Առաջին անգամ ըլլալով, արեւմտահայերէնին նուիրուած ֆիլմերու յատուկ յայտագիր մը՝ «Կտոր մը երիզ», պիտի ցուցադրուի Լոնտոնի Հայկական ֆիլմերու փառատօնին (Armenian Film Festival London), որ տեղի պիտի ունենայ Լոնտոնի Ժամանակակից արուեստներու հիմնարկին՝ Institute of Contemporary Artsի (ICA) մէջ, դեկտեմբեր 3էն 6։
Այս առիթով, Լոնտոնի Հայկական ֆիլմերու միութիւնը կոչ կ՛ընէ արեւմտահայերէնով կամ արեւմտահայերէնի մասին ֆիլմերու բեմադրիչներուն, որ իրենց ստեղծագործութիւնները առաքեն, որպէսզի անոնք առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուին նշեալ փառատօնին ընթացքին։ Այս նախաձեռնութիւնը պիտի դառնայ փառատօնի մնայուն բաժիններէն մէկը՝ շարժապատկերի արուեստին ընդմէջէն արեւմտահայերէնը ընկալելու իբրեւ շարժապատկերի ստեղծագործական լեզու։
Փառատօնի համահիմնադիր Տաթեւիկ Այվազեան կը նշէ․ «Արեւմտահայերէնը բանաստեղծներու եւ պատմասացներու, երգերու եւ կատակներու, յիշողութիւններու եւ երազներու լեզու է՝ որ կը խօսուի, կը գործածուի, կը սիրուի եւ կ՛արժեւորուի աշխարհի տարածքին։ Մեր փառատօնին մէջ անոր մնայուն տեղ մը տալը, յատկապէս ICA London-ի նման հրաշալի վայրի մը մէջ, ուր հազարաւոր մարդիկ կը յաճախեն, լեզուին ա՛լ աւելի հնչեղութիւն պիտի տայ։ Ասիկա արեւմտահայերէնով ստեղծագործող բեմադրիչներու պիտի տրամադրէ այն հարթակը եւ ճանաչումը, որուն արժանի են»։
Յայտագիրը պիտի ներկայացնէ ֆիլմեր, որոնք արեւմտահայերէնով են կամ կ՛ուսումնասիրեն արեւմտահայերէն լեզուն, գրականութիւնն ու մշակոյթը. ցուցադրութեան պիտի ընկերակցին բեմադրիչներու հետ զրոյցներ եւ կլոր սեղանի քննարկումներ։ Նախաձեռնութիւնը պիտի ներառէ հրատարակութիւն մը եւ «փոտքասթ»ի հաղորդաշար մը, որ կ՛ուսումնասիրէ արեւմտահայ շարժապատկերի պատմութիւնն ու արդի պատկերը, ինչպէս նաեւ հանրային վարպետաց դաս մը՝ արեւմտահայերէնով բանաստեղծական ֆիլմեր պատրաստելու մասին։
Ծրագիրը կը վայելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութիւնը եւ նպատակ ունի նաեւ հանդիսատեսը ծանօթացնել արեւմտահայ արդի ստեղծագործական դաշտին։
Ֆիլմերու ցուցադրութիւնը, հանրային քննարկումները եւ ստեղծագործական միջավայրի զարգացումը միաւորելով՝ նախաձեռնութեան նպատակն է շարժապատկերի միջոցով ընդլայնել արեւմտահայերէնի, անոր տարբերակներուն եւ զայն խօսողներուն բազմազան փորձառութիւններուն տեսանելիութիւնը, գործածութիւնն ու մշակութային արդիականութիւնը։
Կը հրաւիրուին ամեն տեսակի, ոճի եւ տեւողութեան ֆիլմեր, որոնք պատրաստուած են 2021–2026 թուականներուն միջեւ։
Փառատօնը կ՛ընդունի նաեւ բրիտանահայ բեմադրիչներու գործերը՝ միջազգային ձայներուն կողքին տեղական տաղանդներուն տեղ տալու համար եւ ամրապնդելու Միացեալ Թագաւորութեան հայկական ստեղծագործական համայնքը։
Դիմումները պէտք է ներկայացուին մինչեւ 1 Սեպտեմբեր 2026՝ filmfreeway.com/ArmenianFilmFestivalLondn կայքէջին միջոցով։
Ընտրանին պիտի յայտարարուի 2026ի Սեպտեմբերի կէսերուն։
ՀԱՄԱՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Կիրա Ադիբեկով մրցանակներ շահած համադրող եւ ֆիլմի արտադրող է, ինչպէս նաեւ Chevening կրթաթոշակի շրջանաւարտ՝ Roehampton համալսարանէն Film and Screen Cultures-ի մագիստրոսի աստիճանով։ Ան մաս կազմած է CICAE-ի Berlin International Film Festival-ի դատակազմին եւ Renzo Piano Building Workshop-ի կողմէ նախագծուած GES-2 բազմարուեստ կեդրոնի հիմնադիր խումբին։ Ան համադրած եւ արտադրած է ծրագիրներ Whitechapel Gallery, ICA եւ Pushkin House հաստատութիւններուն մէջ եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Film Lab մը ԹՈՒՄՕի մէջ՝ Հայաստան։
Տաթեւիկ Այվազեան մրցանակակիր գրող եւ ֆիլմի արտադրող է Rebel Republic Films-ի մէջ, եւ Armenian Institute-ի նախկին տնօրէնն է։ Ան արտադրած է Taniel բանաստեղծական ֆիլմը եւ Married to the Music երաժշտական վաւերագրական ֆիլմը. ներկայիս ան կ՛աշխատի քանի մը շարժապատկերներու նախագիծերու վրայ։ Տաթեւիկը նաեւ Wasafiri ամսագիրի Armenian Special Issue-ի համախմբագիրն է եւ International Armenian Literary Alliance-ի ու Azad Archives-ի վարչութեան անդամ։




Leave a Reply