13 յունիս 2026-ին լիբանանահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ արձանագրուեցաւ պատմական իրադարձութիւն մը: Քեսրուանի սիրտը հանդիսացող Ճիւնիի հին թաղամասի մուտքին հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ հայկական յաւերժութեան խորհրդանիշ հանդիսացող «Կենաց ծառ»-ի քանդակով յուշակոթողին:
Նախաձեռնութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքի վարչութեան, համագործակցաբար Ճիւնիի Քաղաքապետական խորհուրդին, հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Ճիւնիի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ` նախագահութեամբ` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի:
Շաբաթ, 13 յունիս 2026-ին յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Ճիւնիի քաղաքապետարանի շէնքը վերածուած էր հայ-լիբանանեան դարաւոր բարեկամութեան եւ եղբայրութեան բաբախող սրտի:
Լիբանանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Ալին Մարաշլեանի բացման խօսքով ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ սոյն յուշակոթողի կանգնման հիմնական պատճառին եւ անոր ունեցած ազդեցութեան լիբանանեան իրականութեան մէջ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Ճիւնիի շրջանին եւ հայութեան միջեւ կապին, որ ինքնին ունի մարդասիրական եւ հայրենասիրական խորհուրդ, աւելցնելով, որ այս կապը աւելի կ՛ամրապնդուի այս յուշակոթողով:
Ապա սկիզբ առաւ օրուան գեղարուեստական յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր հայկական մշակոյթի ներկայացումներ:

Առաջին հերթին, հայկական պարարուեստէն նմուշ մը` նուիրուած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանին, կատարողութեամբ Մեսրոպեանի «Շուշի» պարախումբին` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Աւօ Քարաքէշիշեանի, ներկայացուցին բարձրորակ արուեստ:
Ցուցադրուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի առաքինութիւններն ու Զմմառու մայրավանքի դերակատարութիւնները բովանդակող վաւերագրական մը:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան զեկուցաբեր, լիբանանցի հանրայայտ պատմաբան դոկտ. Իմատ Մուրատ, որուն հետ զրոյցը վարեց լրագրող Մարուան Շիտիաք:

Բանախօսը գիտական ու պատմական խորքով ներկայացուց Լիբանանի մէջ հայութեան դարաւոր գոյութեան արմատները` զանոնք կապելով տակաւին Մեծն Տիգրանի կողմէ տարածաշրջանի եւ Լիբանանի նուաճումին պատմական ժամանակաշրջանին: Ան շեշտեց, որ այդ օրերէն մինչեւ մեր ժամանակները հայերը անգնահատելի դերակատարութիւն ունեցած են Լիբանանի բարգաւաճումին եւ վերելքին մէջ. «Հայ ժողովուրդը անսակարկ կերպով նպաստեց երկրի շինարարութեան, արհեստներու եւ արուեստներու յառաջդիմութեան բնագաւառներուն մէջ: Հոս հայերը հաւատարիմ քաղաքացիներ կը մնան», շեշտեց ան: Ապա շատ կարեւոր անդրադարձ մը ունեցաւ, թէ այսօր որքա՛ն արհամարհուած է մարոնիներու եւ հայերու պատմութիւնը Լիբանանի պետական ուսման պաշտօնական գիրքերուն մէջ. «Հրամայական մըն է, որ պատմութեան նոր գիրքերուն մէջ մարոնի համայնքին ու հայերու պատմութեան, մշակոյթին մասին լայն անդրադարձ կատարուի, որպէսզի նոր սերունդը նաեւ ծանօթանայ շրջանի ճիշդ պատմութեան: Մենք չենք կրնար ըսել, որ հայերը այս տարածաշրջանին մէջ ներկայութիւն ունեցած են Ցեղասպանութենէն ետք, այլ անոնք շատ հին դարերէ ի վեր հոս էին»: Ան շեշտեց, որ հայութիւնը իր քաղաքակրթութեամբ հարստացուց իր գտնուած շրջաններն ու անոնց ժողովուրդը: Տարբեր օրինակներ տալով` բանախօսը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ հայ ու լիբանանցի ժողովուրդները միեւնոյն ճակատագիրին ենթակայ եղած են յաճախ, նշելով, թէ որքա՛ն ծանր պայմաններու մէջ գտնուեցան հայերն ու լիբանանցիները, անոնք այդքան կառչեցան իրենց հաւատքին, աւելի վճռական դարձան ու շարունակեցին իրենց անկոտրում երթը:
Հայոց պատմութեան անդրադարձ կատարելով` դոկտ. Իմատ Մուրատ նաեւ յիշեց, որ վերջին տարիներուն Ազրպէյճան Արցախը բռնի կերպով խլեց հայութենէն, որ երկար տարիներ պայքարեցաւ իր հողի պահպանման համար:
Բանախօսը իր ուսումնասիրութիւններուն ճամբով Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի մասին ձեռք բերած տեղեկութիւնները բաժնեկցեցաւ, յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Լիբանանի մէջ ան արժանացած է յատուկ յարգանքի ու գնահատանքի, միշտ ալ լաւ կապեր ունեցած է միւս համայնքներուն հետ:
Անկէ ետք «Շուշի» պարախումբը երկրորդ պարով մը հանդէս եկաւ:

Ապա Զմմառու միաբան Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեան բացատրեց յուշակոթողին մարմնաւորած խորհուրդը` շեշտելով, որ խաչքարը ընդհանրապէս հայութեան համար հաւատքի, ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ ազգութեան խորհրդանիշն է: Զետեղուելիք յուշակոթողին վրայ կայ կեանքի ծառը, որ կը խորհրդանշէ հայութիւնը, որուն արմատները ամուր են` ժայռի մէջ մխրճուած, ի նշան քրիստոնեայ հաւատքի, ճիւղերը մեկնած են երկինք` Աստուծմէ շնորհ եւ ուժ հայցելով, իսկ ծառին պտուղները սրբութիւնը, նահատակութիւնը եւ նոր կեանքն են, որոնք կը ծնին ցաւէն, իսկ այս բոլորին մէջ կ՛ուրուագծուի Ս. Իգնատիոս Մալոյեանը: «Ասիկա սոսկ քար չէ, որ կ՛անմահացնէ սուրբին յիշատակը, այլ կեանքի ծառ է` փորագրուած ժայռի մէջ, կը պատմէ յառաջիկայ սերունդներուն, որ հաւատքը, զոր ապրեցաւ Ս. Մալոյեան, անմահ է, եւ որ` նահատակներուն արեամբ պատմութեան աւարտը չդրուեցաւ, այլ նոր կեանքի մը սկիզբը` Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին», հաստատեց ան` զուգահեռ մը գծելով այսօր լիբանանցիներուն ապրած դժուարութիւններուն, անոնց գոյատեւման ու հայութեան ապրածին միջեւ:
Տիգրան վրդ. Փիլիպոսեան միաբանութեան անունով շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Ճիւնիի քաղաքապետին` համագործակցութեան եւ ծրագրի իրականացումին համար, եւ սրտագին երախտագիտութիւն յայտնեց յուշակոթողի նուիրատու տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն, որոնց առատաձեռն նուիրատուութեամբ իրականացաւ այս անմահ կոթողի զետեղումը:
Հայրենասիրական եւ ազգային շունչով, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները, ղեկավարութեամբ դոկտ. Էդուարդ Թորիկեանի, հնչեցուցին Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Ով Սուրբ Իգնատիոս» հոգեւոր երգը, որուն հեղինակն է Վարդան Թաշճեան, իսկ երաժշտութիւնն ու դաշնաւորումը կը պատկանի դոկտ. Էդուարդ Թորիկեանին: Արաբերէն լեզուով անոնք ներկայացուցին Զաքի Նասիֆի յօրինած «Իմ շէն Լիբանան հայրենիք» հայրենասիրական երգը, դաշնաւորում` դոկտ. Էդուարդ Թորիկեանի:

Ճիւնիի քաղաքապետ Ֆայսալ Աֆրամ իր խօսքին մէջ յատկապէս շեշտը դրաւ Լիբանանի եւ հայերուն բարեկամական սերտ կապերուն վրայ` ըսելով. «Հայ-լիբանանեան առնչութիւնները անխախտ յենասիւներու վրայ հիմնուած են, եւ այդ անքակտելի համերաշխութիւնը հին դարերէն իսկ արմատ նետած է, եւ մինչեւ օրս այս կապը անխախտ սիւներու վրայ կանգնած` կը շարունակուի»: Այս առումով ան նշեց. «Զմմառու մայրավանքը վկայ, ուր մինչեւ օրս կը շարունակուի նոյն առաքելութիւնը»: Ապա ան բարձրօրէն գնահատեց Զմմառու մայրավանքի վարչութեան եւ Ճիւնիի քաղաքապետարանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որուն արգասիքը կը հանդիսանայ տուեալ յուշակոթողին զետեղումը: Ֆայսալ Աֆրամ իր խօսքը եզրափակեց` յայտնելով. «Ահա թէ ինչո՛ւ քաղաքապետարանը սիրայօժար ընդառաջեց այս անզուգական յուշակոթողի զետեղման` քաղաքի ամէնէն ռազմավարական կեդրոններէն մէկուն մէջ, որպէսզի պատմականօրէն վկայէ հայերու ներդրումը Լիբանանի ծաղկման եւ շէնացման գործընթացին մէջ»: Ապա ան քաղաքապետութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց հոգեւոր տիրոջ:

Աւարտին իր պատգամը յղեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ճիւնիի քաղաքապետին` անոր ազնիւ ներկայութեան եւ քաղաքի դէպի հրապարակը տանող ճանապարհին, քաղաքապետարանին կից հայկական յուշակոթողի տեղադրումի արտօնութիւնը շնորհելուն համար, որով պետականօրէն կարեւորուեցաւ հայ մշակութային յուշակոթողի մը գոյութիւնը շրջանին մէջ:
Հոգեւոր տէրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ աշխարհաքաղաքական արդի ցաւալի իրադարձութիւններուն` զուգահեռներ գծելով պատմական անցեալի եւ ներկայի միջեւ. «Հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութիւնը ահաւասիկ առիթ հանդիսացաւ, որ ազերիները Արցախի հայ տեղաբնիկներուն նկատմամբ վարեն բացայայտ ցեղային զտման քաղաքականութիւն: Անոնք կոպտօրէն կ՛ոտնահարեն իրենց թելադրուած միջազգային պարտաւորութիւնները, շարունակ անտեսելով միջազգային իրաւասու կառոյցներու որոշումներն ու կոչերը, որոնք բարձրաձայն կը յայտարարեն, թէ ազերիները իրաւունք չունին Արցախի հոգեւոր եւ պատմամշակութային դարաւոր կոթողները քանդելու կամ զանոնք այլոց վերագրելով աղաւաղելու: Եւ այս բոլորը կը կատարուին` իրենց թիկունքին ունենալով Թուրքիան, որ ոչ միայն իրենց նեցուկն ու ցեղակից եղբայրն է, այլ նաեւ` այս ոճիրները հրահրող եւ խրախուսող հիմնական ազդակը»:
Իր խօսքի աւարտին հայրապետը կարեւորեց այս յուշակոթողին խորհուրդը` նշելով. «Անիկա կը հանդիսանայ հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու միասնութեան գրաւականը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն եւ յանուն Լիբանանի պաշտպանութեան եւ գերիշխանութեան իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յաւերժ յիշատակին»: Ան նշեց, որ Ճիւնիի սրտին մէջ բարձրացած այս հայկական յուշակոթողը այսուհետեւ պիտի հանդիսանայ Հայ դատի եւ Ցեղասպանութեան լուռ, բայց խօսուն վկան: Ապա Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի արծաթեայ շքանշանը նուիրեց քաղաքապետ Ֆայսալ Աֆրամին:

Հանդիսաւոր ձեռնարկէն ետք քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, համայն ներկաները, ՀԿՄ Զալքայի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` քալեցին դէպի յուշակոթողի տեղադրման վայրը, ուր կատարեցին յուշակոթողի քողազերծումը եւ օրհնութեան աղօթքը:
Յուշակոթողի պատուանդանին վրայ ֆրանսերէն արձանագրութեամբ փորագրուած է հետեւեալ յուշագրութիւնը.
«Ի յիշատակ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումին, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ 1915»:

Այսուհետեւ Ճիւնիի մէջ կանգուն պիտի մնայ հայկական հոգիի մէկ մասնիկը` իբրեւ ուխտատեղի, յիշատակութեան կայան եւ երկու ժողովուրդներու եղբայրութեան յաւերժական խորհրդանիշ:










Leave a Reply