Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի մէջ կայք հաստատած քեսապցի պանդուխտներէն շատեր կամաւոր արձանագրուած եւ Արեւելեան լեգէոնին միացած էին: Կամաւորները Կիպրոսի մէջ զինավարժութեան հետեւած եւ յետոյ Եգիպտոս` Փոր Սայիտ ու հոնկէ ալ Իսմայիլիա փոխադրուած էին:
Արեւելեան լեգէոնին առաջին եւ երկրորդ գումարտակները 12 յուլիս 1918-ին Իսմայիլիայէն Մեժտէլ փոխադրուեցան, ուր անոնց միացան արաբ սուրիացի 250 կամաւորներ:
Զօրավար Ալենպի, որ Պաղեստինի ճակատը ճեղքելու առաջադրանքով յարձակում մը կը նախապատրաստէր, վերակազմեց իր բանակը: Այդ բանակին մէջ հայ կամաւորները կը կազմէին երեք վաշտ (պաթայոն), մէկ գումարտակ արագահարուածներ եւ 37 միլիմեթրնոց թնդանօթաձիգներու խմբակը. հայ կամաւորներու կողքին կը գտնուէր սուրիական գումարտակը:
Զօրավար Ալենպիի հրամանին վրայ օգոստոս 25-ի երեկոյեան բանակը շարժեցաւ դէպի յառաջացեալ դիրքեր եւ ուշադրութիւն չգրաւելու համար գիշերները քալելով եւ ցերեկները հանգիստ ընելով հասաւ Ռամլէ, ուր ձիթենիներու անտառի մը մէջ հանգստանալէ ետք ճամբայ ելաւ դէպի Լիւտ:
* * *
Լիւտի մէջ զօրավար Ալենպի իր ուժերը բաժնեց ճակատի ամբողջ երկայնքին:
Այնուհետեւ տեղագրական ուսումնասիրութեան եւ թշնամի դիրքերու եւ ուժերու դասաւորումներու մասին տեղեկութիւններու համար հետախուզական աշխատանքներ տարուեցան:
Ուսումնասիրական աշխատանքներէ եւ հետախուզական տեղեկութիւնները համադրելէ ետք կռուի դաշտին յատակագիծը պատրաստուեցաւ:
Արեւելեան լեգէոնը օգոստոս 30-ին հասաւ Ուատի Պալութի Ռաֆաթ գիւղը: Գիւղին հանդիպակաց կողմը, 350 մեթր բարձրութեամբ բլուրին միւս կողմը, քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արարայի մէջ, թրքական ամէնէն զօրաւոր դիրքերը հաստատուած էին:
Ռաֆաթի մէջ վերջին պատրաստութիւնները տեսնուեցան: Հետախուզական տեղեկութիւններու համաձայն, 37 միլիմեթրնոց թնդանօթները անբաւարար էին խորտակելու թրքական պաշտպանական գիծերը: Հետեւաբար քանի մը օր ետք Արեւելեան լեգէոնի տրամադրութեան տակ անգլիական «Սթոք» տիպի թնդանօթներ դրուեցան:
Արեւելեան լեգէոնը սեպտեմբեր 14-ի երեկոյեան շարժեցաւ դէպի ռազմաճակատին յառաջացեալ դիրքերը: Սպայակոյտի որոշումին համաձայն, առաջին գիծին վրայ դիրք բռնեցին երկրորդ գումարտակի զինուորները, այսինքն` չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ վաշտերը, որոնք մեծ մասամբ ամերիկահայ եւ քեսապցի կամաւորներէ բաղկացած էին:
Ռազմաճակատի գիծը կ՛երկարէր Միջերկրականէն մինչեւ Յորդանան գետ: Այդ գիծին վրայ կեդրոնացած էր բրիտանական 76 հազարնոց բանակ մը` հինգ հարիւր թնդանօթներով, որ կը գտնուէր զօրավար Ալենպիի հրամանատարութեան տակ: Ֆրանսական զօրագունդը կը հաշուէր եօթը հազար զինուոր, որ կը գտնուէր գնդապետ տը Փիեփափի հրամանատարութեան տակ, բաղկացած` ալճերիացի հրացանակիրներէ, մէկ գումարտակ Արեւելեան լեգէոնէն, հրետանիի երեք խումբերէ եւ Լը Պոնի հրամանատարութեան տակ գործող հեծելազօրքէ եւ ինքնաշարժներէ:
Ռազմաճակատին միւս կողմը, դաշնակից բանակներուն դիմաց կային թուրք եւ գերմանացի յիսուն հազար զինուորներ, երեք հարիւր թնդանօթներով, որոնք կը գործէին զօրավար Լիման ֆոն Զանտերս փաշայի հրամանատարութեան տակ:
Զօրավար Ալենպի յարձակումին վերջնական յատակագիծը պատրաստեց, զինուորական կեդրոնացումները եւ դիրքերը ճշդեց, իսկ թշնամի հետախուզութիւնը շփոթեցնելու համար փոքրաթիւ ուժեր տեղափոխեց Յորդանանի հովիտին մէջ: Յարձակումի թուական ճշդուեցաւ 19 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 4:30-ը:
* * *

Արարայի (Հաուրարա) բարձունքներուն վրայ հաստատուած թրքական եւ գերմանական դիրքերը ռազմագիտականօրէն լաւապէս պաշտպանուած էին եւ կը նկատուէին անխորտակելի:
Զօրավար Ալենպիի պատրաստած զինուորական նախագիծին համաձայն գնդապետ տը Փիեփափի հրամանատարութեան տակ գործող ֆրանսական զօրագունդերը Սարոնի դաշտէն դէպի ծովեզերք երկարող գօտիին վրայ դիրքեր բռնեցին: Իսկ դէպի արեւելք, Արարայի բլուրներուն հանդիպակաց կողմը դիրք բռնեց Արեւելեան լեգէոնը` գնդապետ Ռոմիէոյի հրամանատարութեան տակ:
Ռազմաճակատի գիծը 24 քիլոմեթր երկարութիւն ունէր: Ամէն կողմ խրամներ փորուած եւ ամրացուած յենակէտեր հաստատուած էին:
Թրքական եւ գերմանական բարձր դիրքերը գերակշռութիւն ունէին: Գլխաւոր բարձունքին վրայ թուրքեր ութ հազար զինուոր եւ 130 թնդանօթ կեդրոնացուցած էին: Բարձունքը քանի մը շարք խրամներով ու դիրքերով պաշտպանուած էր եւ աննուաճելի կը նկատուէր:
Դաշնակից բանակներուն դիրքերը թզենիներու եւ ձիթենիներու պուրակներով ծածկուած բաց դաշտի վրայ կը գտնուէին: Խրամներուն առջեւ, ճակատի գիծի երկարութեամբ 400 թնդանօթներ զետեղուած էին:
Սեպտեմբեր 18-ի յետմիջօրէին արդէն յստակ էր որ յարձակումը պիտի սկսէր: Ամէն կողմ եռուզեռ կը տիրէր, նորանոր կեդրոնացումներ կը կատարուէին եւ վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնուէին: Հրամանատարներ եւ սպաներ դիրքէ դիրք կը շրջէին, վերջնական դասաւորումներ կը կատարէին եւ անհրաժեշտ հրահանգներ կու տային:
Այդ գիշեր հայ կամաւորները խումբ-խումբ իրարու քով հաւաքուեցան, մտերմիկ խօսակցութիւններ ունեցան, սեղաններ սարքեցին գետնի վրայ, իրարու կենաց խմեցին եւ գինիի գաւաթներ պարպեցին. մինչ ամէն կողմ, գիշերուան մութին «Մեր հայրենիք»-ը կը հնչէր:
* * *

Սեպտեմբեր 19-ի արեւածագէն առաջ, ժամը 4:30-ին զօրավար Էտմունտ Ալենպի յարձակումին ազդանշանը տուաւ: Բանակը սկսաւ դուրս գալ դիրքերէն եւ խրամներէն եւ դանդաղ, կշռուած քայլերով ու մեծ զգուշութեամբ յառաջացաւ դէպի թրքական դիրքերը: Անգլիական 54-րդ զօրաբաժինը յարձակման անցաւ Քաֆր Քասիմէն Զաուիէ երկարող գօտիին վրայ: Հայկական կամաւորական առաջին եւ երկրորդ գումարտակները յարձակում շղթայազերծեցին Զաուիէէն Ռաֆաթ տարածուող դիրքերուն վրայ: Իսկ անգլիական 10-րդ զօրաբաժինը շարժեցաւ Արարայի հարաւային կողմերուն ուղղութեամբ:
Այս զօրաբաժինները յարձակում գործեցին գրեթէ միեւնոյն ժամանակ: Նոյն պահուն սկսաւ սաստիկ թնդանօթաձգութիւն մը` ծուխով եւ բոցով պատելով շրջապատը: Անգլիական հրամանատարութիւնը գործի լծեց նաեւ օդուժը. տակաւին տեւող աղջամուղջին մէջ օդանաւեր սկսան ռումբեր թափել, մէկ կողմէն հրետանիին հարուածները աւելի կանոնաւորելու եւ միւս կողմէ ալ հետեւակազօրքին յարձակումին աւելի թափ տալու համար:
Յարձակումի առաջին այդ պահուն հայ կամաւորները արիաբար խոյանալով Զաուիէէն Ռաֆաթ տարածուող թրքական դիրքերուն վրայ, արագօրէն գրաւեցին զանոնք:
Ընդհարումը եղաւ կարճ, բայց սաստիկ: Թուրք զինուորներ, հայ կամաւորներու կատաղի յարձակումին դիմաց չյաջողեցան պաշտպանական դիրքեր բռնել եւ պաշտպանութեան իրենց լաւագոյն դիրքերը լքելով փախուստի դիմեցին:

Հայ կամաւորներու այս արագ եւ վճռական յարձակումին շնորհիւ Արարայի բարձունքի աննուաճելի նկատուող թրքական դիրքը անձնատուր եղաւ: Արարայի դիրքին անկումէն ետք Քաֆր Քասիմի թրքական ճակատը, որ կ՛երկարէր Քաֆր Քասիմէն Արարա, ճեղքուեցաւ, որուն պատճառով Պիր Զէյթէն Ռաս էլ Այն տարածուող ծովեզերեայ ճակատը կղզիացաւ:
Ստեղծուած ծանր վիճակին ի տես` զօրավար Լիման ֆոն Զանտերս փաշա հրահանգեց հակայարձակողականի անցնիլ` վերագրաւելու համար կորսուած դիրքերը:
Հակայարձակողականի անցնելով` թուրք եւ գերմանական զօրքերը կատաղի թնդանօթաձգութեան սկսան, մինչ անառիկ բլուրի մը ետեւ դիրք բռնած` գերմանական արագահարուածներէ գնդակներու ահաւոր տարափ մը կը տեղար պատերազմի դաշտին վրայ:
Սաստիկ ռմբակոծումներու եւ գնդակներու տարափին տակ հայ կամաւորները խոյացան թշնամի դիրքերուն վրայ: Անոնց կատաղի թափին առջեւ թուրք եւ գերմանացի զօրքերը տեղի տուին եւ իրենց ամրացուած առաջին գիծը լքեցին:
Կէսօրուան մօտ, ժամը 11:00-ին ռմբակոծումները դադրեցան եւ չյայտարարուած զինադուլ հաստատուեցաւ:
Կէսօրէ ետք կռիւները վերսկսան ամենասաստիկ կերպով: Գերմանացի թնդանօթաձիգները անխնայ սկսան ռմբակոծել հայկական դիրքերը, մինչ թուրք զինուորները լայնածաւալ հակայարձակողականի անցան: Սակայն հայ կամաւորները լաւապէս պաշտպանեցին իրենց դիրքերը եւ թուրք ու գերմանացի զինուորները, իրերայաջորդ քանի մը յարձակումներէ ետք, չյաջողեցան ճեղքել հայոց պաշտպանական գիծը:
Արեւամուտին ռմբակոծումները դադրեցան: Մութէն օգտուելով` թուրք եւ գերմանացի զինուորները, զէնք ու զինամթերք, վիրաւոր ու մեռեալ ձգելով փախուստի դիմեցին:
Արեւածագէն առաջ հայ կամաւորները յարձակումի հրաման ստացան. բայց թշնամի դիրքերը լուռ էին: Հետախոյզներ ճամբայ հանուեցան, որոնք վերադառնալով յայտնեցին, որ թշնամին փախուստի դիմած է:
Արարայի ճակատամարտին հայկական լեգէոնը 21 զոհ տուաւ պատերազմի դաշտին վրայ, որոնց երկուքը քեսապցիներ էին` հինգերորդ վաշտէն Ծերոն Մսըրլեան եւ Տիգրան Բզարեան: Երկու կամաւորներ ալ մահացան քանի մը օր ետք, իրենց ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով: Կային նաեւ 76 վիրաւորներ, որոնց վեցը քեսապցիներ էին. հինգերորդ վաշտէն Մանասէ Դանիէլեան, Վահրամ Յովսէփեան, Պօղոս Պօղոսեան եւ Ովսիա Սաղտըճեան, եւ վեցերորդ վաշտէն Արամ Չիւրիքեան եւ Եսայի Սողոմոնեան:




Leave a Reply