«Ակօս» շաբաթաթերթին հիմնադրութեան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

Լոս Ան­ճե­լըսի Պոլ­սա­հայ միու­թիւնը կը հրա­ւիրէ հա­մայնքի ան­դամնե­րը,ներ­կայ գտնո­ւելու Պոլ­սոյ «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թի հիմ­նադրու­թեան 30-ամեակի ձեռ­նարկին։

Լոս Ան­ճե­լըսի Պոլ­սա­հայ միու­թիւնը կը հրա­ւիրէ հա­մայնքի ան­դամնե­րը, լրագ­րողներն ու բո­լոր հե­տաքրքրո­ւած հիւ­րե­րը, ներ­կայ գտնո­ւելու Պոլ­սոյ «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թի հիմ­նադրու­թեան 30-ամեակի ձեռ­նարկին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ միու­թեան կեդ­րո­նատե­ղիին մէջ՝ Կի­րակի, Օգոս­տոս 2ին երե­կոյեան ժա­մը 6-էն սկսեալ։ Հաս­ցէ՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306։

«Ակօս» երկլե­զու շա­բաթա­թեր­թը, որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ հան­դի­սացած է հայ հա­մայնքի հա­րազատ ձայնն ու ան­կախ լրա­տուու­թեան դրօ­շակա­կիրը, երեք տաս­նա­մեակ շա­րու­նակ ան­խոնջ կեր­պով ծա­ռայած է որ­պէս ճշմար­տութեան, մշա­կու­թա­յին պահ­պանման եւ ազատ ար­տա­յայ­տութեան ամուր պա­տուար, հայ կեան­քէն ներս ստեղ­ծե­լով ու­րոյն հար­թակ մը։ «Ակօս» շա­բաթա­թեր­թը յա­ջողե­ցաւ կա­մուրջ հան­դի­սանալ սփիւռքի, հայ­րե­նիքի եւ տե­ղական հա­մայնքնե­րուն մի­ջեւ՝ ար­ծարծե­լով հան­րա­յին, քա­ղաքա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ ազ­գա­յին կա­րեւո­րագոյն հար­ցեր», կը նշեն կազ­մա­կեր­պիչները։

https://www.agos.com.tr/am/news/agos-shapatatyrtin-himnatrvwtyan-30-amyagin-nvwirvwadz-tzyrnarg-41341

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ