ՏՈՔԹ․ ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Թուրքիոյ հայ բնակչութեան թիւը կ՛ենթադրուի ըլլալ 40,000էն 50,000ի միջեւ, որուն սակաւաթիւը կ՛ապրի Անատոլուի մէջ։ Համայնքի ճնշող մեծամասնութիւնը Պոլիս քաղաքին մէջ կը բնակի եւ կը փորձէ պահպանել իր գոյութիւնը, մշակութային, եկեղեցական, ընկերային ու հասարակական կեանքը, հիմնարկներու-հիմնադրամներու, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու միջոցով։ Ենթադրական այս թիւը ուղղակիօրէն պաշտօնական տուեալ մը չէ, այլ կը հիմնուի եկեղեցական արձանագրութիւններու, համայնքային տուեալներու եւ հետազօտական այլ տուեալներու վրայ։ Այս թիւը հաւանաբար մօտաւոր թիւ մըն է։
Անշուշտ հոս կայ հարց մը, որուն մասին պէտք է խօսինք սրտի ցաւով՝ համայնքին որակը գնահատելու խնդիրը։ 40-50 հազարնոց այս համայնքին մէջ ի՞նչ է տոկոսը այն հայերուն, որոնք կը գուրգուրան իրենց հայկական ինքնութեան վրայ, որքա՞ն ուժեղ կապ կը պահեն իրենց ազգային հաստատութիւններուն, իրենց դպրոցներուն, իրենց մշակութային ակումբներուն հետ եւ, ամէնէն կարեւորը, որքա՞ն կարեւորութիւն կու տան իրենց մայրենի լեզուն պահելու ու գործածելու խնդրին, որքա՞ն կարեւոր կը նկատեն հայալեզու մամուլ ունենալու ու այդ թերթը կարդալու աւանդութիւնը, որքա՞ն հաւատարիմ կը մնան խառն ամուսնութիւններէ խուսափելու ու զուտ հայկական ընտանիքներ կազմելու մօտեցումին կամ իրենց զաւակները տոհմիկ կրթութեամբ մեծցնելու հրամայականին։ Այս բոլոր հարցումներուն պատասխաններն են, որ պիտի ճշդեն թրքահայ համայնքին որակը։
Բայց, հակառակ բոլոր այս ժխտական կողմերուն, համայնքը ունի նաեւ գովելի եւ հպարտացնող կողմեր։ Թէեւ հայկական դպրոցներու աշակերտներուն թիւը տարիէ տարի կը պակսի, 17 հայ վարժարաններ կը շարունակեն գործել իրենց առաքելութիւնը, հայկական 42 եկեղեցիները կը հնչեցնեն իրենց զանգակները, հայ ժողովուրդը իր համեստ նուիրատուութիւններով ոտքի կը պահէ ո՜չ միայն իր դպրոցները, այլ նաեւ իր մշակութային կազմակերպութիւնները, կը շարունակեն ապրեցնել հայ երգը, երաժշտութիւնը, թատրոնը, հայ գրականութիւնը, մեր գեղարուեստը եւ դեռ շատ բան, որոնք եւս կը պայմանաւորեն այս համայնքին որակը։
Սակայն այդ համայնքին մէջէն քանի՞ հոգիի մասնակցութեամբ ու նուիրումով է, որ կը ստեղծուի ու կը պահուի համայնքին պատկերը։ Պատասխանը, ցաւօք սրտի, փոքրամասնութիւն մըն է, որ կը ստեղծէ այս պատկերը․ այնուամենայնիւ մեծամասնութիւնն ալ կ՛օգտուի այդ լաւ բաներէն։
Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կը գործէին շուրջ 2500 հայկական եկեղեցիներ եւ աւելի քան 2500 հայկական վարժարաններ։ Իսկ հիմա ի՞նչ է պատկերը․ բոլորովին տխուր, ահաւոր անկումի մը պատկերն է վիճակը։
Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ ունինք 6 եկեղեցիներ, բայց Անատոլուի մէջ չունինք ո՜չ մէկ դպրոց։ Գոնէ Վագըֆլըգիւղի նման իր հայկականութիւնը պահել յաջողած գիւղի մը մէջ չէի՞նք կրնար ունենալ փոքրիկ դպրոց մը, գոնէ մանկապարտէզ մը։
Բայց, ըստ իս, հարցը նաեւ հետեւեալն է․ արդեօ՞ք 40-50 հազարնոց համայնք մը պիտի կարենար գլուխ ելլել 46 եկեղեցի ու 17 դպրոցէն աւելիին հետ։ Շատ հետաքրքրական հարցում մը ահաւասիկ։
Վարժարաններուն թիւը պակսեցնել ուզող անձերը իրենց տեսանկիւնէն իրաւունք ունին թերեւս։ Եթէ այս խնդրին նայինք տնտեսական ու նիւթական տեսանկիւնէն, ճիշդ է, այս համայնքը կը դժուարանայ պահելու իր այսքան թիւով վարժարաններն ալ, մանաւանդ որ հիմա աշակերտներուն թիւն ալ կը շարունակէ պակսիլ, քանի որ հայ ծնողներ իրենց զաւակները կը նախընտրեն ղրկել օտար վարժարաններ։
Այս բոլորը ճիշդ են։ Բայց կայ մետալին միւս երեսակը, որ փայլուն չէ։ Պէտք է մտածել նաեւ Թուրքիոյ հայ ժողովուրդին թիւը բարձրացնելու հարցին մասին։ Ի՞նչ է հայ ընտանիքներու ծննդաբերութեան թափը, ամէն ընտանիք քանի՞ զաւակ աշխարհ կը բերէ, այս հարցն ընտանիքին տնտեսական վիճակէն կախեալ է:




Leave a Reply