Մասնակցութիւն պոնտացիներու ցեղասպանութեան ոգեկոչումին

Պոն­տա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ի­րա­գոր­ծո­ւած ո­գե­կո­չա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լով յոյ­նե­րուն հան­դէպ կա­տա­րուած մեծ ո­ճի­րի դա­տա­պարտ­ման ե­լոյթ­նե­րուն եւ միա­ժա­մա­նակ բարձ­րաց­նե­լով ար­դա­րու­թեան ձայ­նը քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման դէմ՝ Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Եր­կու­շաբ­թի, 18 ­Մա­յիս 2026-ին, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ծե­րա­կոյ­տի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թիւ­նը կազ­մա­պեր­պեց յի­շա­տա­կի ե­լոյթ, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան ըն­կեր­ներ ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան եւ Ար­ման Գ­րի­գո­րեան։ Գլ­խա­ւոր խօ­սողն էր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիաս։

­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով ընկ. Ս­պար­թա­լեան հան­դէս ե­կաւ ու­ղեր­ձով մը, ո­րուն մէջ շեշ­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը պոն­տա­կան տար­րին հան­դէպ եւ դա­տա­պար­տեց կա­տա­րո­ւած ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը։ Ան նաեւ յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան նօ­րօ­րեայ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան մա­սին, յա­ռաջ բե­րե­լով Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մին, ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­րարք­նե­րուն եւ հա­յա­թափ­ման խնդիր­նե­րը։ Ըն­կե­րը շեշ­տեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման հա­մար միա­ւոր­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, ի խնդիր ար­դա­րու­թեան հաս­տատ­ման։

Ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պա­տե­րազ­մա­կան թան­գա­րա­նին մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ա­կա­դե­մա­կան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցում, ո­րուն իր խօս­քը ուղ­ղեց ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան։

­Նաեւ, նմա­նօ­րի­նակ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ ընկ. ­Գէորգ Ա­ւա­գեան ­Նի­քէա­յի մէջ, տե­ղա­կան պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­լոյ­թին։

­Գա­վա­լա­յի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ո­գե­կո­չում­նե­րուն հան­դէս ե­կաւ Հ.Գ.­Խա­չի տե­ղա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. Ա­նուշ ­Դա­ւի­թա­ւեան, ա­պա յա­ջոր­դած քայ­լար­շա­ւին մաս կազ­մեց հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն մը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2026
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ