Բեմադրիչ Շէյլա Քորքութի «Նոյն նռան հատիկները» անուն ֆիլմի մասին խօսեցանք հեղինակին հետ։
Հայաստանի հիմնական շարժանկարի փառատօներէն Ոսկէ Ծիրան Կինօփառատօնը կը կայանայ յուլիս 12-19 թուականներուն Երեւանի մէջ։ Ինքնութեան, յիշողութեան, պատկանելիութեան եւ սերունդներու փոխանցման նիւթերով աշխատող բեմադրիչ Շէյլա Քորքութի «Նոյն նռան հատիկները» անուն ֆիլմին մասին խօսեցանք հեղինակին հետ։
Փառատօնին մասնակցելու իրաւունք ստացած արուեստագէտին պատմութիւնը կառուցուած է՝ ատելութեան փոխարէն սիրով համակեցութեան հասկացողութեան շուրջ։ «Ակօս»ի ընթերցողներուն բաւականին ծանօթ պատում մըն է տիկին Շէյտայի անձնական փորձութիւնները։
Ֆիլմը մրցանակային բաժինին մէջ չէ, այլ փառատօնին արդիւնաբերական հարթակ հանդիսացող GAIFF Pro Work in Progress բաժինին մէջ կը ներկայացուի։ Այս բաժինը այն հարթակն է, ուր հետ-արտադրութեան փուլին գտնուող երկարամեթրաժ ծրագիրները միջազգային մասնագէտներու կը ներկայացուին։ Work in Progress ծրագիրները տարբեր հետ-արտադրական եւ արդիւնաբերական մրցանակներու համար կ՚արժեւորուին։ Ասոնք դրամական մրցանակէ աւելի՝ գունային խմբագրում, ձայն, հետ-արտադրական ծառայութիւններ կամ ոլորտային աջակցութիւն ձեւաչափերով կրնան ըլլալ։ Այս ցուցադրութիւնները հանրութեան բաց կինօ ցուցադրութիւններէ աւելի, ոլորտի վրայ կեդրոնացած են։ Ֆիլմը միջազգային փառատօնային ծրագրողներ, վաճառքի գործակալութիւններ, բաշխողներ, արտադրիչներ, հիմնադրամի ներկայացուցիչներ, հեռուստատեսային խմբագիրներ եւ հետ-արտադրական ընկերութիւններու նման շարժանկարի մասնագէտներ պիտի դիտեն։ Նպատակը՝ ֆիլմին աւարտումին օժանդակող գործընկերութիւններ հաստատել եւ փառատօնային ուղեւորութիւնը սկսիլ է։

Երկար ժամանակ համոզուած էիք որ, սովորական քիւրտ ընտանիքի մը զաւակ էք։ Ինչպէ՞ս իմացաք որ Հայկական արմատներ ալ ունիք։ Կրնա՞ք մեզի հետ բաժնել ձեր ընտանիքին պատմութիւնը։
Մայրս Տիարպէքիր/Քուլփ գաւառէն, հայրս՝ Հաքքարեցի։ Ես Հաքքարի ծնած եմ։ 10 տարեկան էի, երբ Վան փոխադրուեցանք։ Փոքր տարիքիս կը մտածէի որ քիւրտ ընտանիք մըն ենք։ Սակայն ժամանակի ընթացքին մօրս ընտանիքին հայ ըլլալը սորվեցայ։ Ասիկա գաղտնի տեղեկութիւն մը չէր, բայց ես հայկականութեան քրտականութենէ անջատ ինքնութիւն մը ըլլալը հազիւ պատանեկութեանս ժամանակ հասկցայ։ Մօրս հայրը՝ 1915-ին, մանուկ տարիքին ամբողջ ընտանիքը կորսնցուցած եւ պատահականօրէն ողջ մնացած քուլփցի հայ մըն է, անունը՝ Տիգրան։ Լըճէի Սերտէ գիւղի քիւրտ մուխթարը զինք իր քով կ՚առնէ պարտէզին մէջ աշխատցնելու համար։ Անունը կը վերածէ Հասանի։
Մեծ մօրս ընտանիքն ալ Քուլփի մէջ մեծ կորուստներ ապրած հայ ընտանիք մը եղած է։ Անոնք ալ պարտադիր իսլամացած են։ Ի դէմ այս բոլորին մեծ հայրս ու մեծ մայրս գիտակցած են իրենց հայ ինքնութեան եւ այդ գիտակցութիւնը խթանած է անոնց ամուսնութիւնը։
Շատերէն տարբեր ըլլալով մենք մեր հայ ինքնութիւնը ուշ տարիքին պատահականօրէն չենք սորված։ Գիտէինք թէ հայ ենք, բայց երբեք չէինք գիտեր թէ հայ ըլլալը ինչի կը համապատասխանէ։ Թէեւ միշտ կար մշակութային իմաստով քանի մը հետքեր, բայց ոչ հայոց լեզու գիտէինք եւ ոչ ալ կրօնական սովորութիւնները։ Մեր ձեռքին ունէինք միայն հետքեր եւ մեծերէն փոխանցուած պատմութիւններ։ Հազիւ յառաջացած տարիքիս գիտակցեցայ թէ այդ պատմութիւնները ընտանեկան յիշատակներ ըլլալէ բացի, իմ ինքնութեան մասնիկներն էին։

Ընդհանրապէս նման ծանր ցնցումներ ապրած մարդիկ իրենց զաւակներուն այդ տագնապները փոխանցելէ կը խուսափին։ Բայց անհատը իր անձնական փորձառութիւնով կ՚առերեսուի «կեավուր», «որբ», «կորած» բառերուն եւ այդ բառերու իմաստով կը փորձէ ստուգել իր ինքնութիւնը։ Այդ տեսակ բառերը ինչպէ՞ս կ՚ընդունուէին ձեր ընտանիքին մէջ։
Ճիշդ է՝ նման բառերը մեր տան մէջ բաւականին զգոյշ կը գործածուէր։ Օրինակ՝ «որբ» բառը, քանի որ մեծ հայրս որբ մըն էր, այս պատճառաւ մանուկներու հանդէպ յատուկ գուրգուրանք կ՚ունենար։ Մասնաւորապէս հայոց ուղղուած ատելութեան խօսքերը՝ «արժանի էին», «կեավուր էին»ի նման նախադասութիւնները լսած ժամանակ նկարագրելը կամ բացատրելը դժուար լարուածութիւն մը կը զգամ։ Երբեմն ջերմեռանդ կը վիճիմ, երբեմն ալ կը նախընտրեմ հոնկէ հեռանալ։ Թերեւս իմ վրաս աւելի ուժեղ ազդող բանը՝ նման պահերուն մօրս եւ մօրաքոյրերուս լռութիւնն էր։ Այս լռութիւնը ինծի տարիներ ետք շատ բան բացատրեց։ Կարծես ասիկա միայն չխօսիլ չէր, այլ տարիներով տեղ չգտնելու, աներեւոյթ ըլլալու հետեւանք մըն էր։
Ինչո՞ւ DNA փորձարկումի դիմեցիք եւ ինչեր պատահեցաւ արդիւնքին։
Հարիւր տարի առաջ խզուած, մասնատուած ընտանիքէ մը մասնիկներ մնացած ըլլալու յոյսը ունեցայ։ Կեանքիս մէջ յաճախ մտաբերած եմ. «արդեօք աշխարհի մէկ անկիւնը մեր ազգականները կ’ապրի՞ն» հարցումը։ Մեծ հայրս որբ մըն էր, բայց չէինք գիտեր թէ, ի՞նչ եղած էր ընտանիքին մնացեալ անդամներու ճակատագիրը։
Նոյն հարցականը ի զօրու էր նաեւ մեծ մօրս ընտանիքին համար։ Այդ հարցադրումը զիս առաջնորդեց նման փնտռտուքի։ 2023 թուականին դիմեցի DNA-ի ստուգման։ Անկեղծ ըսեմ որ մեծ ակնկալութիւններ չունէի։ Երբ եկաւ ստուգման արդիւնքները, կեանքիս մեծագոյն ցնցումներով փորձուեցայ։ Իմացայ որ աշխարհի տարածքին, բազմաթիւ երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ սերունդի ազգականներ ունիմ։ Առաջին անգամ Ամերիկաբնակ մօրաքոյրս Անահիտը եւ որդին Զոհրապը հասան ինծի։ Խիստ ազդուած էինք նախնիներու հողերուն վրայ ազգական մը գտնելու երեւոյթէն։ Որոշեցին Տիայարպէքիր գալ եւ մեզի հետ ծանօթանալ։ Երբեք չեմ մոռնար այն օրերու յուզումս։ Դար մը առաջ իրարմէ խզուած երկու ընտանիք, հարիւր տարի ետք առաջին անգամ վերստին պիտի հանդիպէին։ Ամբողջ ընտանիքս, մօրաքոյրերս, հօրաքրոջորդիներս հաւաքեցինք ու Տիարպէքիրի մէջ մեծ հանդիպումը կայացաւ։ 85-ամեայ Անահիտ մօրաքրոջ վերջին փափաքը իրականացաւ։ Ժամեր շարունակ պատմական Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ բակին մէջ մեր պատմութիւնները, զգացումները բաժնեցինք իրար հետ։ Մեր մէջ հայախօս մը չկար։ Մեծ բախտաւորութիւն էր որ Անահիտ մօրաքոյրը քրտերէնը չէր մոռցած եւ յաջողած էր ընտանիքի խզուած պատմութիւնը հարիւր տարի անցած շաղկապել մեր օրերուն։ Փազըլին կտորները սկսած էին մէկտեղուիլ։ Ֆիլմն ալ ճիշդ ասոր՝ այս մէկտեղման պատմութիւնն է արդէն։
Ուրեմն հիմա պիտի խնդրեմ որ պատմէք «Նոյն Նռան Հատիկները» անուն վաւերագրական ֆիլմին ստեղծման ընթացքին մասին։
Թերեւս այս ուղեւորութեան սկզբնական սերմը՝ կեանքիս ամբողջ ընթացքին տեղ մը պատկանելու զգացումի բացակայումն էր։ Տան մէջ թրքերէն կը խօսուէր։ Չկրցայ քրտերէն կամ հայերէն սորվիլ։ Մանաւանդ քրտերէն չիմանալով Հաքքարիի կամ Քուլփի մէջ յաճախ այլադասուեցայ։ Թուրքերու մէջ քիւրտ ըլլալուս, Հայաստանի մէջ թրքախօսութեան, Թուրքիոյ մէջ ալ հայկական ինքնութիւնս հրապարակելուս պատճառաւ այլադասուեցայ։ Այս վիճակը միշտ տեղ մը չպատկանելու, ապահով չզգալու զգացում մը ապրեցուց։ Միաժամանակ տարիներէ ի վեր ընտանիքիս պատմութիւնը արձանագրել կ՚ուզէի։ Կը նկատէի թէ ծերերու կորուստով, կ՚ոչնչանար նաեւ յիշողութիւնն ալ։ Քանի որ այդ շրջանին շարժանկարի ուսում կը ստանայի զգացի որ վաւերագրական ֆիլմ մը այս բոլորը արձանագրելու եւ ուրիշներու հետ կիսելու լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլար։ Ինքզինքս թերի զգացած մասերս քով-քովի դնել, անցեալիս հետ կռուելու փոխարէն զայն հասկնալ եւ վերջապէս իմ գոյութիւնը ամբողջականութեան մէջ սիրելու ցանկութիւնով գործի լծուեցայ։ Կ՚ուզեմ որ այս պատմութիւնը՝ իրարու անցած ճանապարհին ոչ թէ ատելութեամբ, այլ սիրով ու հասկնալով նայելու ճամբայ մը բանայ։
Ֆիլմի նկարահանման ժամանակ նկատեցի թէ՝ մանկութեան տարիներուս լսած պատմութիւնները լոկ հեքիաթներ չեն։ Այդ ժամանակ ինծի այնպէս կը թուար թէ շատ հին եւ հեռու ժամանակներու մասին կը խօսուի։ Այդ պատումներու ծանրութիւնը զգացի, երբ տեսախցիկի ետեւն էի։ Երկար տարիներով չխօսուած յիշատակներ վերստին յայտնուեցան։ Մերթ երկար լռութիւններ եղան, մերթ միասին լացինք։ Այդ պահերուն միայն անցեալը չէինք յիշեր. Այլ կ՚ապրէինք անանուն սուգի մը հոգեբանութիւնը։ Ֆիլմը պատճառ դարձաւ որ սուգը անուն մը ունենայ։ Նոր փորձառութիւն մըն էր ընտանիքս վերաճանչնալու առումով։ Հիմա աւելի լաւ կը զգայի անոնց լռութիւնները եւ վախերը։ Այդ յատկութիւններով ֆիլմը միայն անցեալը չի պատմեր. Ընտանիքի անդամներու մէջ ալ փոխակերպում մը կը ստեղծէ։
Հապա ի՞նչ էր ձեր մօր եւ մօրաքրոջ հետ «Ծիծեռնակաբերդ» այցելելու զգացումները։
Այն ուղեւորութիւնը թէ ինծի համար եւ թէ մօրս ու մօրաքրոջս համար շատ խորունկ փորձառութիւն մըն էր։ Երկուքն ալ իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ Հայաստան այցելեցին։ Առաջին անգամ կենդանի հայկական եկեղեցիներ մտան։ Մանկութենէն ի վեր պատմութիւնները լսած, բայց երբեք չտեսած աշխարհագրութեան մը վրայ գտնուիլը անոնց համար նկարագրելը դժուար զգացում մըն էր։ Մէկ կողմէ շատ ուժեղ պատկանելութեան զգացում մը կար, միւս կողմէ մեծ օտարութիւն մը։ Լեզուն չգիտցած, սակայն նոյն արմատէն եկող տեղ մը կու գայինք։ Մշակութային յիշողութեանս մեծ մասը կորսնցուցած էինք։ Ինքզինքնիս թէ՛ շատ մօտիկ, թէ՛ շատ հեռու կը զգայինք։ Ասիկա դժուար, բայց շատ իրապէս ապրուած առերեսում մըն էր։ Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը բոլորիս համար շատ ցնցող եղաւ։ Հոն միասին ծաղիկ խոնարհեցինք։ Այն պահուն զգացի որ միայն մեր ընտանիքին համար չէ, նոյն ցաւը ապրած բոլոր մարդոց համար ալ սուգ կը պահէինք։ Նոյն լեզուն չխօսելով, ճիշդ նոյն մարդոց կ՚ողբայինք։ Թերեւս ֆիլմը ինծի ամենէն շատ ասիկա սորվեցուց. ընդհանուր յիշողութիւնը երբեմն լեզու մը գիտնալէն աւելի ուժեղ է։
«Նոյն Նռան Հատիկները» Իսթանպուլի Կինօփառատօնի «Կամուրջի Հանդիպումներ» հարթակին մրցանակ շահած էր։ Ասիկա ձեր առաջի՞ն մրցանակն էր։ Տարբեր ֆիլմեր ու մրցանակներ ունի՞ք։
Այո, «Կամուրջի Հանդիպումներ»ու շրջագծով ստացած մրցանակը մեր առաջին մրցանակը եղաւ։ Ինծի համար շատ իմաստալից էր, որովհետեւ ասիկա միեւնոյն ժամանակ իմ առաջին երկարամեթրաժ վաւերագրական ֆիլմս է։ Իրապէս այս ուղեւորութիւնը «Ֆիլմամետ»ի շրջագծով կազմակերպուած EurasiaDoc Ծրագրի Զարգացման Հարթակին ընտրուելով սկսաւ։ Ասիկա միջազգային հարթակի մը ուղղած առաջին դիմումս էր եւ առաջին ընդունումս հոնկէ ստացայ։ Ծրագիրս զարգացնելուս եւ միջազգային վաւերագրական միջավայրին ծանօթանալուս տեսակէտէն շատ կարեւոր փորձառութիւն մը եղաւ։ Եւ նաեւ ինծի գերազանց խումբի մը հետ ծանօթանալու եւ աշխատելու առիթ տուաւ՝ մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի շարժանկարի ասպարէզէն։ Ապա Docmonde-ի եւ EurasiaDoc-ի համագործակցութեամբ այս տարի Ղազախստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային համատեղ արտադրութեան հանդիպումներուն Թուրքիայէն ընտրուած միակ ծրագիրը եղանք։ Ասիկա ալ ֆիլմին միջազգային ասպարէզին մէջ հետաքրքրութիւն սկսած ըլլալը զգացնող կարեւոր քայլերէն մէկն էր։ Այս ամբողջ ընթացքը ինծի ցոյց տուաւ. թէեւ շատ անձնական պատմութենէ մը մեկնած ըլլամ, պատմած խնդիրիս տարբեր աշխարհագրութիւններու մէջ արձագանգ մը գտնելը թէ՛ քաջալերութիւն կու տայ, թէ՛ ֆիլմը աւարտելու մեծ ազդակ մը կ՚ապահովէ։
Այս օրերուն Երեւան պիտի երթաք։ Ոսկէ Ծիրան Կինոփառատօնին մասնակցելու ինչպէ՞ս որոշում տուիք։ Յուզուա՞ծ էք։
Այս ֆիլմը կատարած ատենս ամենէն մեծ մտահոգութիւններէս մին, պատմած պատմութեանս համընդհանուր արձագանգ մը ունենալ-չունենալն էր։ Ես գիտեմ որ այս պատմութիւնը իրապէս ինքնութեան, պատկանելիութեան, յիշողութեան եւ սերունդներու վնասուածքի մասին համընդհանուր խնդիր մը կը պատմէ։ Բայց ասիկա հասկցուած պիտի ըլլա՞ր։ Ֆիլմին Ոսկէ Ծիրան Կինօփառատօնի ֆիլմի ծրագիրը աւարտելուն ուղղուած Work in Progress ընտրանիին մէջ ընդունուիլը, այս իմաստով ինծի մեծ ոգեւորութիւն մը տուաւ։ Ատեն առ ատեն աւելցող մտահոգութիւններս նուազեցուց։ Միեւնոյն ժամանակ ինծի համար մեծ յուզումի, պատուի ու երջանկութեան աղբիւր մը եղաւ։ Երեւան երթալը ինծի համար ալ շատ յատուկ նշանակութիւն մը ունի։ Որովհետեւ ֆիլմիս մասերէն ոմանք արդէն Հայաստանի մէջ կ՚անցնին։ Հոն ազգականներուս հանդիպեցայ, սեփական ընտանեկան պատմութեանս հետքերը հետապնդեցի։ Հիմա նոյն քաղաքին մէջ, այս պատմութիւնը շարժանկարի վաստակաւորներու հետ բաժնեկցելը շատ խորունկ զգացում մըն է։ Բնականաբար շատ յուզուած եմ։ Որովհետեւ ասիկա միայն ֆիլմը աւարտելու համար գացած փառատօն մը չէ. տարիներէ ի վեր վրան աշխատած, զիս անձնապէս ալ փոխակերպող ուղեւորութեան մը կարեւոր կայաններէն մէկն է։ Ֆիլմը աւարտած ատեն Երեւանի մէջ ինչպէ՞ս պիտի ընդունուի, շատ կը հետաքրքրուիմ։
https://www.agos.com.tr/am/news/antznagan-badvwmen-hasnil-hamamartgahini-41115




Leave a Reply