Զաքարիա Միլտանօղլու Սէօլէօզի մասին

Տա­­րօն աշ­­խարհի գա­­ւառ­­նե­­­րէն գաղ­­թած 7 ըն­­տա­­­նիք­­ներ, 32 շունչով եղած են Սէօլէօզի առա­­ջին բնա­­կիչ­­նե­­­րը:

Եսայեան մշա­­կոյ­­թի եւ գրա­­կանու­­թեան միու­­թեան նա­­խաձեռ­­նած «Հան­­դի­­­պում» փա­­ռատօ­­նի հա­­ւանա­­բար միակ ան­­կա­­­տար մնա­­ցած ծրա­­գիրն էր դէ­­պի Պրու­­սա­­­յի եր­­բեմնի հա­­յաբ­­նակ Սէօլէօզ գիւ­­ղը կա­­տարե­­լի շրջա­­գայու­­թիւնը: Եթէ աննպաստ եղա­­նակի պայ­­մաննե­­րու բեր­­մամբ ջնջո­­ւած այդ ծրա­­գիրը իրա­­կանա­­նար, մեր աշ­­խա­­­տակից ճար­­տա­­­րապետ Զա­­քարիա Միլ­­տա­­­նօղ­­լու լրա­­ցու­­ցիչ տե­­ղեկու­­թիւններ պի­­տի փո­­խան­­ցեր այդ վայ­­րի պատ­­մութեան մա­­սին:

4 Յու­­նի­­­սի երե­­կոյեան, Եսա­­յեան Միու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութեամբ այդ հան­­դի­­­պու­­մը կա­­յացաւ Պէ­­յօղ­­լո­­­ւի Ս. Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեց­­ւոյ Նա­­րեկեան սրա­­հին մէջ:

Զա­­քարիա Միլ­­տա­­­նօղ­­լու իր զե­­կոյ­­ցին սկսաւ նախ երախ­­տա­­­պար­­տութեան ող­­ջոյնի խօսք ար­­տա­­­սանե­­լով «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան հիմ­­նա­­­դիր Եդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեանին եւ «Ակօս» թեր­­թի հա­­յերէն էջե­­րու նախ­­կին աւագ խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանին:

«Նա­­խապէս տե­­ղեկու­­թիւն չու­­նէի այս հա­­յաբ­­նակ գիւ­­ղի մա­­սին: Առա­­ջին ան­­գամ Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի հետ այ­­ցե­­­լեցինք Բու­­թի­­­նիոյ այս պատ­­մա­­­կան գիւ­­ղը եւ իր­­մէ լսե­­ցի բա­­զում գի­­տելիք­­ներ: Իսկ Եդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեան միշտ խրա­­խու­­սեց եր­­բեմնի հա­­յաբ­­նակ վայ­­րե­­­րու ուղղեալ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը եւ բա­­ցայայ­­տումնե­­րը: Հե­­տեւա­­բար տե­­ղին է այս մա­­սին մեր երախ­­տի­­­քը յայտնել իրենց յի­­շատա­­կին»

Այս հա­­կիրճ ելոյ­­թէն ետք օրո­­ւան բա­­նախօ­­սը նկա­­րագ­­րեց եր­­բեմնի Հիւ­­տա­­­վեն­­տի­­­կար սան­­ճա­­­քի այս զար­­գա­­­ցած գիւ­­ղի աշ­­խարհագ­­րա­­­կան դիր­­քը:Ապա անդրա­­դար­­ձաւ այդ գիւ­­ղի բնակ­­չութեան ակունքնե­­րուն, պատ­­մե­­­լով թէ Տա­­րօն աշ­­խարհի գա­­ւառ­­նե­­­րէն գաղ­­թած 7 ըն­­տա­­­նիք­­ներ, 32 շունչով եղած են Սէօլէօզի առա­­ջին բնա­­կիչ­­նե­­­րը:

Նախ­­քան 1915 անի­­ծեալ թո­­ւակա­­նը Սէօլէօզ ու­­նե­­­ցաւ մօ­­տաւո­­րապէս 8 հա­­զար բնակ­­չութիւն, որոնց գլխա­­ւոր աշ­­խա­­­տանքն էր շե­­րամա­­բու­­ծութիւ­­նը եւ ձի­­թաիւ­­ղի ար­­տադրու­­թիւնը: Գիւ­­ղի դպրոց յա­­ճախող աշա­­կեր­­տութեան թի­­ւը կը հաս­­նէր 6 հա­­րիւ­­րի:

Ատե­­նախօս Միլ­­տա­­­նօղ­­լու, ինչպէս իր նա­­խորդ զե­­կոյցնե­­րուն, այս ան­­գամ ալ իբ­­րեւ աղ­­բիւր լայ­­նօ­­­րէն օգ­­տո­­­ւեցաւ հայ մա­­մու­­լի ան­­ցեալի էջե­­րէն: Այսպէս ան եր­­բեմն հա­­յերէն, եր­­բեմն ալ հա­­յատառ թրքե­­րէն պար­­բե­­­րական­­նե­­­րու էջե­­րէն քա­­ղած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րով ճո­­խացուց իր պա­­տու­­մը, յի­­շատա­­կելով նաեւ Սէօլէօզ­­ցի անո­­ւանի դէմ­­քեր՝ գրող Յա­­կոբ Օշա­­կանը, գե­­ղան­­կա­­­րիչ Ժան­­սե­­­մը եւ շար­­ժանկա­­րիչ Սերժ Աւե­­տիքեանը:

Մի­­ջոցա­­ռու­­մը աւար­­տին հա­­սաւ հար­­ցում-պա­­տաս­­խա­­­նի դրու­­թեամբ:

Եսա­­յեան մշա­­կոյ­­թի եւ գրա­­կանու­­թեան մու­­թեան անու­­նով Նա­­րօտ Աւ­­ճը եւ Վա­­հագն Քե­­շիշեան թէ բաց­­ման եւ թէ փակ­­ման ու­­ղերձնե­­րու ըն­­թացքին յա­­տուկ շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնե­­ցին թա­­ղական խոր­­հուրդին, սրա­­հը տրա­­մադ­­րե­­­լու պատ­­րաստա­­կամու­­թեան հա­­մար:

Մենք ալ կը շնոր­­հա­­­ւորենք բա­­նախօս Զա­­քարիա Միլ­­տա­­­նօղ­­լուն, այս խիստ ու­­սուցո­­ղական զե­­կոյ­­ցին, իսկ միու­­թեան ան­­դամնե­­րը իրենց անվհատ աշ­­խա­­­տու­­թեան հա­մար:

https://www.agos.com.tr/am/news/zakaria-mildanoghlvw-seoleozi-masin-40850

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ