Վեհանոյշն ալ անիշխանական էր տնազուրկը խնամած պահուն

Ստե­փանի ըն­կե­րակ­ցութեամբ շու­տով հա­սան Պա­լըք­լըի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատու­նը։ Վե­հանոյշ անդրա­դար­ձաւ թէ կեան­քին մէջ առա­ջին ան­գամ այսքան կա­նուխ, հա­մարեա առա­ւօտո­ւայ ժա­մերուն կու գայ հոս։ Նման մտա­ծու­մի պատ­ճա­ռը գե­րեզ­մա­նատան զգա­լի խա­ղաղու­թիւնն էր։

Բագրատ Էսդուգեան

Ստե­փանի ըն­կե­րակ­ցութեամբ շու­տով հա­սան Պա­լըք­լըի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատու­նը։ Վե­հանոյշ անդրա­դար­ձաւ թէ կեան­քին մէջ առա­ջին ան­գամ այսքան կա­նուխ, հա­մարեա առա­ւօտո­ւայ ժա­մերուն կու գայ հոս։ Նման մտա­ծու­մի պատ­ճա­ռը գե­րեզ­մա­նատան զգա­լի խա­ղաղու­թիւնն էր։ Բա­ցի դրան մօտ կանգնած պա­հակէն, ոչ ոք կար շուրջբո­լորը։ Ստե­փան կար­գադրեց եւ գե­րեզ­մա­նատան մէջ գոր­ծող ելեկտրա­կան շար­ժա­կով ինքնա­շար­ժը զինք տա­րաւ Տի­րանի շի­րիմին մօտ։

Նախ մտո­վի ար­տա­սանեց «Տէ­րու­նա­կան Աղօթք»ը, ապա մտա­բերեց անցնող եր­կու տա­րինե­րու իր ապ­րումնե­րը։ Կրկին խոր­հե­ցաւ իր հա­րազատ որ­դի­ներուն հետ մատ­նո­ւած օտա­րացու­մի մա­սին։ Տի­րանի բա­ցակա­յու­թիւնով բո­լորո­վին առանձնա­ցած էր։ Վեր­ջա­պէս լե­զու եկաւ եւ սկսաւ ձայ­նա­ւոր պատ­մել վե­րադար­ձով ապ­րած սփո­փան­քը։ Օդա­կայա­նի ոս­տի­կանին ջերմ «Բա­րի Գա­լուստ»ը, Ստե­փանի հո­գատա­րու­թիւնը լաւ տրա­մադ­րած էին զինք։ Պատ­մեց նաեւ Սուրբ Փրկի­չի ծե­րանո­ցի իր սե­նեակը։ Ամէն ին­չով բա­ւարա­րած էին իր ակնկա­լու­թիւննե­րը։ Տա­կաւին եր­կար կրնար զրու­ցել Տի­րանի հետ, քա­նի որ խօս­քի տե­ւողու­թեամբ ամուսնոյն կեր­պարն ալ պատ­կե­րացած էր յի­շողու­թեան մէջ։ Կար­ծես դի­մացը նստած ըլ­լար եւ լսէր Վե­հանոյ­շին։

Այդ տպա­ւորու­թեան տա­րուե­լով քիչ մնաց հարցներ թէ ինք ի՞նչ կ՚ընէ։ Իր օրե­րը ինչպէ՞ս կ՚անցնին։ Յայտնի, ան­յայտ ժպիտ մը ցո­լաց դէմ­քին եւ ապա շտա­պեց ու­րիշնե­րը ժա­մավա­ճառ չը­նելու մտա­հոգու­թեամբ։

Ետ­դարձի ճամ­բուն վրայ Ստե­փան դար­ձեալ հար­ցուց թէ ու­րիշ բա­նի մը կա­րիք կա՞յ։ Գո՞հ է սե­նեակէն։ Վե­հանոյշ բո­լորին ալ պա­տաս­խա­նեց գո­հու­նա­կու­թեան եւ շնոր­հա­կալու­թեան զգա­ցումնե­րով։

Բայց Ստե­փան անակնկալ մը եւս ու­նէր Վե­հանոյ­շին հա­մար։ «Վե­հան մօր­քուր չո­րեք­շաբթի օր վար­սա­վիրա­նոց պի­տի եր­թաս»։ Այս մէ­կը իս­կա­պէս անակնկալ էր։ Զար­մա­ցած աչ­քե­րով նա­յեցաւ Ստե­փանին։ ան ալ ստի­պուե­ցաւ լրա­ցու­ցիչ բա­ցատ­րութիւններ տա­լու։ «Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի կար­գադրու­թիւնն է։ Երգչա­խումբի իգա­կան սե­ռի ան­դամնե­րը որո­շեր են Համ­բարձման Տօ­նի ըն­դա­ռաջ ծե­րանո­ցի կի­ները վար­սա­վիրա­նոց տա­նիլ»։

Խնդի­րը աւե­լի պար­զո­ւեցաւ, երբ յա­ջորդ օր երեք մի­նիպա­սեր մօ­տեցան Սուրբ Փրկի­չի դրան մօտ։ Իւ­րա­քան­չիւրին կ՚ըն­կե­րակ­ցէին մի­ջին տա­րիքով եր­կու կի­ներ։ Անոնք նա­խապէս պայ­մա­նաւո­րուած էին իրենց յա­ճախած վար­սա­վիր­նե­րուն հետ եւ հար­ցուցած էին թէ քա­նի՞ յա­ճախորդ կրնան ըն­դունիլ։ «Իրենք ինչ որ ու­զեն այդ պի­տի ընէք։ Մա­զերը սափ­րել ու­զո­ղինը կը սափ­րէք։ Ներ­կել ու­զո­ղինը կը ներ­կէք, ձեւ տալ ու­զո­ղինը ըստ այնմ։ Ինչ որ ու­զեն այդ ըրէք։ Հա­շիւ­նե­րը մենք պի­տի մու­ծենք»։ Նոյն բա­ցատ­րութիւննե­րը փո­խան­ցե­ցին նաեւ ծե­րերուն։ Մին­չեւ վար­սա­վիրա­նոց հաս­նին ճամ­բու վրայ ծե­րուկնե­րու իրա­րու հետ խօ­սակ­ցութեան նիւթն էր թէ վեր­ջին ան­գամ երբ գա­ցած էին վար­սա­վիրի մօտ։

Նախ­քան հի­ւան­դա­նոց վե­րադառ­նալ մի­նիպաս­նե­րը միաւո­րուե­ցան նա­խապէս ճշդո­ւած սրճա­րանի մը մօտ։ Բո­լոր կա­նայք հիացու­մով դի­տեցին մէկզ միւ­սի յար­դա­րուած, ոմանք ներ­կո­ւած ու բո­լորն ալ աւե­լի գե­ղեց­կա­ցած դէմ­քե­րը։ Պատ­մե­ցին օրո­ւայ հե­տաքրքրա­կան ան­ցուդար­ձե­րը, զրոյցնե­րը, կա­տակ­նե­րը եւ զո­ւարթ տրա­մադ­րութեամբ ինքնա­շարժնե­րու թա­փորով վե­րադար­ձան Սուրբ Փրկիչ։

Թէ՛ դռնա­պան­նե­րու եւ ըն­դունման բաժ­նի աշ­խա­տակազ­մի Օօօ՜ բա­ցական­չութիւննե­րու մէջ ամէն մէ­կը վե­րագ­տած ինքնավստա­հու­թիւնով գա­ցին իրենց սե­նեակ­նե­րը, ան­գամ մը եւս հա­յելիի նա­յելու ցան­կութեամբ։

Ծե­րանո­ցի բնա­կիչ կա­նայք վար­սա­վիրա­նոց տա­նելու խնդի­րը Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի շար­քե­րուն մէջ ալ եր­կար խորհրդա­ծու­թիւննե­րու աւար­տին յստա­կացած էր։ Հար­ցադրու­մը ծա­գած էր մօ­տալուտ «Համ­բարձման Տօ­նի առ­թիւ ինչպէ՞ս նպաս­տել Սուրբ Փրկիչ հաս­տա­տու­թեան» հար­ցումով։ Հա­մոզո­ւելով թէ զա­նազան մի­ջոց­նե­րով կա­րելի է օժան­դա­կել հաս­տա­տու­թեան, առա­ջար­կո­ւեցաւ ան­հատնե­րու, Ազ­գին Տան բնա­կիչ­նե­րուն ուղղեալ աշ­խա­տու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պել։ Գա­ղափա­րը հա­ճելի թո­ւեցաւ եւ բո­լորին միաձայն կար­ծի­քով վե­րածո­ւեցաւ կա­յացած որո­շու­մին։

Մնա­ցեալը կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տու­թիւն էր, որ դիւ­րաւ կար­գադրո­ւեցաւ։ Քա­ղաքա­պետա­րանը հա­մաձայ­նե­ցաւ փո­խադ­րութեան հո­գերը ստանձնել։ Կի­ներու մի­ջոցաւ կար­գադրո­ւեցան վար­սա­վիր­նե­րը։ Օրո­ւայ ըն­թացքին բա­ներ մը ճա­շելու կա­րիքը եւս լու­ծո­ւեցաւ խորհրդա­ծու­թիւննե­րով։

Գոր­ծի դժո­ւարա­գոյն մա­սը ծե­րանո­ցի վար­չութիւ­նը հա­մոզե­լու խնդիրն էր։ Հո­գաբար­ձութիւ­նը, ծե­րանո­ցի պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը յանձնած էր քար­տուղա­րու­հիի մը, որուն աշ­խա­տաոճի առանցքը «ո՛չ»ն էր։ Կը դժո­ւարա­նար իրեն ուղղեալ ամէն տե­սակի առա­ջար­կին յօ­ժարե­լու։ «Ո՛չ»ը ապա­հովու­թեան մի­ջոցն էր, նաեւ անվտան­գութեան վա­հանը։ Հո­գաբար­ձութիւնն ալ գոհ էր անոր այդ խիստ վե­րաբե­րու­մէն։ Իրեն հա­սած բո­լոր գան­գատնե­րու կամ դժգո­հու­թիւննե­րու դի­մաց կը պա­հէր որոշ լռու­թիւնը։ Բան մը՝ որ քար­տուղա­րու­հիին կը շնոր­հէր բա­ցար­ձակ ան­ձեռնմխե­լիու­թիւն մը։

Ճիշդ ալ այդ մեր­ձե­ցու­մով մեր­ժած էր ծե­րերը վար­սա­վիրա­նոց տա­նելու ծրա­գիրը։ «Եթէ պէտք է թող վար­սա­վիրը հոս գայ։ Խո­հանո­ցի մէկ ան­կիւնը տեղ կը տրա­մադ­րենք իրեն, ինչ որ պի­տի ընէ, հոս թող ընէ» ըսած էր։

Հա­զիւ հո­գաբար­ձութիւ­նը հա­մոզե­լով կա­րելի դար­ձաւ այդ ծրա­գիրը իրա­կանաց­նել։

Վե­հանոյշ քար­տուղա­րու­հիի հետ ծա­նօթա­նալէ ետք իմաստ մը տո­ւաւ եկած օրն իսկ զինք սաս­տե­լով խօ­սող բուժքոյ­րին վար­մունքին։ «Յայտնի է որ զի­րար կ՚ըն­դօ­րինա­կեն» խոր­հե­ցաւ։

Ար­դար էր այդ հա­մոզու­մը։

Տի­կին Վե­հանոյշ ըն­տա­նեկան կրթու­թիւնով գի­տէր թէ ան­մի­ջական հա­րազատ­նե­րու շրջա­նակէն դուրս, մա­նաւանդ ալ տա­րիքով մե­ծերու հետ պէտք է խօ­սիլ յոգ­նա­կիով։

Այստեղ այդ կա­նոնը բո­լորո­վին շրջուած էր, քա­նի որ նոյ­նիսկ կրտսե­րագոյն պաշ­տօ­նեան տա­րեց­նե­րուն հետ կը խօ­սէր եզա­կիով, միշտ պա­հելով հրա­մայա­կան եղա­նակի շեշ­տադրու­մը։ Հասկցնել կ՚ու­զէին թէ ան­ցեալին ով որ ալ ըլ­լաս, այ­սօր ին­կած ես մեր ձեռ­քը եւ պի­տի հնա­զան­դիս մեր ցուցմունքնե­րուն։

«Իմ ման­կութեան ժա­մանակ նոյ­նը կ՚ընէին ման­կա­պար­տիզպա­նու­հի­ները։ Անոնք ալ կը հասկցնէին թէ այդ մօրդ, հօրդ տու­նը չէ, իրա­ւունք չու­նիս շփա­նալու, մենք քե­զի կը սոր­վեցնենք թէ ինչ է կար­գա­պահու­թիւնը»։ Այդ ըսե­լով զսպել կը ջա­նային հա­զիւ 5-6 տա­րեկան երա­խանե­րու խինդն ու աշ­խուժու­թիւնը, պար­տադրե­լով որ դա­սարա­նի մէջ ծա­լապա­տիկ նստին ու լսեն իրենց պատ­մածնե­րը։ Եթէ պա­տանի մը անհնա­զանդ գտնո­ւէր, այդ ան­մարդկա­յին ճնշու­մին, կը պատ­ժէին պա­տին տակ մէկ ոտ­քի վրայ կանգնե­լու պար­տադրան­քով։ Ու­րեմն ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ ծե­րանոց իշ­խա­նու­թեան մար­մաջն է էզ­մել են­թա­կայի ան­հա­տակա­նու­թիւնը, նոյ­նիսկ ար­ժա­նապատ­ւութիւ­նը, ապա­հովե­լու հա­մար կար­գա­պահու­թիւն։ Վե­հանոյշ այր մար­դոցմէ լսած­նե­րով գի­տեր թէ նոյնն է՝ կա­նոնը, զի­նուո­րու­թեան պար­տա­դիր ծա­ռայու­թեան շրջա­նին ալ։ Պի­տի հնա­զան­դիս հրա­հանգնե­րուն, առանց անոնց տրա­մաբա­նու­թեան մա­սին մեկ­նա­բանու­թիւն ընե­լու։ «Տի­սիփ­լին» բառը այդ բո­լորին որ­դեգրած սրբու­թեան գաղտնա­գիրն է։ Այդ բա­ռով կ՚ար­դա­րաց­նէին իրենց գոր­ծադրած ճնշու­մը։ Ման­կա­պար­տիզպա­նու­հին, սպան, գոր­ծա­տէրը եւ մեր օրի­նակին մէջ ալ ծե­րանո­ցի պաշ­տօ­նէու­թիւնը… Բո­լորն ալ հնա­զան­դութիւն կը պա­հան­ջէին, հնա­զան­դութիւն եւ պար­տա­ճանա­չու­թիւն։

Եթէ փոր­ձես պա­հել սե­փական մտքի դա­տողու­թիւնը, եթէ մեր­ժես ամ­բողջ դա­սապա­հի մը տե­ւողու­թեան ձեռ­նա­ծալ ու լուռ նստե­լու անի­մաստ հրա­հան­գը, կամ զօ­րամա­սի զու­գա­րանին մօտ հրա­ցանը ու­սիդ հեր­թա­պահու­թիւնը, կը ստա­նաս զա­նազան ածա­կան­ներ։ Մա­նուկ հա­սակիդ քեզ կ՚որա­կեն ան­կարգ, ան­կիրթ, անհնա­զանդ, հետզհե­տէ ար­դի ժա­մանակ­նե­րուն, այս ան­գամ կը դի­մեն նոր բա­ռամ­թերքի։ Օրի­նակի հա­մար «Հի­փերակ­թիֆ» ախ­տա­ճանա­չու­մով, ծնող­քիդ կը թե­լադ­րեն դի­մել հո­գեբոյ­ժի։

Տա­րիքը յա­ռաջա­նալով կը փո­խուի բա­ռամ­թերքն ալ։ Այս ան­գամ ան­կարգու­թիւնը կը դառ­նայ անիշ­խա­նակա­նու­թեան։

Վե­հանոյշ եւս անիշ­խա­նական էր ամ­բողջ թա­ղի մը բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ մեր­ժո­ւած տնա­զուրկը սնա­նած պա­հուն։

Իշ­խա­նու­թիւնը օրէնքնե­րու ճամ­բով կ՚ապա­հովէ ուժ գոր­ծադրե­լու մե­նաշ­նորհը։ Բո­ղոքող­նե­րու պա­հանջնե­րը որ­քան ալ ար­դար ըլ­լան, անոնց դէմ ուժ կի­րակող ոս­տի­կանը կամ բա­նակա­յինը իր բռնու­թիւնը կ՚ար­դա­րաց­նէ օրէնքնե­րու շնոր­հած իրա­ւունքով։ Իսկ օրէնքնե­րը գրող­նե­րը ամէն տե­սակի իշ­խա­նաւոր­ներն են։

***

Համ­բարձման Տօ­նը պոլ­սա­հայոց հա­մար կը նշա­նակէ նաեւ Սուրբ Փրկիչ Հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադրու­թեան տա­րեդար­ձը։ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոցը այդ օր կը դառ­նայ հա­մայնքի ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տը։ Այդ տա­րի ալ պահ­պա­նուած էր եր­կար տա­րինե­րու աւան­դութիւ­նը։ Տօ­նակա­տարու­թիւնը սկսաւ Պատ­րիարք Սրբա­զանի նա­խագա­հու­թեամբ մա­տու­ցո­ւած Սուրբ Պա­տարա­գով։ Աւար­տին Հո­գեհանգստեան կարգ կա­տարո­ւեցաւ հիմ­նա­դիր Քա­զազ Ար­թին Ամի­րայի, Կիւլպէն­կեան Գեր­դաստա­նի ան­դամնե­րուն եւ բո­լոր սա­տարո­ղած հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան հա­մար։

Գլխա­ւորու­թեամբ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան հո­գեւոր արա­րողու­թեան փու­թա­ցած էին հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու խնա­մակալ­ներ, թա­ղական­ներ եւ բա­րերար­նե­րէ բաղ­կա­ցող բազ­մութիւն մը։ Պաշ­տօ­նական այ­րե­րու տո­ղանցք մըն էր կա­տարո­ւածը, քա­նի անոնցմէ մի քա­նին իր հետ ու­նէր կի­նը։

Կա­նացի բա­ցակա­յու­թիւնը հա­մալ­րողնե­րը եղան, ծե­րանո­ցի պատսպա­րեալ կա­նայք։ Անոնք իրենց նոր յար­դա­րուած, ոմանք ներ­կո­ւած վար­սե­րուն պատ­շա­ճող տա­րազ­ներ հա­գած էին այդ օր։ Եր­կար ժա­մանակ ետք առա­ջին ան­գամ յի­շած էին իրենց եր­բեմնի զար­դե­ղէնը եւ պճնուած ի յար­գանս օրո­ւայ իմաս­տին։

Պա­տարա­գի տե­ւողու­թեան Սուրբ Փրկչի Մատ­րան մէջ բո­լորին ու­շադրու­թիւնը կեդ­րո­նացած էր այս տա­րեց կա­նանց վրայ։ Երե­ւոյ­թը նկա­տեց նաեւ Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապե­տը եւ կող­քին կանգնած քար­տուղա­րու­հիին հրա­հան­գեց այդ տի­կին­նե­րը պա­տուոյ սե­ղանին մօտ նստեց­նել։ «Հա­պա այ­րե­րը՞» հար­ցուց քար­տուղա­րու­հին։ Անոնք տիկ­նաց պատ­շա­ճու­թե­նէն բա­ւական հե­ռու էին։ Իրենց ամե­նօրեայ տա­րազ­նե­րով կը հե­տեւէին արա­րողու­թեան։ Սի­րոյ սե­ղանին մաս­նակցե­լու ցան­կութիւն ալ չու­նէին։ Նա­խորդ տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ անձնա­կազ­մը գի­տէր թէ Պա­տարա­գէն ետք բո­լորն ալ իրենց սե­նեակ­նե­րը պի­տի քա­շուին։ Չեն ու­զեր այդ աղմկոտ եռու­զե­ռին մէջ մնալ։

***

Նոյն գի­շեր Սա­յաթ Նո­վացի­ները ժո­ղովի էին եւ կը քննար­կէին իգա­կան սե­ռի ան­դամնե­րու առա­ջար­կը։ Մար­տի 8-ին, Կա­նանց Մի­ջազ­գա­յին Օրին, այս նոյն կի­ները դար­ձեալ դուրս հա­նել ծե­րանո­ցէն եւ բա­ցառիկ գի­շեր մը ապ­րիլ կա­պելա­յի մը մէջ։

(Շարունակելի)

https://www.agos.com.tr/am/news/vyhanvhshn-al-anishkhanagan-er-dnazvwrgi-khnamadz-bahvwn-41377

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2026
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31  

Արխիւ