբրեւ դարաւոր գրական աւանդոյթ ունեցող լեզուի եւ անոր ներկայ ու ապագայ խնդիրներուն։ Պիտի շեշտուի, թէ լեզուները սահմաններ չեն ստեղծեր, այլ՝ կամուրջներ։ Փառատօնին պիտի մասնակցին 50է աւելի հրատարակչութիւններ, 250է աւելի գրողներ եւ գրական ոլորտի մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ միջազգային հիւրեր՝ աւելի քան 15 երկիրներէ։

Հայաստանի մեծագոյն գիրքի ցուցահանդէս-տօնավաճառը առիթ կ՛ընծայէ կազմակերպելու շնորհանդէսներ, բացառիկ հանդիպումներ՝ հայ եւ օտար գրողներու հետ, քննարկումներ, վարպետութեան դասեր, թատերական ներկայացումներ, երաժշտական ելոյթներ, ինչպէս նաեւ միջազգային հրատարակչական համագործակցութեան Fellowship ծրագիրը, որուն նպատակն է նոր համագործակցութիւններու, գաղափարներու եւ գրական կապերու ստեղծումն ու հայկական գրականութեան արտածումը։

«Փառատօնի կարեւոր բաղկացուցիչներէն են նաեւ մրցոյթները․ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար նախատեսուած գրական մրցոյթը՝ «Բանաստեղծութիւն», «Արձակ», «Թատերական» եւ «Մանկապատանեկան» անուանակարգերով, Սարոյեանի անուան պատմուածքի միջազգային մրցոյթը, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր երկիրներու քաղաքացիներուն համար նախատեսուած Արեւմտահայերէն բանաստեղծութեան մրցոյթը», կը նշուի փառատօնի հաղորդագրութեան մէջ։

2025էն ի վեր փառատօնը ընդլայնած է իր աշխարհագրութիւնը՝ դուրս գալով մայրաքաղաքի սահմաններէն։ Անիկա արդէն հիւրընկալուած է Գիւմրիի եւ Կապանի մէջ՝ ստեղծելով նոր մշակութային շունչ եւ հանդիպման հարթակ տեղական համայնքներուն համար։

Իններորդ փառատօնը պիտի կայանայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին եւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։ Ծրագիրը կ՛իրականացուի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ։ Հովանաւորը Երեւանի քաղաքապետարանն է, իսկ կազմակերպիչները՝ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանն ու «Գիրքի փառատօն» կրթամշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը։ Բոլոր ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է։ 

https://asbarez.am/archives/507130

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ