ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Քանի մը ամիս առաջ շնորհակալութեամբ ստացայ էի, հեղինակին իսկ մակագրութեամբ, վերոնշեալ 30 էջանի գրքոյկը:
Իր ծաւալով փոքր, բայց բովանդակութեամբ հարուստ աշխատասիրութիւն մըն էր, որ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց:
Գրքոյկը պահ մը մեր գրասեղանին վրայ մնաց` սպասելով ընթերցումի:
Պարզապէս որովհետեւ իր բովանդակութեամբ այնքան հետաքրքրական այս գրքոյկը պէտք էր մէկ շունչով կարդալ եւ սպիտակ թուղթին յանձնել սեփական մտորումները:
Ի դէպ, առաջին անգամ չէ, որ վաստակաւոր հրապարակագիր, մտաւորական, գրող, բանասէր, ուսուցիչ, դասախօս եւ ազգային գործիչ Պարոյր Աղպաշեան լոյսին կը բերէ գրականագիտական կալուածի ուսումնասիրութիւններ, որոնք ընթերցասէր հասարակութեան սեփականութիւնը դարձած են եւ արժանացած բոլորին ջերմագին գնահատանքին:
Փաստօրէն, Պարոյր Աղպաշեան տասնամեակներ շարունակ իր կոչումին եւ մասնագիտութեան հաւատաւոր մշակը ըլլալով` անդուլ եւ յարատեւօրէն ծառայած է հայոց լեզուին, գրականութեան, լրագրութեան եւ ընդհանրապէս հայագիտութեան ոլորտներու զարգացման եւ առաւել յառաջդիմութեան:
Արդար է ընդգծել, որ ան, շնորհիւ իր բանասիրական հմուտ ուսմունքին, եզակի ներդրում ունեցած է հայ լրագրութեան թէ գրականագիտական ասպարէզին մէջ:
Ըսինք, որ գրքոյկը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց իր բովանդակութեամբ, ընդգրկած նիւթով եւ ուսումնասիրական աշխատութեամբ:
Ճիշդ է, որ մէկ շունչով եւ մեծ հաճոյքով ընթերցեցինք գրքոյկը, սակայն, պէտք է խոստովանիլ, որ ան գրական-գեղարուեստական շունչին առընթեր կը պարփակէ խոր վերլուծութիւն` մեծն Յակոբ Պարոնեան գրողի, երգիծաբանի, քննադատի, խմբագիրի եւ արդարադատ մտաւորականի բազմաոլորտ ներաշխարհին, մտքին առանցքին ու փայլուն հորիզոններուն վերաբերող:
Իբրեւ բանասէր, Պարոյր Աղպաշեանի սուր հայեացքին արժանացած են Յակոբ Պարոնեանի գրական արժանիքներն ու լեզուական իւրայատկութիւնները: Ան թափանցած է պարոնեանական լեզուամտածողութեան տարբեր շերտերը եւ լոյսին բերած բազում յատկութիւններ, որոնք պատիւ կը բերեն հայ գրականութեան:
Աւելի՛ն. հեղինակը, սեղմ բայց խորասոյզ տողերուն ընդմէջէն ուզած է մօտէն ծանօթացնել անկրկնելի երգիծաբանին աշխարհաըմբռնումը, մարդու տեսակը, աշխարհահայեացքը, մտածելու եղանակն ու ստեղծագործական ոգին:
Իրօք, գրողի մը տեսակ, որուն գաղափարայնութիւնն ու հաւատարմութիւնը, հմտութիւնն ու յանդգնութիւնը, մարդկայնութիւնն ու հայաշունչ վաստակը կը մնան անփոխարինելի, անհասանելի եւ գերազանցապէս ինքնուրոյն:
Փակագիծ մը.- Պարոյր Աղպաշեանի տողերուն մէջ էապէս տեսանելի եւ զգալի է հետեւեալ միտքը,- այսօր, եթէ երբեք հայ իրականութիւնը կ՛ապրի խառնափնթոր եւ խեղճացած գոյավիճակ, որովհետեւ հայ քննադատական միտքը տակաւ կորսնցուցած է իր հնչեղութիւնն ու որակը, այլապէս ալ բացակայ է պարոնեանական ուժեղ, սուր եւ նպատակասլաց արժեհամակարգը:
Աշխատասիրութեան մէջ հեղինակը գրականագիտական մօտեցումով մը վեր կ՛առնէ Յակոբ Պարոնեանի լեզուաբառապաշարը, ցոյց կու տայ անոնց տեղն ու դերը, իմաստն ու կարեւորութիւնը անոր վաստակին մէջ: Հակառակ տուեալ ժամանակի օտար լեզուներու եւ գրաբարի ազդեցութեան, Պարոնեան յաջողած է օգտագործել իր սեփական բառապաշարը, այլապէս ալ իր լեզուամտածողութեամբ շնչաւորելու, իմաստաւորելու եւ ամրագրելու երգիծական արուեստը:
Տեղին է ընդգծել, այս պարագային, Պարոյր Աղպաշեանի ոճային ու լեզուական իւրայատկութիւնը: Ինչպէս միշտ, նաեւ այս աշխատասիրութեան մէջ, ընթերցողը կը հանդիպի հեղինակային բառամթերքի մը, որ ստեղծագործութիւնն է գրագէտին:
Յայտնապէս, Պարոյր Աղպաշեանի գրականութեան առանցքը կը կազմէ հայոց լեզուի բառերու աշխարհը: Ան, կարծես, հրճուանք ու անասելի ուրախութիւն մը կ՛ապրի, երբ առանց վարանումի կ՛օգտագործէ իր սեփական բառապաշարը:
Բառապաշար, որ լիացած է հեղինակի լեզուամտածողութեամբ եւ բանասիրական հմտութեամբ: Փաստօրէն, աղպաշեանական բառապաշարը գրական, լեզուական եւ հնչերանգային ինքնուրոյն հանդերձանք մը ունի:
Հեղինակին խօսքով`«Ի զուր չէ, որ` իմ բանասիրական-լեզուագիտական բնագաւառներէն ներս, անկախաբար իմ խմբագրական-հրապարակագրական եւ այլապէս ազգային-գաղութային գործունէութիւններուս մէջ, միշտ ալ մեր գրողներու բառապաշարային հնչիւնագրութիւնները եւ սերտողութիւնները իրենց բնորոշ եւ յատկանշող երանգներով կարեւորած եմ իրենց հրատապութեամբ ու համապարփակութեամբ, զանոնք նկատելով մեր լեզուին, այս պարագային, ԲԱՌԱՊԱՇԱՐԻՆ ՀՆՉՈՂ ՈՒ ԲԱԲԱԽՈՂ զանգերը…»:
Իրապէս, պատուաբեր ու գնահատելի խօսք, որով կը յատկանշուի Պարոյր Յ. Աղպաշեան:
Փաստօրէն, իր երկարամեայ հրապարակագրական ու գրականագիտական աշխուժութիւնը տիպար օրինակ ըլլալով առընթեր, կը պարփակէ ներուժ, հմայք եւ պատասխանատուութիւն գալիք սերունդները ներշնչելու եւ, ապահովաբար, անոնց ճամբայ հարթելու` հայագիտութեան տարբեր ոլորտներու իւրացման:
Մեծապէս փափաքելին կը մնայ այն, որ Պարոյր Աղպաշեանի գրական-գեղարուեստական վաստակը, սապէս, հայ աշակերտութեան սեփականութիւնը դառնայ, որպէսզի հայ գրականութիւնը շնչաւորուի եւ հայագիտութեան անդաստանը վերածաղկի:
13 յունիս 2026




Leave a Reply