Թեհրան. «Ամերիկեան Վերջին Հարուածները Վիժեցուցին Անցնող Ամիսներու Դիւանագիտական Բոլոր Ջանքերը»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բուռն կերպով դատապարտեց իրանեան հողերու դէմ ամերիկեան վերջին հարուածները` Միացեալ Նահանգները ամբաստանելով վերջին ամիսներու ընթացքին շրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման համար թափուած դիւանագիտական բոլոր ջանքերը «վիժեցնելու» յանցանքով:

«Այս վայրագ յարձակումները ոչ միայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն բացայայտ խախտում են, այլ նաեւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վտանգաւոր սպառնալիք», նշեց նախարարութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց, որ այս յարձակումները «վիժեցուցին անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին լարուածութեան մեղմացման եւ Արեւմտեան Ասիոյ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար թափուած բոլոր ջանքերը»:

Իրան Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց «Իրանի անհրաժեշտ դասաւորումներու գործադրութեան գործողութեան մէջ բացայայտ միջամտութեան ճամբով Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան բացակայութեան վերականգնման եւ միջազգային առեւտրական նաւարկումը խանգարելու պատճառ դառնալու մէջ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի ուշ ալ յայտարարեց, թէ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագիրը ճգնաժամի փուլէ կ՛անցնի` ընդգծելով, որ Իրան յուշագիրը խախտել սկսող առաջին կողմը պիտի չըլլայ` Միացեալ Նահանգները ամբաստանելով զայն իրերայաջորդ կերպով խախտելու մէջ:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգները «համբերատար չէին», յուշագիրը խախտեցին եւ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ Իրանի տագնապներուն առնչուած երեսուն օրուան պայմանաժամին աւարտին չսպասեցին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իրան պիտի չտատամսի ինքզինք պաշտպանելու, եւ անոր հակադարձութիւնները պիտի ներառեն որեւէ շրջան կամ կէտ, ուրկէ իր դէմ յարձակումները ընթացք կ՛առնեն` շեշտելով, որ Իրան շրջանային որեւէ պետութեան վրայ չի յարձակիր, եւ իր պաշտպանական հարուածները կը թիրախաւորեն շրջանին մէջ ամերիկեան բանակի ռազմակայաններն ու սարքերը` աւելցնելով, որ շրջանի պետութիւններուն քանի մը անգամ կոչ ուղղած է` Միացեալ Նահանգներուն ու Իսրայէլին Իրանի վրայ յարձակում գործելու համար իրենց հողերը օգտագործել չարտօնելու:

Թեհրան ըսաւ, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան իր հիւլէական կառոյցներ հասանելիութիւն տալու դիմումին պիտի չհամաձայնի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ եւրոպական եռեակը անարժէք է, եւ շրջանն ու աշխարհը կը կրեն ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքները:

Նախարարութիւնը ըսաւ, որ եւրոպական պետութիւնները կարող էին եւ տակաւին կարող են շրջանի զարգացումներուն վերաբերեալ շինիչ դերակատարութիւն ունենալ, սակայն մտադիր չեն այդ մէկը կատարել` Միացեալ Նահանգներուն ենթակայ ըլլալնուն պատճառով:

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդը յայտարարեց. «Հորմուզի նեղուցը նաւերուն դիմաց վերաբանալու միակ ուղին ամերիկեան նախայարձակ բանակին այս նեղուցին մէջ միջամտութիւններուն վերջ տալն է»:

Պահակագունդը նաեւ զգուշացուց. «Ամերիկեան միջամտութիւններու շարունակումը պիտի յանգեցնէ համաշխարհային մակարդակի վրայ քարիւղի եւ կազի ոլորտներուն մէջ աւելի մեծ արկածներու»:

«Հորմուզի նեղուցը մեր գերիշխանութեան մաս կը կազմէ, եւ ամերիկեան բանակին պիտի չարտօնենք այդտեղ իր միջամտութիւնները շարունակել», նշեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Իրանի մէջ շարք մը դիրքերու մէջ զինուորական թիրախներու դէմ տասնեակներով հարուածներ հասցուցած է` առաջին անգամ ըլլալով օգտագործելով քամիքազ անօդաչու թռչող սարքեր եւ քամիքազ հեռակառավարուող նաւակներ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած է Յորդանանի «Ամիր Հիւսէյն» ռազմակայանին մէջ շարք մը հրթիռային մեծ պահեստանոցներ եւ քարիւղի շտեմարաններ:

Պահակագունդը նաեւ թիրախաւորած է Քուէյթի եւ Պահրէյնի մէջ ամերիկեան կառոյցներ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ գործողութիւնը շղթայազերծած է, երբ իր ծովուժը կանգնեցուցած է երկու նաւեր, որոնք իրենց համակարգերը փակած կ՛անցնէին ապօրինի ուղիի ճամբով, ինչ որ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումը կը վտանգէր, ինչպէս նաեւ ամերիկեան բանակը ամբաստանեց այդ շարժումներուն ետին կանգնելու եւ իրանեան ծովեզերեայ ռազմակայաններուն դէմ նոր յարձակումներ գործելու մէջ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեց, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան երկուշաբթի գիշեր կատարած յարձակումը «տասնեակներով» էր` նշելով, որ անիկա կիրակի օր գործուած 140 հարուածներէն նուազ էր:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտնեց. «Իրանեան վարչակարգին դէմ հաստատուած եւրոպական պատժամիջոցները պիտի չվերցուին, մինչեւ որ վերջինս հրաժարի իր հիւլէական ծրագիրէն, շրջանի կայունութիւնը քայքայող իր յեղափոխական ծրագիրէն եւ հեռահար հրթիռներու ծրագիրէն, որոնցմէ մէկ քանին կրնան օր մը Եւրոպան թիրախաւորելու կարող ըլլալ, եւ մինչեւ որ իրանցիներուն ազատութիւն տայ իրենց ապագան կառուցելու»:

Թրամփ. «Իրանի Շրջափակումը Պիտի Վերականգնենք, Եւ Գործողութիւնը Անմիջապէս Պիտի Վերսկսի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին պիտի տիրենք»` նշելով. «Նեղուցը կ՛առնենք մեր վերահսկողութեան տակ, եւ Իրանը ոչինչ ունի: Պէտք էր 47 տարի առաջ անոր դէմ գործել»:

«Հորմուզի նեղուցին հսկողութիւն պիտի կատարենք, եւ ատոր համար նիւթական փոխհատուցում պիտի ստանանք… դրամական մեծ գումար մը: Մեր անձնակազմը վտանգի ենթարկելու համար փոխհատուցում կ՛ուզենք», յայտարարեց ան:

«Իրանի հետ համաձայնութիւն կար, սակայն զայն խախտեցին, եւ անոնք համաձայնութիւնը միշտ կը խախտեն», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրանը չափազանց ուժեղ կերպով պիտի հարուածենք, եւ երէկ գիշեր անոնց ուժեղ կերպով հարուածեցինք», շեշտեց Թրամփ:

Թրամփ աւելցուց. «Իրանի շրջափակումը պիտի վերականգնենք, եւ գործողութիւնը անմիջապէս պիտի սկսի»:

https://www.aztagdaily.com/archives/695248

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ