Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնը, Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն, Եւրոպայի մէջ կրօնի ազատութեան ֆորումը եւ Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւնը (Christian Solidarity International) խոր մտահոգութիւն կը յայտնեն եւ կը դատապարտեն Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ընդհանուր քարտուղար, Թուրքիոյ քաղաքացի Ֆերիտուն Հ. Սինիրլիօղլուի ձայնագրուած արտայայտութիւններուն կապակցութեամբ, որոնց մէջ ան, ըստ էութեան, պատրաստակամութիւն յայտնած է իր գրասենեակի աջակցութիւնը տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան` Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը հեռացնելու արշաւին մէջ: Այն հանգամանքը, որ ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնեան կազմակերպութեան մը, որու հիմնարար պարտաւորութիւններու առանցքը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է, թէկուզ եւ հպանցիկ, բայց այնուամենայնիւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու նման խնդրանքին, խորապէս մտահոգիչ է եւ կը պահանջէ անյապաղ ու հրապարակային պարզաբանում:
Մենք կը գիտակցինք, թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ հնչած են այդ յայտարարութիւնները: Անոնք ստացուած են ռուս փրանքըրներու (pranker) կողմէ, որոնք հեռախօսազրոյցի ընթացքին ներկայացած են իբրեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Զրոյցը հրապարակուած է յուլիսի 8-ին: Նշուած փրանքըրները ունին քաղաքական գործիչներու եւ պաշտօնատար անձեր թիրախաւորելու փաստագրուած պատմութիւն` հասարակական զգայուն հարցերու վերաբերեալ յայտարարութիւններ ստանալու նպատակով: Մենք չենք արդարացներ նման խաբէութեան կիրարկումը: Ու թէեւ կը գիտակցինք, որ զրոյցը հնարքով հրահրուած էր, այնուամենայնիւ ընդհանուր քարտուղարի խօսքերը կը բացայայտեն այնպիսի դիրքորոշում, որն անհամատեղելի է անոր պաշտօնի պարտականութիւններու հետ:
Զրոյցի ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը մեղադրած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Հայ Առաքելական եկեղեցին քաղաքականացնելու մէջ: Այնուհետեւ ան համաձայնած է «ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս ԵԱՀԿ-ը կրնայ աջակցիլ Հայաստանի վարչապետ ներկայացող անձին` կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու հարցին մէջ: Երբ ընդհանուր քարտուղարը հարցուցած է, թէ արդեօք ան կրնա՞յ «փոխել կաթողիկոսը», Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ձեւացող անձը պատասխանած է, թէ «կը դիտարկէ բոլոր հաւանական ճամբաները»: Ան խնդրած է ընդհանուր քարտուղարի աջակցութիւնը այն պարագային, եթէ այդ քայլը որեւէ հանրային քննադատութեան արժանանայ, ինչին ընդհանուր քարտուղարը պատասխանած է. «Լաւ, կ՛ընեմ առաւելագոյնը, կը փորձեմ»: Զրոյցի որեւէ փուլին ընդհանուր քարտուղարը չէ առարկած, որ կրօնական առաջնորդի հարկադիր հեռացումը պետութեան կողմէ պիտի խախտէ ինքնին այն հիմնարար ազատութիւնները, որոնց պաշտպանութեան կոչուած է ԵԱՀԿ-ը:
1975 թուականի Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի 7-րդ սկզբունքը կը սահմանէ ԵԱՀԿ-ի հիմնարար յանձնառութիւնը` «Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու յարգում` ներառեալ միտքի, խիղճի, կրօնի կամ դաւանանքի ազատութիւնը»: Այդ յանձնառութիւնը բազմիցս վերահաստատուած է եւ պարտադիր է ԵԱՀԿ բոլոր 57 մասնակից պետութիւններու, ներառեալ` Հայաստանի համար: Կրօնական կազմակերպութիւններու ինքնավարութիւնը եւ իրենց ներքին ու կանոնական գործերը ինքնուրոյն կարգաւորելու ազատութիւնը կը հանդիսանան այդ երաշխիքի առանցքային բաղադրիչները: Քանի որ ընդհանուր քարտուղարին վերապահուած է այդ յանձնառութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը, ան նոյնիսկ զուսպ աջակցութիւն պէտք չի ցուցաբերէ այնպիսի կառավարութեան, որ տրամադրուած է պաշտօնանկ ընել եկեղեցւոյ առաջնորդը:
Այս յայտարարութիւնները չեն կրնար դիտարկուիլ մեկուսի: 2025 թուականի մայիսէն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը համակարգուած եւ շարունակական արշաւ կը կատարէ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ, ինչ որ ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան դէմ ուղղուած աւելի լայն յարձակման մաս է: Վարչապետ Փաշինեան հրապարակայնօրէն կոչ ուղղած է հեռացնելու Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը, հրապարակուած է զայն պաշտօնանկ ընելու քայլերու «ճամբու քարտէս», ինչպէս նաեւ անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցած է կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու հասցէին: Կաթողիկոսի եւ շարք մը եպիսկոպոսներու նկատմամբ կիրարկուած են երկրէն դուրս գալու սահմանափակումներ, իսկ բարձրաստիճան հոգեւորականներ կալանաւորուած են քրէական մեղադրանքներով, որոնք, ըստ երեւոյթին, քաղաքական դրդապատճառներ ունին: Ամբողջութեան մէջ այս գործողութիւնները պետութեան կողմէ կազմակերպուած ջանքեր են, որոնց նպատակն է եկեղեցին ենթարկել կառավարութեան կամքին` վտանգի տակ դնելով Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքը:
Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին քաղաքական վէճի սովորական կողմ չէ: 301 թուականին Հայաստանի կողմէ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունելէն ի վեր եկեղեցին վճռորոշ դեր ունեցած է հայ ժողովուրդի լեզուի, մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ: Այդ դերը Հայաստանի Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածով ճանչցուած է իբրեւ անոր «բացառիկ առաքելութիւն»: Ի տարբերութիւն գլխաւոր քարտուղարի պնդման, թէ կաթողիկոսը կը քաղաքականացնէ եկեղեցին, ան իրականութեան մէջ ձգտած է կատարել ինքնին այդ սահմանադրական առաքելութիւնը` պաշտպանելով հայ ժողովուրդի, ներառեալ` 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղէն ցեղային զտման ենթարկուած հայութեան իրաւունքները: Հետեւաբար, պետութեան կողմէ կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու որեւէ փորձ կը խախտէ ոչ միայն Հայաստանի` կրօնի ազատութեան ոլորտին մէջ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, այլեւ երկրի սահմանադրական կարգը:
Հետեւաբար` մենք ընդհանուր քարտուղար Սինիրլիօղլուին կոչ կ՛ուղղենք`
– հրապարակայնօրէն պարզաբանելու եւ չեղեալ նկատելու որեւէ առաջարկ, թէ ԵԱՀԿ-ը կրնայ աջակցիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի պաշտօնանկութեան կամ որեւէ այլ կերպ միջամտել Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ ներքին կառավարման,
– վերահաստատելու ԵԱՀԿ յանձնառութիւնը Հայաստանի մէջ կրօնի կամ համոզումի ազատութեան պաշտպանութեան նկատմամբ` իր մարդկային չափանիշի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան,
– երկխօսելու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի հետ` ապահովելու համար Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, նրա հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու իրաւունքներու լիարժէք պաշտպանութիւնը:
Մենք պատրաստակամ ենք հանդիպելու ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներու հետ` ներկայացնելու լրացուցիչ տեղեկութիւններ եւ մեր մտահոգութիւնները, եւ պիտի շարունակենք ուշադիր հետեւիլ կազմակերպութեան ղեկավարութեան գործունէութեան: ԵԱՀԿ-ի ղեկավարը պէտք է ըլլայ կրօնի ազատութեան խախտումներու դէմ պաշտպանական պատնէշ, այլ ոչ թէ` անոնց կամաւոր աջակիցը: Հրապարակուած արտայայտութիւններուն վկայութեամբ` ընդհանուր քարտուղար Սինիրլիօղլուն ձախողած է այս քննութիւնը եւ այժմ պարտաւոր է յստակացնել իր դիրքորոշումը:
Ճոն Այպներ, նախագահ, Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն
Եան Ֆիկել, նախագահ, Եւրոպայի մէջ կրօնի ազատութեան ֆորում
Ռաֆայէլ Իշխանեան, նախագահ, Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոն
Սիրանուշ Սահակեան, նախագահ, Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէ
Ծանօթ.- Աւելցնենք, որ ռուս փրանքըրներու վերոյիշեալ արարքը օրին լայնօրէն ցուցադրուեցաւ Ռուսիոյ հանրային հեռատեսիլէն` քարոզչական ինչ-ինչ նպատակներով:




Leave a Reply