Թուրքիոյ խորհրդարանը ՔԱԿ-ի զինեալներու համարկման օրինագիծ մը որդեգրեց

Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրեց օրինագիծ մը, որուն նպատակը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներու համարկման իրաւական շրջագիծ ճշդելով քիւրտերու հետ զինեալ հակամարտութեան վերջ տալն է: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

Երկու տարի առաջ ընթացք առած խաղաղութեան հոլովոյթին պսակումը եղող օրինագիծը որդեգրուեցաւ 468 թեր, 88 դէմ ու 6 ձեռնպահ քուէներով եւ կը վայելէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու քրտամէտ Ժողովուրդներու հաւասարութեան ու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան զօրակցութիւնը:

Օրինագիծը որդեգրուեցաւ «ազգային միասնականութեան ու ընկերային համարկման ամրապնդում» նշանաբանին տակ եւ «Թուրքիան առանց ահաբեկչութեան» հայեցակարգի ծիրին մէջ:

Օրինագիծը 5-էն 10 տարիով կ՛առկախէ կարգ մը յանցագործութիւններու հեղինակներու դատական հետապնդումներն ու բանտարկութեան դատավճիռները, որոնք ամբողջովին պիտի վերցուին, եթէ անոնք առկախման շրջանին յանցագործութիւն չկատարեն:

Օրինագիծը, սակայն, կը բացառէ դիտաւորեալ սպանութիւն գործողները, ինչպէս նաեւ նախապէս 2005-էն առաջ գործուած ոճիրներու համար ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուածները, որոնց շարքին է ՔԱԿ-ի 1999-էն ի վեր կալանաւորուած ղեկավար Ապտալլա Օճալանը:

Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, այս բոլորը կախեալ է ՔԱԿ-ի եւ անոր առնչուած ամէն տեսակի կազմակերպութիւններու վերացումէն ու անոր ամբողջ զէնք-զինամթերքի յանձնումէն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ