Խմբագրական. Սեւրը՝ ծրագիրին եւ հռչակագիրներուն մէջ

Սեւրի պայմանագիրի 106-րդ ամեակը յայտնաբար առիթ չէ հանդիսացած հայկական աշխարհին մէջ արծարծելու պատմական այս դաշնագիրին նկատմամբ այսօրուան դիրքորշումները, անոր այժմէական նշանակութիւնը եւ ամբողջական հայրենիքին իրաւական հիմքը հանդիսացած ըլլալու փաստը։

Սեւրի յիշատակումը այսօր կը նկատուի առաւելապաշտութիւն, պատերազմի հրահրում, երազային Հայաստանի մասին անիրատեսական մտորում կամ քաղաքական խօսոյթին մէջ ներմուծուած Հայդատականութիւն։

Դաշնակցութեան Ծրագիրի 27-րդ էջին մէջ՝ «Նպատակ» գլխուն տակ արձանագրուած բաժինի մէջ, յստակօրէն կը յիշուի Սեւրը իբրեւ Միացեալ Հայաստանի տարածքը ճշդող իրաւական ելակէտ։

Սեւրն ու իրաւարար վճիռը մինչեւ Հայաստանի վերանկախացում շարունակեցին մնալ մեր տարածքային պահանջատիրութեան իրաւական հիմնաքարը։ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման շրջանին, առաջին նախագահին օրով ոչ միայն Սեւրն ու իրաւարար վճիռը լուսարձակներէ հեռու պահուեցան, այլ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը իբրեւ օրակարգ դուրս մղուեցաւ արտաքին քաղաքականութենէն։ Երրորդ նախագահը այցելեց Ուիլսընի դամբարան եւ կատարեց ուշագրաւ յայտարարութիւն, ըստ որուն, Սեւրն ու իրաւարար վճիռը կը շարունակեն պահել իրաւական եւ այժմէական նշանակութիւն։

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդունուած Համահայկական հռչակագիրը Սեւրին եւ իրաւարար վճիռին տեղ յատկացուցած է։ Անոր նախաբանին մէջ իբրեւ կէտ արձանագրուած է․-Արժեւորելով 1915 թուականին միջազգային հանրութեան կողմից Անտանտի պետութիւնների մայիսի 24-ի համատեղ հռչակագրով հայ ժողովրդի դէմ իրականացուած ծանրագոյն յանցագործութիւնը՝ պատմութեան մէջ առաջին անգամ որպէս «Մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւն» որակումը եւ օսմանեան իշխանութիւններին պատասխանատուութեան կանչելու հանգամանքի շեշտադրումըինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի 22-իԱՄՆի նախագահ Ուուտրօ Վիլսընի Իրաւարար վճռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում»։

Յիշենք նաեւ հիմնարար փաստաթուղթը՝ Անկախութեան հռչակագիրը, ուր, թէեւ Սեւրն ու իրաւարար վճիռը չեն յիշատակուիր, սակայն ամրագրուած կը մնան պատմական արդարութեան վերականգնումը, համայն հայութեան իղձերու կենսագործումը, որոնք մանաւանդ, առ այսօր կը պահպանեն  իրենց սահմանադրականութիւնը։

Ո՛չ երրորդ նախագահի յայտարարութիւնները, ո՛չ ալ համահայկական համաձայնութիւն ապահոված համահայկական հռչակագիրը պատերազմ հրահրեցին եւ  պատճառ դարձան, որ թշնամիները յարձակում գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ։

Հիմա, «իրական Հայաստան»-ի շղարշին տակ, փորձ կը կատարուի ջնջելու այս բոլորը եւ վերաշարադրելու մեր իրաւական եւ քաղաքական բոլոր փաստաթուղթերն ու հռչակագիրները։

Ահա թէ ինչո՛ւ մենք մնայուն յղում պէտք է կատարենք այս փաստաթուղթերուն։ Չվարանինք յայտարարելու, որ այո՛ Ծրագիրով իսկ Դաշնակցութիւնը կը նպատակադրէ Սեւրի  եւ իրաւարար վճիռի իրաւական հիմքերու վրայ առաջադրել Միացեալ Հայաստանը։ Նրբութիւնները հասկնալի են։ Ծրագիրի նպատակն ու այսօր տարածքային հարցեր չարծարծելը նոյն բաները չեն։ Բայց Սեւրը է՛ ու պիտի շարունակէ մնալ այդ տարածքներուն հայապատականութիւնը փաստագրած իրաւաթուղթը։

Այսօր չարծարծելն ու անկէ հրաժարիլը բոլորովին տարբեր բաներ են։ Եւ ոչ ոք իրաւունք ունի սերունդներուն թողելու պատմական բոլոր իրաւունքներէ հրաժարելու նոր յանձնուողականութեան փաստաթուղթ մը։ Անգարան Ցեղասպանութեան ճանաչումի որոշումներէն այնքան չ՛անհանգստանար, որքան Սեւրի վերածարծումէն։ «Սեւրեան սինտրոմ» ախտանիշը իբրեւ ձեւակերպում միջազգային քաղաքագիտութիւնը կ՛արծարծէ ամէն անգամ որ Թուրքիան կը կրէ արտաքին հարուածներ։

Սեւրը մեր իրաւազրկումը շրջող եւ մեր իրաւունքները վերամրագրած իրաւական աշխատաքներուն բարձրակէտն է։ Անկէ վար իջնելու փորձերը՝ նոր  Սահմանադրութեան հանրաքուէով, թէ Համահայկական հռչակագիրը չեղարկելով, կամ նախորդ պետական յայտարարութիւնները առ ոչինչ նկատելով, դատապարտուած են ձախողութեան։ Այսօրուան Հայաստանը ոչ թէ պատմական Հայաստանը մեր ազգային տեսադաշտէն հեռացնող հասկացողութիւն է, այլ Սեւրով ընկալուած Հայաստանի անխորտակելի հիմնաքարը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ