«Վանի հայկական եկեղեցին հանձնելու պատրաստ եմ»

Ալ­թայլը բա­ցատ­րեց նաեւ թէ ինչպէս եկե­ղեցիին գտնո­ւած հո­ղատա­րած­քը ան­ցաւ իր ըն­տա­նիքին սե­փակա­նու­թեան:

Լրագրողու­հի Նիլ Կիւլսիւ­մի «YouTube» ծրագ­րի հիւր եղած լրագ­րող Ֆա­թիհ Ալ­թայլըն հար­ցի մը առ­թիւ հե­տեւեալը ըսաւ. «Եկե­ղեցին կամ եկե­ղեցի­ներու հա­մալի­րի գտնո­ւած հո­ղատա­րած­քը ին­ծի չի պատ­կա­նիր։ Այդ հո­ղը գրան­ցո­ւած է մեծ­հայրի­կիս անու­նով։ Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րու­թիւնը թող գայ, ըն­տա­նիքիս միւս ան­դամնե­րուն հետ ալ տե­սակ­ցի։ Թող ստա­նան, գոր­ծա­ծեն, ան­հա­տոյց հան­րա­յին սե­փակա­նու­թիւն դարձնեն, մենք եկե­ղեցա­սէր չենք»։

Ալ­թայլըն բա­ցատ­րեց նաեւ թէ ինչպէս եկե­ղեցիին գտնո­ւած հո­ղատա­րած­քը ան­ցաւ իր ըն­տա­նիքին սե­փակա­նու­թեան՝ «Ճշգրիտ տե­ղեկու­թիւն չու­նիմ, բայց ինչ որ կը խօ­սուէր այն էր, որ այդ ժա­մանակ ըն­տա­նիքին պատ­կա­նող քա­նի մը հո­ղատա­րածքնե­րու վրայ պե­տական շի­նու­թիւններ կա­ռու­ցե­լու ատեն, պե­տու­թիւնը նաեւ իրեն պատ­կա­նող քա­նի մը հո­ղատա­րածքնե­րով փո­խանա­կում կա­տարած էր, այդ հո­ղերէն մէ­կուն մէջ ալ եկե­ղեցին գտնո­ւած է։ Մենք եկե­ղեցին չքան­դե­ցինք, ծա­խելու չձգտե­ցինք, այնպէս է ինչպէս, որ կայ»։

Հար­ցը եր­կար ժա­մանա­կէ ի վեր Հայ հա­մայնքի օրա­կար­գին վրայ կը գտնո­ւի։ Վա­նի Վա­րագա­վան­քի հա­մալի­րը ինչպէս ճար­տա­րապե­տական, կրօ­նական, նաեւ այս հո­ղերուն Հայ­կա­կան ժա­ռան­գութեան տե­սան­կիւնէն կա­րեւո­րու­թիւն ու­նի, սա­կայն հա­մալի­րը անխնամ մնա­լուն պատ­ճա­ռով տա­րինե­րու ըն­թացքին վատ­թա­րացած եւ քան­դո­ւելու եզ­րին հա­սած է։

Մշա­կոյ­թի նա­խարա­րը՝ «Ալ­թայլըի ազատ ար­ձա­կու­մը սպա­սենք» ըսած էր

Հար­ցը Պատ­րիարք Մա­շալեանի 2025 թո­ւակա­նի Դեկ­տեմբե­րին Մշա­կոյ­թի եւ Զբօ­սաշրջու­թեան Նա­խարար Մեհ­մետ Նու­րի Էր­սո­յին կա­տարած այ­ցե­լու­թեան ըն­թացքին ալ օրա­կար­գի եկած է։ Պատ­րիարք Մա­շալեան ընդգծեց, որ Վա­նի Վա­րագա­վան­քը (Եօթ Եկե­ղեցի) վե­րանո­րոգու­թեամբ բա­ցուի­լը այ­ցե­լու­թեան հա­մար տա­րած­քին զբօ­սաշրջա­կան առու­մով կա­րեւոր նպաստ պի­տի հան­դի­սանայ, միաժա­մանակ պի­տի ծա­ռայէ մշա­կու­թա­յին եւ պատ­մա­կան ժա­ռան­գութեան պահ­պա­նու­թեան։ Պատ­րիարք Մա­շալեան յե­տոյ հան­դիպման մա­սին կա­տարած յայ­տա­րարու­թեան մէջ ըսաւ թէ՝ «Պե­տու­թիւնը կա­րող է այս տե­ղը վերցնել», իսկ նա­խարար Էր­սոյ պա­տաս­խա­նեց ըսե­լով թէ պէտք է սպա­սեն սե­փակա­նատի­րոջ, այ­սինքն Ալ­թայլըի ազատ ար­ձա­կու­մը։

Ժո­ղովուրդին մէջ Եօթ Եկե­ղեցի անու­նով ծա­նօթ հա­մալի­րը, 8-րդ դա­րուն կա­ռու­ցուած պատ­մա­կան հայ­կա­կան վանք մըն է։

Տա­րինե­րով վե­րանո­րոգու­թիւն չստա­ցած եւ երկրա­շարժնե­րու ըն­թացքին վատ­թա­րացու­մը հետզհե­տէ աւել­ցած վան­քը, այ­սօր մա­սամբ ալ թա­ղին բնա­կիչ­նե­րուն կող­մէ կը պահ­պա­նուի։

Հար­ցը 2012 թո­ւակա­նին ալ օրա­կար­գի եկած էր։ Ալ­թայլըն, «Նա­խարա­րու­թեան տա­լու հարկ եղած պա­հուն՝ Նա­խարա­րու­թեան, Պատ­րիար­քա­րանին տա­լու հարկ եղած պա­հուն ալ՝ Պատ­րիար­քա­րանին փո­խան­ցե­լու պատ­րաստ եմ։ Ոեւէ նիւ­թա­կան փոխ­հա­տու­ցում ալ չեմ սպա­սեր» ըսած էր։ Պատ­րիար­քա­րանի պաշ­տօ­նատար­նե­րը այն ատեն Ալ­թայլըի յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն գոհ ըլ­լալնուն, սա­կայն գոր­ծող օրէնքնե­րուն հա­մեմատ Պատ­րիար­քա­րանը եկե­ղեցիի մը սե­փակա­նու­թիւնը չի կրնար ու­նե­նալ, սա­կայն պե­տու­թիւնը վար­չա­կան որո­շու­մով եկե­ղեցիի գոր­ծա­ծու­թիւնը Պատ­րիար­քա­րանին կրնայ փո­խան­ցել, ըսած էին։

https://www.agos.com.tr/am/news/vani-hahgagan-ygyghytsin-hantznylvw-badrasd-ym-40959

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ