
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Չիֆթճեանը այս տարուայ պատգամը համակած է Իրանի եւ ողջ աշխարհի խաղաղութեան ու անդօրրի մաղթանքով:
Ամբողջ իսլամական աշխարհի մէջ Իրանը այն երկիրն է, ուր քրիստոնեաները՝ ի մասնաւորի ալ հայերը կ՚ապրին կրօնի լայն ազատութիւն, վայելելով նաեւ պետական աջակցութիւնը։ Այս երկրի մէջ պատմական, մշակութային արժէք ներկայացնող վանքերը ու եկեղեցիները կը նորոգուին երկրի Ժառանգութեան Նախարարութեան՝ (որ ինքնին կը համապատասխանէ այլ երկիրներու մշակոյթի նախարարութեան) նիւթական ու մասնագիտական միջոցներով։
Այդ առումով շատ կարեւոր միջոցառում մըն է Սուրբ Թադէի վանքին կատարուած ուխտագնացութիւնը։ Արդարեւ Հայաստանի Հանրապետութենէ ներս Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութիւնը յայտարարած է որ այս տարի 72-րդ ամենամեայ ուխտագնացութիւնը կատարուած է 16-18 Յուլիս թուականներուն աւելի քան 3000 իրանահայ կամ սփիւռքահայ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Սրբազան Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Չիֆթճեանը այս տարուայ պատգամը համակած է Իրանի եւ ողջ աշխարհի խաղաղութեան ու անդօրրի մաղթանքով:
«Սուրբ Թադէոսը Քրիստոսի առաքեալներից էր, ով քրիստոնէութիւն քարոզելու նպատակով եկաւ այս վայր եւ հէնց այստեղ էլ թաղուած է: Սուրբ Թադէի վանքը քրիստոնէական աշխարհի ամենահին եկեղեցիներից մէկն է»- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշենք որ քրիստոնէական պատմութեան մէջ ընդմիշտ իրարու հետ յիշուող սուրբեր եղած են Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալները, որոնք քրիստոնէութիւնը քարոզեցին Հայաստանի մէջ։
Սուրբ Թադէի վանքի հարեւանութեամբ կառուցուած է Սուրբ Բարթողոմէոսի վանքը եւս, բայց ազգային սահմանագծման հետեւանքով այս վերջինը մնացած է Թուրքիոյ սահմաններու մէջ։ Բարթողոմէոսի տաճարը Վանի Աղբակ գաւառին մէջ երկար տարիներ մնացած է զինուորական արգիլեալ տարածք։ Հազիւ վերջին տարիներուն է, որ զօրամասը լքեց այդ տարածքը եւ եկեղեցին հիմա ալ աւելի ծանր կը վնասուի գանձախոյզներու պատճառած պեղումներով։
«Ակօս»ի հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի մեծ երազանքն էր մասնակցիլ Թադէի ուխտագնացութեան եւ նախքան սահմանը հատելը անպայման այցելել նաեւ Սուրբ Բարթողիմէւսի տաճարը եւ աղօթք բարձրացնել առ Աստուած սուրբի յիշատակին համար։
https://www.agos.com.tr/am/news/tatei-vwkhdaknatsvwtiwni-3000-vwkhdawvrnyrvw-masnagtsvwtyamp-41265




Leave a Reply