ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Այսօր ես ալ հաց եփեցի…
Վերջերս, տունը հաց եփելը նորարութիւն է, շուկան ցորենի հացին կողքին կարելի է հանդիպիլ տեսակաւոր հացերու, ուշադիր՝ փուռը չէ՛, ոեւէ նպարավաճառի մօտ կարելի է գտնել սովորական ցորենի հացին կողքին տեսակաւոր հատիկներով ու հունտերով պատրաստուած տեսակ-տեսակ հացեր․ երբ հացի բաժինը հասնիս, պահ մը պէտք է դանդաղիս եւ սկսիս իւրաքանչիւր տեսակին վրայ գրուած բաղադրութեան մասին կարդալ՝ իրենց համեմատութիւններով՝ որքա՛ն շաքար, որքա՛ն աղ, իւղ, հապա գալորի՞ն (ջերմուժ), եւ այսպէս, տասնեակ մը հարցումներէ ետք հացի տեսակ մը կ՛առնես, դուրս կ՛ելլես տխուր ու յոգնած, յաջորդին ուրիշ մը փորձելու որոշումով, ապա յիշողութեամբ կ՛երթաս մանկութեանդ աղքատիկ այդ նախնական փուռը, որուն հացերը՝ տաքուկ ու կարմրուկ, ամբողջ թաղը լեցնող եւ անցորդներուն ախորժակը գրգռող բոյրով: Ներկայիս փուռի հասկացողութիւնը շատ հեռու յիշողութիւն է, իսկ հացն ու ալիւրը՝ առողջութեան առաջին թշնամին: Բժիշկները, ընկերային ցանցերը, ընկերներդ, բարեկամներդ բոլորը կը թելադրեն հացէն հեռու մնալ.
– Չըլլա՞յ տակաւին դուք «պանիր-հացի» սովորութիւնը կը պահէք․․․
– Դարերէ ի վեր այդ մեր նախաճաշն է կամ ընթրիքը, ձմերուկով պանիր հաց մը, կամ՝ առտուն թէյով…
– Մոռցիր մեր հացերը, բժիշկդ բան չըսա՞ւ, ես կ՛ըսեմ, ահա՛ քեզի հացի չափեր։
Եւ ես հաց եփեցի․ եփեցի տեսակաւոր հացեր, սիսեռով, ոսպով, ալիւրով, նուշի ալիւրով եւ վերջինը՝ վարսակի ալիւրով, այո վարսակի՛, եւ յիշեցի հինգերորդ դասարանի «Դերենիկը» ոտանաւորը, սկսայ արտասանելու․
«Միթէ վարսակի հացո՞վ սնար,
Դո՛ւրս…»
Այս յիշողութիւնը մտածել տուաւ ինծի դուրս գալ վարսակէն, բայց յիշելով ալիւրի «վտանգը»՝ շարունակեցի խոհանոցի գործս, միաժամանակ միտքով փոխադրուեցայ իմ Հալէպս եւ իմ ծննդավայր՝ Նոր Գիւղի մեր տունը:
Դարձեալ փողոցը խաղցող փոքրիկ աղջիկն եմ եւ …
Աշո՛ւն է…
Երբ Ամրան արեւէն ու փոշիէն խանծուած Հալէպը կը սկսէր քիչ մը զովանալու, երբ երկնակամարին վրայ տեղ-տեղ ամպիկներ կը փորձէին արեւու ճառագայթները ծածկել, մենք՝ աշակերտներս, քիչ մը կը տխրէինք, գիտակցելով, որ փողոցը տեղի պիտի տար դպրոցական նեղ ու խոնաւ դասարաններուն, բայց մայրերը ուրախ կը ծրագրէին իրենց ձմրան պաշարը պատրաստելու յայտագիրը: Ճիշդ այդ ժամանակուան կը զուգադիպէր հսկայ պարկով՝ հօրս ցորեն բերելը:
Երբ գործաւորը պարկը ուսին մեր բակը կը մտնէր՝ մօրս ներքին ուրախութիւնը փոքր ժպիտով մը կ՛արտայայտուէր, իսկ ես՝ ուրախութենէս կը ցատկռտէի, որովհետեւ անկէ ետք տան մէջ կը սկսէր նոր աշխուժութիւն՝ ցորենը լուալ, մաքրել, ապա աղալու համար ջաղացք տանիլ-բերելու «արկածախնդրութիւնը», այսպէս՝ տան մէջ կենսունակութիւն մը ծայր կու տար, եւ ես մօրս կողքին գործի կը լծուէի:

Մառանէն պղինձէ տաշտերն ու դոյլերը դարձեալ դուրս կու գային:
– Անգամ մըն ալ օճառէ, ինչ կ՛ըլլայ ինչ չ՛ըլլար, թող մաքուր ըլլայ,- կ՛ըսէր մայրս, ապա ցորենի խոշոր դեղին հատիկները կը պարպէր․ անոնք խշրտացող չոր ձայնով մը վրայ վրայի կը դիզուէին տաշտերուն մէջ, թէեւ տակաւին քանի մը օր առաջ էր, երբ ձգուած հովին քմահաճոյքին՝ զիրենք շալկող հասկերուն վրայ անհոգ եւ ուրախ կ՛օրօրուէին, բայց այսօր մայր ճիւղէն անջատուած՝ կը փորձէին իրարմէ չբաժնուիլ, եւ մինչ մայրս պաղ, զուլալ ջուրը դոյլ առ դոյլ ուժգնութեամբ կը պարպէր թեփուկներէն մերկացած անոնց մարմինին վրայ՝ ես կը լսէի անոնց չըփ-չըփոցը:
Մայրս կը լուար զանոնք, մինչեւ որ համոզուէր անոնց մաքրութեամբ, իսկ ես, որքա՛ն ուշ մաքրուէին՝ այնքա՛ն ուրախ կ՛ըլլայի, որովհետեւ մուճակներս մէկ կողմ նետած՝ բոպիկ ոտքերով ջուրերուն մէջ կը վազվզէի:
– Կը կարծես որ չե՞մ տեսներ, քիչ ետք փորդ պիտի ցաւի, չե՛մ խառնուիր,- յաճախ կը զգուշացնէր մայրս:
Ո՛չ փորս կը ցաւէր, ոչ ալ գլուախս․․․ ապա տանիք պիտի ելլէինք՝ ցորենը վեր փոխադրելու:
– Լիզա՛, օգնէ որ սաւանները փռենք,- մայրս կը կանչէր քոյրս:
Թէեւ այդքան թրջուած ցորենը դոյլերով շուրջ 20 աստիճան բարձրանալով տանիք հանելը խաղալիք չէր, բայց այդ գործը մե՛րն էր եւ ոչ մէկուն միտքէն կ՛անցներ՝ «այս ամէնը մենք մը պիտի ընենք»ը: Քիչ ետք, բոլորիս օգնութեամբ ցորենները կը հանգչէին տանիքը, մաքուր սաւաններու վրայ, մեղմ սիւք մը կը խաղար անոնց ողորկ բայց մտահոգ դէմքին վրայ, անոնք գիտէին, որ վաղը իրենց կեանքի վերջին օրն էր, պիտի կերպանափոխուէին ալիւրի՝ բայց մի՛շտ ըլլալով ցորեն, եւ իրենց խորքին մէջ պահելով մշակի քրտինքն ու ուժը՝ զայն պիտի փոխանցէին հացին, հացէն ալ մարդուն՝ կեանք տալու, ուժ ու կորով ներշնչելու անոր:
Ահա ա՛յս էր, որ հացը կը դարձնէր եզակի եւ կը սրբացնէր զայն:
Հացը իրա՛ւ սուրբ էր, երբ ամէն Կիրակի եկեղեցի կ՛երթայինք, պատարագի ամենախորհրդաւոր մէկ պահուն քահանան վեր բարձրացնելով սկիհն ու նշխարը՝ կը յայտարարէր․ «Ա՛յս է մարմինս», եւ օրհնութեամբ զայն վերածելով Քրիստոսի մարմինին՝ կը բաշխէր հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:
Հացը իրա՛ւ սուրբ էր, երբ եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ հաւատացեալներու դողդոջ ձեռքերը երկարելով սրբացած հացին՝ ակնածանքով կ՛ընդունէին զայն, ապա համբուրելով եւ ճակատին դնելով՝ խոր հաւատքով ու խոկումով մասունքը կը ճաշակէին:
Այո՛, հացը կեա՛նք էր, առատութիւն, երբ տէր հօր օրհնութեամբ պատրաստուած նշխարը կը բաշխուէր յոյսով ու հաւատքով, Աստուածային օրհնութեան, կեանքի ու առատութեան բաղձանքով:
Այսպէս, ամէն տարի մեր բոլոր պաշարներու կողքին իր փառաւոր տեղը եւ ամէնօրեայ գործածութիւնը ունէր ցորենի ալիւրը, որուն համար տարին մէկ անգամ քրոջս՝ Լիզային հետ կ՛երթայիՍանոսին եւ աւելի ուշ Նոր Գիւղի մզկիթին դիմացի ջաղացքը, ջաղացպանը հայ արհեստաւոր մըն էր, քիչ մը երկար կը սպասէինք, որովհետեւ շրջանի հայութեան ձմրան պաշարի ալիւրը ամբողջ հոն կ՛աղացուէր: Ես կը սիրէի դիտել հոն հաւաքուած յաճախորդները, մտիկ ընել մարդոց զրոյցներուն, բայց ամէնէն աւելի կը սիրէի դիտել ջաղացքը, որ փառաւոր կերպով կը հանգչէր խանութի կեդրոնը, կը բաղկանար երկու հսկայ կլոր քարերէ, մէկը կայուն, միւսը՝ շարժուն․ անոնք իրար քսուելով կը ճզմէին ոսկեգոյն կլոր հատիկները ցորեններուն, իսկ ես կը հետեւէի անոնց փշրող ձայնի ելեւէջներուն, որոնք ազդանշաններն էին փոշիանալու հանգրուանին, նախ ձայները կոշտ ու բարձր կ՛ըլլային, ապա եղանակը կը մեղմանար, ապա քարը աւելի սահուն կը դառնար եւ վերջապէս ձայնը գրեթէ կ՛անհետանար, իսկ ցորենը վերածուած կ՛ըլլար ալիւրի:
Ալ ձմեռը ապահով էր…
Շաբթուան մէջ քանի մը անգամ, առտու կանուխ մայրս այդ ալիւրով խմոր կը շաղէր հաց եփելու համար․ ան նախ ալիւրը բարակ մաղով կը մաղէր, զայն ազատագրելով դեփուկներէն, ապա իր գուրգուրոտ ձեռքերով ալիւրը շոյելով, սիրելով, կամաց-կամաց ջուր կ’աւելցնէր ու կը շաղէր խմորը․ երբ ջուր ու ալիւր իրարու հետ կը կազմէին միատարր ծաւալուն զանգուած մը, մայրս կը սկսէր բռունցքով հարուածելու խմորին մէկ երեսը, ապա՝ յաջորդը, մինչեւ որ խմորին վրայ տպագրուէին անոր մատներուն հետքերը, ապա կը հաւաքէր զայն տաշտին մէկ կողմը եւ նախքան ծածկելը փափուկ ծածկոցով մը՝ աջ ձեռքի աջ կողմով ուղղահայեաց եւ հորիզոնական գիծերով խաչ մը կը ձեւակերպէր անոր վրայ ու զայն կը զետեղէր խոհանոցին մէկ անկիւնը: Խմորը յաջորդ քանի մը ժամուան ընթացքին, վրան խնամքով ծածկուած փափուկ ծածկոցին տակ կ՛աճէր, կը ծաւալէր ու իր ամանէն դուրս գալ կը սպառնար, այն ատեն մայրս անգամ մը եւս կը դարձնէր խմորը, քանի մը հարուած եւս կու տար անոր եւ զայն կը տեղաւորէր կլայակուած փայլուն տաշտին մէջ՝ կիսակլոր ձեւով, որպէսզի աւելի ուշ իմ կամ քրոջս հետ ղրկէր փուռ:
Հիմա կարգը փռապան Տիգրանին էր… Ան իր վարպետի ձեռքերով թթուած ու հանգչած խմորը կը բաժնէր հաւասար գունդերու, ապա իր ափին հաւասար հարուածներով զանոնք կը վերածէր նոյնանման եւ համաչափ կլորներու, պատրաստ՝ մատուցուելու ճարճատող կրակէն շիկացած փուռի քարին՝ իր վերջին հանգրուանին, նախքան հասնիլը մեր՝ երեխաներուս ձեռքը․ իսկ մենք, մեր փողոցի խաղերը խաղացած ատեն, մեր փոքրիկ ափիկներով հացը բռնած՝ այնպէ՛ս մը կը ծամէինք, որ անոր տաքուկ կարմրութիւնը կը փոխանցուէր մեր այտերուն, ահա հո՛ն էր, որ ցորենը կը դառնար կեանք, յոյս, ընտանիք, ապահովութիւն եւ առատութիւն…
Մենք այդ հացը կը սիրէինք տաք-տաք ուտել, հաստ էր բայց փափուկ, սեւ էր բայց համեղ: Բայց չեմ գիտեր ինչու, թէ՛ ես, թէ՛ եղբայրս, նոյն հացը յաջորդ օրը շատ չէինք սիրեր ուտել, կարծես կը հաստանար, դժուար կը ծամուէր մեր պզտիկ ակռաներով, եւ օր մըն ալ…
– Լենա՛, հո՛ս եկուր նայիմ,- մամաս խիստ շեշտով մը, դպրոցէն հազիւ վերադարձած, զիս կանչեց.
– Այսօր նախաճաշի տուած հացս կերա՞ր։
Ես թէեւ չհասկցայ ինչո՛ւ, բայց անմիջապէս պատասխանեցի.
– Այո՛, անշո՛ւշտ։
– Վստահ ե՞ս,- մայրս առանց ընկրկելու շարունակեց,- թերեւս լման չկերար…
– Բայց ինչպէ՞ս գիտցար,- ես ծուղակը ինկած էի, մօրս տուած նախաճաշը, որ ցորենի հացին մէջ դրուած կեռասի անուշ եւ պանիր էր, մեր թաղի ծայրի խանութին անկիւնը նետած եւ գացած էի դպրոց։
– Մտածէ ո՛ւր դրիր փորիկէդ բացի,- շարունկեց մայրս մեղմացնելով ձայնին շեշտը։
– Հացը՝ շատ չէ՛, բայց քիչիկ մը հաստ էր, մէջի անուշն ալ շատ չի…
– Բիւզանդին խանութիւն անկի՞ւնը դրիր։
– Այո՛, մամա, բայց գիտե՞ս, Սիլվային հացը ճերմակ եւ փափուկ է…
Ան չձգեց, որ շարունակեմ խօսքս. այնպիսի հանգամանքով մը ըսաւ, որ տակաւին ականջիս մէջ կը լսուի.
– Հո՛ս նայէ, ինչ չարութիւն որ ընես՝ կը ներեմ, բայց հաց նետել անկարելի՛ է, մանաւանդ մեր ցորենի հացը, որ որքան աշխատանքով մէջտեղ եկած է, դուն տեսար ինչպէ՛ս ցորենը ալիւր եղաւ, ալիւրը՝ խմոր, խմորը՝ հաց… հիմա մտածէ՝ ցորենը հասցնելու համար որո՛նք աշխատեցան եւ որքա՛ն շատ յոգնեցան, անկէ ետք մենք աշխատեցանք զայն ալիւրի վերածելու, մտածէ՛, ապա հասկցիր, որ հացը կեանք եւ սրբութիւն է:
Հոս աւելցնեմ, որ երբեմն մայրս այդ խմորէն կծիկ մը կ՛առնէր, պզտիկ կլորներ կ՛ընէր, կը բարակցնէր եւ տաք ձէթին մէջ կը տապկէր, ապա կը հանէր տապակէն, տաք խմորին վրայ շաքար կը ցանէր ու ամէն մէկուս մէկ հատ կու տար… այնքա՛ն համով կ՛ըլլար անիկա, այնքա՛ն համով, որ մինչեւ հիմա յիշողութեանս մէջ արեւի շողի մը պէս տապկուած շաքարով հացին պատկերը յստակ կը տեսնեմ:
Հացի պատմութիւնը կու գայ շատ հինէն եւ կ՛առնչուի հին ժողովուրդներու մշակոյթին ու զարգացող քաղաքակրթութեան հետ: Մօտաւորապէս 14,000 տարի առաջ, Միջին Արեւելքի շրջաններուն մէջ մարդիկ վայրի հատիկները կը մանրացնէին եւ ջուրին հետ խառնելով խմորանման նիւթ մը կը յառաջացնէին, ապա տաք քարի վրայ կը թխէին եւ կ՛օգտագործէին իբրեւ առօրեայ սնունդ: Վաղ ժամանակներու հացին նմանող սննդատեսակը կապուած է Նատուֆեան մշակոյթին հետ, որ նախապատմական ժողովուրդ ըլլալով՝ նախաերկրագործութեան ժամանակ ապրած է Լեւանտի շրջանը, ներկայիս՝ Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան, Յորդանան։ Անոնք կը հաւաքէին վայրի ցորեն, գարի եւ այլ բոյսեր, քարերու օգնութեամբ կ՛աղային եւ ստացուած ալիւրը ջուրով խառնելով կը պատրաստէին խմոր, զոր եփելով տաք քարերու վրայ կը ստանային իրենց առօրեայ սնունդը՝ հարթ եւ խիտ հաց:
Ժամանակի ընթացքին այս գործընթացը զարգացաւ, սկիզբը՝ Ք.Ա. 10,000-8,000 թուականներուն, յատկապէս երբ երկրագործութիւնը զարգացաւ եւ մարդիկ սկսան մշակելու ցորեն ու գարի, օգտագործելով անոնց ալիւրը՝ անոնք սկսան պատրաստելու այսօրուան հացին նման տափակ հացեր, «Բարեբեր Մահիկ» կոչուող տարածաշրջանին մէջ, որ ներկայիս Իրաքի, Սուրիոյ, Կիլիկիոյ եւ յարակից վայրերն են: Աւելի ուշ՝ Ք.Ա. 3,000 թուականին, երբ Եգիպտոսի մէջ մարդիկ պատահմամբ յայտնաբերեցին թթխմորացման գործընթացը, որուն իբրեւ արդիւնք խմորը կը բարձրանար եւ կը դառնար աւելի փափուկ ու թեթեւ, այս փորձառութեամբ զարգացուցին նաեւ հաց պատրաստելու գործընթացը՝ կատարելագործեցին թթխմորով պատրաստուած հացը եւ կառուցեցին մասնագիտացած փուռեր՝ հացի բազմաթիւ տեսակներով… այսպիսով, այդ ժամանակներէն ի վեր հացը տարածուեցաւ աշխարհով մէկ եւ դարձաւ սնունդի հիմնական աղբիւր:
Հացը, սակայն, աշխարհի շատ մշակոյթներու համար սահմանափակուած չէ միայն սնունդ ըլլալով, այլ եղած է խորհրդանիշը կեանքի, աշխատանքի եւ մարդկային արժանապտուութեան: Հայկական հացի պատմութիւնն ալ շատ հին է եւ սերտօրէն կապուած է հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն մշակոյթին ու հայ ժողովուրդի գիւղատնտեսական կեանքին հետ: Հայկական խոհանոցը ունի տարբեր տեսակի հացեր, ինչպէս՝ գաթան, մատնաքաշը, ճինկալով հացը եւ լաւաշը, որ անոնցմէ ամէնէն նշանաւորն է: Լաւաշը հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը պատրաստուի հայկական ընտանիքներու մէջ, անիկա բարակ հաց մըն է, որ սովորաբար կը թխուի թոնիրին մէջ: Տանտիկինները ընդհանրապէս միասին կը հաւաքուէին թոնիրին շուրջ, մեծ քանակութեամբ լաւաշ կը թխէին եւ յատուկ բարձիկով մը խմորը կը բակցնէին թոնիրի բարձր ջերմութիւն ունեցող պատերուն, ապա երբ անիկա սկսէր կարմրելու՝ անմիջապէս կը վերցնէին… այս բարդ, հաւաքական աշխատանքը կը ստեղծէր միասնութիւն, համագործակցութիւն, սէր, եւ այդ իսկ պատճառով հայկական գիւղերուն մէջ թոնիրը պարզապէս վառարան կամ փուռ մը չէր, այլ՝ ընտանիքի կեդրոնը, հայկական կենցաղին մէկ կարեւոր մասը․ հացը կը թխուէր միասնաբար եւ կը համարուէր ծիսական ու ընտանեկան արարողութիւն:
Նոյնն էր պարագան Արեւմտահայաստանի մէջ՝ Վան, Մուշ, Էրզրում, Խարբերդ, Սեբաստիա եւ Տիգրանակերտ… լաւաշը հիմնական հացերէն մէկն էր, հոն մեծ քանակութեամբ լաւաշ կը թխէին եւ կը չորցնէին՝ ձմրան եղանակին զայն ամբարելու համար, իսկ գործածելու պարագային՝ զայն ջուրով կը փափկացնէին եւ կ՛ուտէին: Հայկական մշակոյթին, սովորութիւններուն կամ կրօնական ծէսերուն մէջ մնայուն ներկայութիւն է հացը, իւրաքանչիւր տօն ունի իրեն յատուկ հացը, ինչպէս՝ Զատկուան չէորէկը, Սուրբ Սարգիսի աղի կարկանդակը… այսպէս, հացը սնունդ ըլլալու կողքին՝ հայ ժողովուրդի պարագային եղած է եւ կը մնայ սրբազան արժէք, որ կը խորհրդանշէր նաեւ ընտանիք, միասնականութիւն, կեանք ու առատութիւն:
Մեր ժողովուրդի պատմութիւնն ու ապրած վերիվայրումները, գաղթերն ու պատերազմները, հայ ազգը ցիրուցան ըրած են եւ այնպիսի պայմաններ պարտադրած, որ յաճախ դէմ յանդիման գտնուած ենք մեր ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը կորսնցնելու վտանգին, սակայն ի պատիւ հայկական մշակոյթի հզօր գործօնին, կրցած ենք դէմ կանգնիլ այլասերման վտանգին եւ թիկունք կանգնիլ հայապահպանման, որուն կարեւոր ազդակներէն մէկը եղած է հայկական խոհանոցը: Հայկական խոհանոցը եղած է գաղթակայաններու լուսաւոր փարոսը, խոհարարական յիշողութիւնը, մեզ զատորոշած է տարբեր ժողովուրդներէ՝ հացը վերածելով հայ ժողովուրդի գոյատեւման խորհրդանիշ: Հայ մանուկը, խօսելու չսկսած՝ գիտէ հաց-պանիրը, մանկապարտէզի սեղաններուն վրայ, իր մայրենիին հետ կը սորվի հացին պատմութիւնը, ամէնօրեայ Տէրունական աղօթքով Աստուծմէ կը խնդրէ «այսօրուան հացը», եւ մեծնալով հետզհետէ կը գիտակցի հացի կարեւորութեան, աւելին՝ հացի սրբութեան, եւ զայն երբե՛ք չի ձգեր գետին, յարգելով անոր տրուած կարեւորութիւնը… կը գիտակցի «հաց շահելու» անհրաժեշտութեան, կ՛ընտելանայ հացը բարեկամներու հետ բաժնելու ընդունուած սովորութեան, օտարին հետ աղ ու հաց կիսելու գեղեցիկ ժառանգութեան, Կիրակի օրերը սուրբ մասը տուն բերելով բոլորին բաժնելու օրէնքին, նշխարը հացահատիկի պարկերուն կամ աղի տուփին մէջ դնելու սովորութեան, նոյնիսկ՝ մահուան անկողինին վրայ, առանց սուրբ հացին՝ հաղորդութեան՝ իր մահկանացուն չկնքելու բացարձակ իրականութեան:
Երբ պատանի էի, մանկութեանս վայելած ցորենի հեքիաթը արդէն իսկ լռած էր… հացը փուռէն կը գնէինք, իսկ աւելի ուշ, հացը սկսաւ վաճառուելու համրանքով, կերպընկալ տոպրակով, վաճառատուներու մէջ, դժբախտաբար ալ պէտք չկար ցորեն աղալու, խմոր շաղելու, փուռ երթալու, փռապանին կամ յաճախորդներուն հետ զրուցելու, վերջ դնելով հայկական այս իւրայատուկ սովորութեան:
Բայց այսօր, նոյնիսկ հեռաւոր Ամերիկայի կամ Եւրոպայի մէջ, կա՞յ հայու օճախ մը առանց հացի ու պանիրի պաշարին… կը հաւատամ, որ որքա՛ն ալ աւանդութեան կարգ անցած ձեռային այդ աշխատանքները մեքենաներով փոխարինուած ըլլան՝ հացը կը մնայ մեր տուներէն ներս, մեր սեղաններուն վրայ՝ իբրեւ ազգային ժառանգութիւն․ Սփիւռքի տարածքին տակաւին կարելի է գրեթէ ամէն հայու տան մէջ գտնել պանիր-հացի սովորութիւնն ու անոր յամեցող անուշ բոյրը:
Ո՞վ չի յիշեր մեր մեծ մայրերուն՝ վառարանի վրայ տաքցուցած եւ մեզի հրամցուցած հաց-պանիրը, անոր վառելու հոտն ու մեր քիմքերը օծող պանիրին համը… մենք այդ բոլորը տեսանք, վայելեցինք, ապրեցանք եւ չմոռցանք, ժառանգեցինք եւ պահպանեցինք գուրգուրանքով, որդեգրեցի՛նք, եւ ահա այսօր, մեր կարգին զայն մեծ հպարտութեամբ կը մատուցենք մեր թոռներուն, իբրեւ ազգային ժառանգութիւն, իբրեւ շարունակականութեան փաստ եւ ինքնութեան պահպանում:



Leave a Reply