Դէմքեր սրբազան, դէմքեր սիրելի (Լիզպոնի հինգին)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Արդար է խոստովանիլ, գէթ մեզի համար, որ ժամանակի թաւալքին հետ մեր տղոց` Լիզպոնի հինգին սխրանքը առաւել կը պայծառանայ, անոնց հոգիներուն վճիտ արձագանգը կ՛ուժեղանայ, անոնց կամքին մեծութիւնը կը բիւրեղանայ, բոցաշունչ եւ ճառագայթող անոնց սիրտերուն տրոփը կ՛ուռճանայ, պարզապէս որովհետեւ անոնք, հայոց ազատագրական պայքարին իրենց կեանքը նուիրաբերելու առընթեր, դարձան մէյ մէկ լուսաւոր աշտանակներ, որոնք լուսաւորեցին հայ կեանքը ընդհանրապէս եւ հայրենապաշտութեան ճանապարհները` ըստ ամենայնի:

Անոնց սրբազան դէմքերը ոչ միայն քանդակուեցան երիտասարդ փաղանգի  հոգեկերտուածքին մէջ, այլեւ ակօսներ բացին հետագայ սերունդներու մտապաշարի պաստառին վրայ` յարացոյց դառնալով ամբողջ ազգին, այլապէս կենդանի վկաները ըլլալով այն պատգամին, թէ առանց զոհաբերութեան ու պայքարի` չկայ ազատութիւն եւ անկախութիւն, չկայ գերիշխան հայրենիք ու պետականութիւն:

Դժբախտաբար ճիշդ է նաեւ այն, որ չորս տասնամեակներու ընթացքին եղան, գտնուեցան հայանուն մարդիկ, որոնք չկրցան ընդունիլ, հասկնալ, ըմբռնել վերեւի ճշմարտութիւնը` պարզապէս յագուրդ տալով իրենց թուլամորթի, խեղճացած, տկլոր եւ ապազգային խառնուածքին, տեսակին:

Առաւել եւս, անոնք ամէն քայլափոխի քամահրանքի եւ անարգանքի խօսքեր բաշխեցին շուրջբոլոր, որպէսզի նսեմացնեն անկրկնելի տղոց անունն ու խոյանքը, եւ, այսպէս ըսած, հայ իրականութեան մէջ սերմանեն ատելավառ տրամադրութիւն:

Իրօք, այսպիսի տմարդիկ մնացին թիւով փոքր, լուսանցքայնացած, խեղճացած եւ մեկուսացած, որովհետեւ լիզպոնեան խոյանքին արձագանգները լսուեցան հայ գաղութներու մէջ, ամբողջ աշխարհի մէջ, ներշնչեցին իրերայաջորդ սերունդներ, որովհետեւ Լիզպոնի տղոց շիրիմը դարձաւ կտոր մը հայրենիք, որով արիացած ու քաջալերուած նորահաս սերունդի զաւակներ իրենց հայեացքը ուղղեցին սրբազան լեռ Արարատին:

27 յուլիս 1983:

Փորթուգալի Լիզպոն քաղաքի երկնակամարը ահաւոր ցնցումի մը հանդիսավայր եղաւ: Հինգ տղաներ յարձակած էին թրքական դեսպանատան վրայ ու գրաւած մասնաշէնք մը:

Մուտքին զոհուած էր Սիմոն Եահնիեան, հրացանաձգութեան պատճառով, իսկ տղաքը յաջողած էին կացութեան տէր դառնալ եւ իմաց տուած ոստիկանութեան, որ միջամտութեան պարագային օդը պիտի հանեն դեսպանատունը:

Միւս կողմէ` Հայ յեղափոխական բանակը կը հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը, որով իրազեկ կը պահէ միջազգային հանրութիւնը. «Ասիկա անձնասպանութիւն եւ խելագարութիւն չէ, այլ բարձրագոյն նուիրաբերում`ազատագրական պայքարին»:

Ապա, քանի մը ժամ ետք կը լսուի ուժեղ պայթում, տեղի կ՛ունենայ ոստիկան ուժերու յարձակում եւ վերջ` գործողութեան:

Հայոց ազատագրական պայքարի խորանին առջեւ իրենց զուլալ արիւնը նուիրաբերած էին աննման տղաքը` արժանանալով նահատակութեան պսակին:

Ու այդ օրէն անոնք կը դառնային Հայ դատի գերագոյն զոհաբերութեան վկաները, ազգին լուսաւոր դէմքերն ու պահանջատիրական ոգիին կայմերը:

Փաստօրէն, 43 տարիէ ու անընդմիջաբար հայ երիտասարդութիւնը երկիւղած եւ հպարտօրէն կը խոնարհի սրբազան տղոց շիրիմին ու յիշատակին առջեւ` բարձր պահելով անոնց արարքին վեհութիւնը:

Ճիշդ է, որ Լիզպոնի տղաքը` Սիմոն Եահնիեան, Սեդրակ Աճեմեան, Սարգիս Աբրահամեան, Արա Գըրճըլեան եւ Վաչէ Տաղլեան չէին տեսած հայրենիքը, չէին համբուրած Հայաստանի հողը, խմած` զուլալ ջուրը, շնչած` անխառն օդը, ապրած` հայրենի բնութեան գեղեցկութիւնը, այդուհանդերձ, անոնք շնորհիւ իրենց ստացած ազգային ու գաղափարական դաստիարակութեան, ընտանեկան հայեցի կրթութեան եւ հայրենասիրական ջերմ մթնոլորտին` կառուցած էին իրենց մաքրամաքուր ներաշխարհը, կոփած կամքերը, եւ օր մը գիտակցաբար նետուած էին պայքարի դաշտ` յանուն հայրենիքի, ժողովուրդի ազատութեան եւ ազգային իտէալներու իրականացման:

Այո՛, լիզպոնեան սխրանքին յաջորդեց արցախեան ազատագրական պայքարը, որով հայութիւնը` ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, հոգեզինեց ինքզինք, վերագտաւ իր ինքնավստահութիւնն ու պայքարելու ոգին, վերաջրդեղեց կենսունակութիւնն ու ճակատագիրը որոշելու գիտակցութիւնը, կռուեցաւ ու յաղթեց թուրքին եւ ազերիին եւ նորահաս սերունդին կտակեց ազատագրուած հող ու հայրենիք:

Մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ Լիզպոնի տղաքը, իրենց արձանագրած տեսանիւթով իսկ բացայայտած էին իրենց կռուելու կամքն ու նահատակուելու որոշումը, այո՛, Արարատին հասնելու դարաւոր երազանքը:

Արդ, մենք ինչպէ՛ս կրնանք անգիտանալ, մոռնալ անոնց վեհափառ սխրանքն ու հայաբոյր տեսակը, յաւերժահունչ կտակն ու սիրելի՛ դէմքերը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ