Եւրոմիութիւնը աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանագիծի աշխատանքներուն

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսէլ պիտի աջակցի Ախուրիկ-Կայան եւ Մարգարա-Կայան ռազմավարական երթեւեկային  ուղղութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնք սահմանային անցակէտերը պիտի կապեն Հայաստանի ճանապարհային ցանցին։

Առաջին փուլով, Եւրոպական ներդրումային դրամատունը պիտի տրամադրէ խորհրդատուական աջակցութիւն` անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններու շրջանակը սահմանելու եւ յիշեալ ճանապարհային նախագիծերու իրագործելի լուծումները մշակելու նպատակով:

Այս մասին մտադրութիւններու յուշագիրը ստորագրուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ` «Կապակցուածութեան օրակարգի հարթակ»ի մեկնարկային ձեռնարկի ծիրին մէջ՝ Եւրոպական յանձնաժողովի, Եւրոպական ներդրումային դրամատան եւ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան միջեւ։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ նախագիծերը պիտի իրականանան Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ եւ նպատակ ունին նպաստել տարածաշրջանային փոխադրական կապերու զարգացման, Հայաստանի` իբրեւ վստահելի փոխադրական եւ ապրանքներու ու միջոցներու պահպանման հանգոյցի դերակատարութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան կապակցելիութեան օրակարգի յառաջմղման:

https://asbarez.am/archives/504875

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ