Մենագրութիւն Յակոբ Արատի

Բա­նաս­տեղծը, ար­ձա­կագի­րը եւ գե­ղան­կա­րիչը իրենց գոր­ծով եկած են զի­րար ամ­բողջաց­նե­լու։ Կա­խար­դա­կան մի­ջավայ­րի մը մէջ գոր­ծած են անոնք, ձե­ւաւո­րելով ժա­մանա­կի արո­ւես­տի եւ ըն­կե­րային, ին­չո՞ւ չէ նաեւ մշա­կու­թա­յին, գա­ղափա­րախօ­սական եւ հետզհե­տէ քա­ղաքա­կան մթնո­լոր­տը։

Բագրատ Էսդուգեան

Երբ առա­ջին ան­գամ լսե­ցի գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Արա­տի ձօ­նուած գիր­քի խո­րագի­րը, փոր­ձե­ցի գու­շա­կել, «Գոյ­նե­րու Դիոկե­նեսը» կո­չու­մի ետին թագ­նուած միտ­քը։ Շու­տով պար­զո­ւեցաւ թէ Արա­տին այդ կո­չու­մը պատ­շա­ճեց­նո­ղը ու­րիշ մէ­կը չէր, եթէ ոչ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու նախ­կին աշ­խա­տակից­նե­րէն Երուանդ Կո­պելեանը։

Ին­ճի Այ­տը­նի հե­ղինա­կած մե­նագ­րութիւ­նը սահ­մա­նուած չէ գե­ղան­կա­րիչ Յա­կոբ Արա­տի կեր­պա­րով, այլ կը ծա­ւալի Արա­տի ապ­րած ժա­մանա­կահա­տուա­ծի բա­զում դէմ­քե­րու եւ ան­ցուդար­ձե­րու մի­ջով։

Հոն կը հան­դի­պինք Թուրքիոյ յայտնի գրա­կան դէմ­քե­րու, որոնք սերտ բա­րեկա­մու­թիւն ու­նե­ցած են Յա­կոբ Արա­տի հետ։

Բա­նաս­տեղծը, ար­ձա­կագի­րը եւ գե­ղան­կա­րիչը իրենց գոր­ծով եկած են զի­րար ամ­բողջաց­նե­լու։ Կա­խար­դա­կան մի­ջավայ­րի մը մէջ գոր­ծած են անոնք, ձե­ւաւո­րելով ժա­մանա­կի արո­ւես­տի եւ ըն­կե­րային, ին­չո՞ւ չէ նաեւ մշա­կու­թա­յին, գա­ղափա­րախօ­սական եւ հետզհե­տէ քա­ղաքա­կան մթնո­լոր­տը։

Երբ մենք ան­ձամբ ճանչցանք Յա­կոբ Արա­տը, ան կը շա­րու­նա­կէր աշ­խա­տիլ «Ճումհու­րի­յէթ» թեր­թի մէջ։

Ին­ճի Այ­տը­նի գիր­քով վե­րահա­սու եղանք թէ նախ­քան «Ճումհու­րի­յէթ» ան աշ­խա­տակ­ցած է բա­զում թեր­թե­րու, սկսե­լով իր ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րէն։ «Եթէ այդ աշ­խա­տան­քը չտա­նէի չէի կրնար աւար­տել գե­ղարո­ւես­տա­կան ակա­դեմիոյ ու­սումը» կը պատ­մէ Արատ իր յու­շե­րուն մէջ։

Ծնած էր 1913-ին, Էս­քի­շեհիր։ Ար­դէն այդ տա­րեթի­ւին զգա­լի դար­ձած էր Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մի ազ­դանշան­նե­րը։ Օս­մա­նեան Կայսրու­թիւնը շուրջ 5 դար տե­ւող տի­րապե­տու­թե­նէ ետք կը կորսնցնէր իշ­խա­նու­թիւնը գրա­ւած այդ տա­րածքնե­րուն մէջ։ Քա­նի կ՚ան­կա­խանա­յին Յու­նաստա­նի, Պուլղա­րիոյ, Սեր­պիոյ, Մա­կեդո­նիոյ, Ալ­պա­նիոյ կամ Հունգա­րիոյ նման եր­կիրներ, այդ տա­րած­քի մահ­մե­տական ժո­ղովուրդնե­րը կը դի­մէին դէ­պի Թուրքիա ներ­գաղթի։ Այդ թո­հու­բո­հի մէջ Պիւ­յիւքան­տո­նեան­նե­րու ըն­տա­նիք­ներն ալ կը բռնէ գաղ­թի ճամ­բան դէ­պի Պո­լիս։ Յա­կոբ Արատ հա­զիւ մէկ տա­րեկան է, երբ ըն­տա­նիքը կը հաս­նի պատ­մա­կան Քումքա­փը թա­ղը։ Ու­րեմն Արա­տի ուսման առա­ջին հանգրո­ւանը կը դառ­նայ թա­ղի Պէզ­ճեան Վար­ժա­րանը։ Ապա ան կը յա­ճախէ ֆրան­սա­կան Սեն Ասոմ­սիոն ֆրան­սա­կան քո­լէճը։

1930-ին, կը մտնէ Իս­թանպու­լի Գե­ղարո­ւես­տի Ակա­դեմիոյ նկար­չա­կան բա­ժինը։ Իր ու­սուցիչ­նե­րը ժա­մանա­կի առա­ջատար դէմ­քերն են ինչպէս Իպ­րա­հիմ Չալ­լը, Նազ­մի Զի­յա Կիւ­րան եւ Լէոփոլտ Լե­ւի։

Գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան աւե­լի ծա­ւալուն բա­ժինը յատ­կա­ցուած է Յա­կոբ Արա­տի եւ իրեն ժա­մանա­կակից թուրք հե­ղինակ­նե­րու բա­րեկա­մու­թեան նիւ­թե­րուն։ Իր ամե­նամ­տե­րիմ­նե­րէն եղած է ար­ձա­կագիր Սա­յիթ Ֆա­յիք։ անոր բո­լոր պատ­մո­ւածքնե­րը նկա­րուած են Արա­տի կող­մէ։ Նոյ­նիսկ Յա­կոբ Արատ կող­քի գծագ­րութիւններ պատ­րաստած է զա­նազան հե­ղինակ­նե­րու հա­մար։ Մինչ այդ իր աշ­խա­տակ­ցած թեր­թե­րուն հա­մար գծած է զա­նազան դա­տավա­րու­թիւննե­րու ան­ցուդար­ձե­րը։ Նկա­րած է դա­տակազ­մը, փաս­տա­բան­ներ, մե­ղադ­րեալ­ներ, դա­տավա­րու­թեան հե­տեւող­ներ։ Յա­ջողած է անոնց դէմ­քի ար­տա­յայ­տութիւննե­րով դրսե­ւորել նաեւ են­թա­կանե­րու այդ պա­հի յա­տուկ հո­գեբա­նու­թիւնը։

Իճի Այ­տըն ար­դէն իսկ իր մաս­նա­գիտու­թեամբ խո­րապէս ու­սումնա­սիրած է Յա­կոբ Արա­տի ժա­մանա­կակից «Ղա­րիպ», «Երկրորդ Նոր»ի նման գրա­կան հո­սանքնե­րու դե­րակա­տար­նե­րը։

Այդ ընե­լու ժա­մանակ կ՚անդրա­դառ­նայ նաեւ պա­տերազ­մի տա­րինե­րուն տի­րող հո­գեբա­նու­թեան։ Ազ­գայնա­կան շրջա­նակ­ներ ահ­ռե­լի վե­րագ­րումնե­րով կը նկա­րագ­րեն այդ տա­րինե­րուն թէ գրա­կանու­թիւնը եւ թէ գե­ղան­կարչու­թիւնը։ Ամէն ինչ կը վե­րածեն յա­տուկ նշա­նակու­թիւն փո­խան­ցե­լու։ Օրի­նակի­ համար արե­գակը կո­մու­նիստ ապա­գայի խորհրդան­շանն է։ Նոյն իմաս­տը կը վե­րագ­րեն վար­դին, իր կար­միր թեր­թե­րուն հա­մար։ Անձրե­ւը յե­ղափո­խու­թիւն կը նշա­նակէ, հե­տեւա­բար Յա­կոբ Արա­տի «Աղօթք Տե­ղու­մի» անուն գործն ալ, ու­րիշ բան չէ եթէ ոչ յե­ղափո­խու­թեան կոչ։

Ստո­ւէրի նման ընդմիշտ իր կող­քին է ձեր­բա­կալո­ւելու վա­խը։ Վեր­ջա­պէս իր ալ գոր­ծե­րը նկա­րած Սա­պահատ­տին Ալի դա­ժան ոճի­րի մը զո­հը գա­ցած է խիստ կաս­կա­ծելի պայ­մաննե­րու մէջ։

Եթէ վե­րադառ­նանք գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան, հոն տե­ղադ­րո­ւած են ան­հա­տական հա­ւաքա­ծոնե­րէ նմոյշներ, որոնք լու­սանկա­րած է Էր­հան Արըք։ Բազ­մա­թիւ տե­սանիւ­թեր եւս քա­ղուած են Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի մօտ պա­հուած «Քու­լիս» պար­բե­րակա­նի ար­խի­ւէն։

Շնոր­հա­լի եւ ող­ջունե­լի աշ­խա­տու­թեան մը ար­դիւնքն է, որ դրո­ւած է մեր սե­ղան­նե­րուն վրայ, իբ­րեւ գնա­հատանք եւ երախ­տիք վաս­տա­կաւոր արո­ւեստագէտի։

https://www.agos.com.tr/am/news/mynakrvwtiwn-hagvp-aradi-40581

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ