Անդրանիկ Ս. պատարագ՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս բարեզարդեալ եկեղեցւոյ մէջ, 9 օգոստոս 2026, կիրակի առաւօտ, հանդիսութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։Նորօծ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Նորին Ամենապատուութիւնը:


Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս բարեզարդեալ Եկեղեցւոյ մէջ, 9 Օգոստոս 2026, Կիրակի առաւօտ, հանդիսութեանց նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։Նորօծ եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Նորին Ամենապատուութիւնը: Առընթերակայ էին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան եւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմէնճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լուսի Գահվէճիօղլուի։Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը.

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ համար յոյժ կարեւոր այս օրուան առթիւ մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս շնորհաւորեց վերջին նորոգութիւնը, տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանը, Վարուժան Մաղաքեանի ատենապետած թաղային խորհուրդը, բոլոր սպասաւորները, բարերարներն ու սատարողները:Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ըսաւ, որ Պէյքոզի Եկեղեցւոյ առաջարկով Պատրիարքական Օրհնութեան Գիր պիտի շնորհէ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանի: Թէ քարոզին մէջ եւ թէ օրհնութեան գիրին մէջ մեր Հոգեւոր Պետը բարձր գնահատեց Վարուժան Մաղաքեանի համայնքային ծառայութիւնը եւ արեւշատ տարիներ ու բարի ծառայութիւն մաղթեց իրեն:Քարոզէն անմիջապէս ետք, Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. կարդաց Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան գիրը, որու աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը կ’ըսէ. « Մենք, որպէս առաջին սպասաւորը մեր համայնքին, հոգեւոր ուրախութեամբ կը նկատենք Ձեր անձին նկատմամբ սնուցուած անվերապահ սէրն ու յարգանքի զգացումը, գոհունակութեամբ կ՚ընդառաջենք եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մելքոն Քահանայի, Թաղային Խորհուրդի անդամոց խնդրանքներուն, նաեւ գնահատելով եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 250-ամեակին առթիւ կատարուած նորոգութեան եւ բարեզարդման յաջող աշխատանքներուն Ձեր ներդրումը,Ձեզի կը շնորհենք սոյն օրհնութեան գիրը, կցելով Մեր աղօթքները…»:Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

https://www.agos.com.tr/am/news/antranig-s-badarak-behkvzi-s-nigvghahvs-ygyghytswvh-meche-41458

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ