Քսան կախաղաններու յիշատակին. կախաղանը չկրցաւ յաղթել գաղափարին

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նահատակներու, հերոսներու եւ գաղափարական մարտիկներու վկայարան է: Այդ երկար ու տառապալից ճամբուն վրայ կան դէպքեր եւ անուններ, որոնք ժամանակի հոլովոյթին մէջ չեն խամրիր, որովհետեւ անոնք դարձած  են ազգային յիշողութեան, հաւաքական խղճի եւ արժէքային ժառանգութեան անխզելի  օղակները: Այդպիսի փառապանծ էջերէն մէկն է Քսան կախաղաններու նահատակութիւնը:

15 յունիս 1915-ը Հայոց պատմութեան մէջ օր մըն է, երբ գաղափարը փորձուեցաւ կախաղան բարձրացնել, սակայն գաղափարը աւելի հզօր դուրս եկաւ մահէն: Ան օր մըն է, երբ քսան հայ մարտիկներ իրենց կեանքով վկայեցին, որ ազգային արժանապատուութիւնը, ազատութեան իտէալը եւ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը անկարելի է  լռեցնել բռնութեամբ:

Տասնիններորդ դարու վերջաւորութեան եւ քսաներորդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան հայութիւնը կ՛ապրէր քաղաքական անիրաւութեան, տնտեսական ճնշումներու եւ ազգային հալածանքներու  ծանր պայմաններու տակ: Այդ մթնոլորտին մէջ ծնան ազգային-քաղաքական շարժումները, որոնք կը ձգտէին պաշտպանել հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ ապահովել անոր անվտանգ ու արժանապատիւ գոյութիւնը հայրենի հողերուն վրայ:

Հնչակեան կուսակցութիւնը այդ շարժումներէն մէկն էր: Ան իր ծրագիրին կեդրոնը դրած էր Արեւմտահայաստանի  ինքնավարութիւնը, ընկերային արդարութիւնը եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Օսմանեան իշխանութիւնները հայ քաղաքական շարժումները կը դիտէին իբրեւ սպառնալիք եւ կը փորձէին լռեցնել անոնց ձայնը:

1914 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան Հնչակեան կուսակցութեան բազմաթիւ գործիչներ: Երկարատեւ դատավարութիւններէ ետք քսան հայրենասէրներ մահուան դատապարտուեցան: Նպատակը միայն այդ անհատները պատժելը չէր. նպատակը ամբողջ հայ ժողովուրդը ահաբեկել էր եւ   փշրել  անոր ազգային պահանջատիրութեան ոգին:

Սակայն պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ բռնութիւնը անկարող է սպաննել գաղափարը:

15 յունիս 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ Սուլթան Պայազիտի հրապարակին վրայ Քսանները  բարձրացան կախաղան:

Անոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէր Փարամազը` Մատթէոս Սարգիսեանը, որ դարձաւ գաղափարական աննկունութեան խորհրդանիշ: Ան եւ իր ընկերները բացառիկ արիութեամբ  կանգնեցան մահուան դիմաց` ապացուցելով, որ մարդկային կամքը կրնայ աւելի հզօր ըլլալ, քան` բռնապետութեան բոլոր միջոցները:

Քսան կախաղաններու նահատակութիւնը տեղի ունեցաւ այն օրերուն, երբ արդէն սկսած էր Հայոց ցեղասպանութեան մութ շրջանը: Անոնց մահապատիժը կարելի չէ դիտել մեկուսացած դէպք: Ան մաս կը կազմէր այն ծրագրուած քաղաքականութեան, որուն նպատակն էր հայ ժողովուրդը զրկել իր մտաւորական, քաղաքական եւ ազգային առաջնորդներէն, ապա` իրականացնել համատարած բնաջնջումը:

Ի՞նչ կը հետապնդէին Քսանները: Այս  հարցումին պատասխանը Փարամազ  յստակօրէն բացատրած է Վանի զինուորական ատեանին առջեւ, 1914-ին, իր  արտասանած հռչակաւոր «Հայու պահանջը»  ելոյթին մէջ: Այդ խօսքերը կարծէք  այսօրուան հայ իրականութեան համար գրուած պատգամ մը  ըլլային… «Հոն, ուր արդարութիւն չկայ, ամէն հաւատարմութիւն կեղծ է»` այս միտքը մեզի կը յիշեցնէ, որ ազգային քաղաքականութիւնը չի կրնար հիմնուիլ միայն շահի, վախի կամ ժամանակաւոր հաշիւներու վրայ, այլ պէտք է խարսխուի արդարութեան եւ արժանապատուութեան վրայ: Իսկ «Ազգային առնական քաղաքականութիւն` ահա մեր պահանջը» կոչը այսօր կը թելադրէ ինքնավստահ, սկզբունքային եւ հեռատես կեցուածք, որ չի հրաժարիր իր պատմական իրաւունքներէն եւ կը  մերժէ ազգային արմատներու օտարացումը: «Փոխանակ կաթիլ-կաթիլ մեռնելու եւ անէանալու` հայը մի անգամ էլ պիտի մեռնի, որ հայը ապրի» խօսքերը անհրաժեշտ է հասկնալ խորհրդանշական իմաստով. պատրաստակամութիւն` սպաննելու վախը, անտարբերութիւնը, ներքին բաժանումները եւ պարտուողականութիւնը, որպէսզի վերածնի ապրող, արժանապատիւ եւ իր ճակատագիրը ինքնուրոյն կերտող հայը:

Փարամազ կախաղանին վրայ միայն իր կեանքը չզոհաբերեց, այլ կտակեց ազգային քաղաքական մտածողութեան չափանիշ մը, որ այսօր ալ կը շարունակէ մեզ հարցաքննել: Ան կը զգուշացնէ` հոն, ուր կը զոհուի արդարութիւնը, հաւատարմութեան մասին բոլոր ճառերը կը դառնան դատարկ բառեր: Ուստի այսօր եւս մեր պահանջը պէտք է ըլլայ ազգային առնական քաղաքականութիւն` հիմնուած արժանապատուութեան, պատմական յիշողութեան եւ անզիջում իրաւատիրութեան վրայ: Ամէն սերունդ իր ձեւով պէտք է մեռցնէ ի՛ր վախերը, ի՛ր անտարբերութիւնը եւ ի՛ր պարտուողական հոգեբանութիւնը, որպէսզի ապրի ազատ, ինքնավստահ եւ իր իրաւունքներուն տէր հայը: Ահա թէ ինչո՛ւ Փարամազի պատգամը միայն պատմական մէջբերում մը չէ, այլ` այսօր եւս  հնչող ազգային խղճի կոչ մը:

Քսան կախաղանները կը պատկանին համայն հայ ժողովուրդին` անկախ քաղաքական հայեացքներէն կամ կուսակցական պատկանելիութենէն: Անոնք կը մարմնաւորեն այն սերունդը, որ իր կեանքը չխնայեց հայրենիքին, ժողովուրդին եւ արդարութեան իտէալներուն համար: (Յանուն  պատմութեան, այստեղ պարտք կը զգամ ընդգծելու` 1918-1920 թուականներուն, Պոլսոյ  մէջ  Քսաններու սգահանդէսներուն  խօսք առած են ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ՌԱԿ-ի  ներկայացուցիչներ):

Աւելի քան մէկ դար անցած է այդ օրէն, սակայն տակաւին կը հնչէ Քսաններուն պատգամը: Մեր օրերուն եւս հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ինքնութեան, պետականութեան, ազգային անվտանգութեան եւ պատմական յիշողութեան հետ կապուած բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այս պայմաններուն մէջ Քսան կախաղաններու յիշատակը ներկայի եւ ապագայի ուղղուած բարոյական կոչ մըն է միաժամանակ:

Այսօր, երբ կը խոնարհինք հնչակեան Քսան կախաղաններու յիշատակին առջեւ, մենք ոչ միայն կը յիշատակենք անոնց նահատակութիւնը, այլեւ կը վերարժեւորենք այն գաղափարներն ու իտէալները, որոնց անոնք անմնացորդ նուիրուեցան: Այսօր, երբ կը խոնարհինք հնչակեան Քսան կախաղաններու յիշատակին առջեւ, մենք կը խոնարհինք գաղափարի, ազգային արժանապատուութեան եւ անձնազոհութեան այն անմահ խորհրդանիշներուն առջեւ, որոնց կեանքն ու զոհաբերութիւնը լուսաւոր  ուղեցոյց դարձաւ սերունդներու համար: Մենք կը վերանորոգենք մեր ուխտը պատմութեան հետ, կը վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը ազգային իտէալներուն եւ կ՛ուխտենք երբեք չմոռնալ անոնց զոհաբերութիւնը:

Կախաղանները անցան, բայց գաղափարները մնացին:

Մարմինները նահատակուեցան, բայց ոգին անմահացաւ:

Եւ այդ ոգին այսօր եւս կը շարունակէ լուսաւորել հայ ժողովուրդի ազգային ճամբան:

Քսաններու յիշատակը այսօր եւս կը շարունակէ բարոյական պատգամ մը յղել հայ ժողովուրդին: Այդ պատգամը կոչ մըն է` պահպանելու ազգային յիշողութիւնը, ազգային խորհրդանիշները, պաշտպանելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ ամրապնդելու համազգային միասնականութիւնը: Որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ կը մոռնայ իր նահատակները, կը վտանգէ իր ներկան ու ապագան:

Քսան կախաղաններու կտակը ազգային խղճի մշտարթուն ձայն մըն է, որ իւրաքանչիւր սերունդի կը յիշեցնէ` միայն հաւատքով, զոհողութեամբ եւ աննկուն կամքով  կը պահպանուին  ազատութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազգային իրաւունքները:

Քսան կախաղաններուն յիշատակը կը յարգենք ոչ այնքան ծաղիկներով կամ յուշարարողութիւններով, որքան`  մտածողութեան, կեցուածքի, գործելաոճի վերածելով ազգային  կեանքի  մէջ անոնց կտակած արժէքները:

Յաւե՛րժ փառք` հնչակեան Քսան կախաղաններուն:

Յաւե՛րժ փառք` հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ