Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկն է:
«Ազդակ» միշտ եւ յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձած է Սեւրի դաշնագիրի միջազգայնօրէն ընդունուած փաստաթուղթի պատմական արժէքին:
Հայոց ցեղասպանութենէն ետք եւ Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտին, դաշնակից յաղթական պետութիւնները պատերազմէն պարտուած դուրս ելած Օսմանեան կայսրութեան հետ 10 օգոստոս 1920-ին Սեւրի դաշնագիրը ստորագրեցին: Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեան:
«Ազդակ» միշտ շեշտած է, որ Սեւրի դաշնագիրով պիտի իրականանար միացեալ ու անկախ Հայաստան ունենալու հայութեան դարաւոր իղձը: Բարւոք լուծում պիտի ստանար նաեւ օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող ոչ թուրք ժողովուրդներու քաղաքական ազատագրութեան հարցը: Այսպիսով Թուրքիոյ մէջ պիտի սկսէին արմատական փոփոխութիւններ:
«Ազդակ»-ի էջերուն մէջ յաճախ շեշտուած է, որ Սեւրի դաշնագիրը հայութեան համար բարոյական մեծ արժէք կը ներկայացնէ, եւ արդարութիւն գործադրելու համար ամէնէն յարմար եւ նպաստաւոր կարգադրութիւնը եղած է: Այդպիսով, հայ ժողովուրդին պատմական եւ ազգային իրաւունքները պիտի վերադարձուէին:
«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան այս առիթով ստորագրած իր յօդուածին մէջ կը նշէ. «Սեւրի դաշնագիրը շատ աւելի համապարփակ պայմանագրութիւն մըն է, քան պարտեալ Թուրքիոյ կողմէ յաղթական Հայաստանի` իբրեւ անկախ պետութիւն գոյութեան ճանաչումն ու յարաբերութեանց շրջագիծին ճշդումը, ներառեալ` պատմական մեր հողերուն վերադարձի ընդունումը: Մենք առաւելաբար կը ծանրանանք մեզի վերաբերող տրամադրութիւններուն վրայ եւ իրաւունք ալ ունինք: Համաձայնագիրը, մեզմէ անդին, ծաւալուն փաստաթուղթ մըն է, ինքնին` լիարժէք պատմութիւն:
«… Իրողապէս` սեւով ճերմակի վրայ գրութեամբ, կ՛ընդունի, որ Տրապիզոնէն մինչեւ Էրզրում, Պիթլիս եւ Վան տարածուող` Արեւմտեան Հայաստանի հողերը կը պատկանին հայութեան, պէտք է կցուին անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան»:
Մահսէրէճեան շեշտած է. «Անկախութեան կորուստը վերանկախացումէն բաժնող տասնամեակները ո՛չ միայն չնսեմացուցին Սեւրի դաշնագիրին արժէքը, այլ ընդհակառակը` մինչեւ այսօր ալ մեր ձեռքին մէջ կը պահեն Թուրքիոյ պետութեան դիմաց իբրեւ դրօշակ պարզուած` անժամանցելի պարտամուրհակ մը»:
Սեւրի դաշնագիրը կը բաղկանայ 552 յօդուածներէ, իսկ Հայաստանի նկատմամբ բաժինը կ՛ընդգրկէ 88-93-րդ յօդուածները:
Միջազգային օրէնքով իրաւարար վճիռները վերջնական եւ անքննելի, «Ազդակ» միշտ շեշտած է, որ Սեւրի դաշնագիրը գլխաւոր յուշարարն է մեր բռնագրաւեալ հայրենիքի հողերու վերատիրացման եւ Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքին:




Leave a Reply