ԲԺ. ԱԼԻՆ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Ամէն տարի ապրիլ 24-ը մէջս երկու հակադիր զգացումներ կը միախառնէ` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում, յուզում եւ ծննդեանս տարեդարձին լուռ ուրախութիւնը: Վերածնունդի փաստ ըլլալու հպարտութեան կը միանայ խոր ծանրութիւն մը: Յիշողութիւնը միայն պատմութիւն չէ, այլ նաեւ` ինքնութիւն:
Այս տարի, սակայն, այդ զգացումը տարբեր էր: Թերեւս՛ որովհետեւ սեփական զաւակներուս մէջ կը սկսիմ տեսնել ապագայի արտացոլանքը: Կը սկսիմ աւելի սուր կերպով հարց տալ ինքզինքիս, թէ ինչպէ՞ս կը շարունակուի այս շղթան, եւ ի՞նչ պիտի մնայ մեզմէ 111 տարի ետք` ապրիլ 2137-ին:
Այս հարցը այլեւս վերացական չէ:
Մարդկային կեանքին համար 111 տարին շատ երկար ժամանակ է:
Մանաւանդ` ամէնօրեայ հոգերով ծանրաբեռնուած մարդուն համար. կ՛ըսենք.
– Նախ վաղը ապրինք: Գալ տարուան հասնինք:
Բայց մարդկութեան պատմութեան մէջ 111 տարին ի՞նչ է:
Ակնթարթ մը:
Շունչ մը:
Քայլափոխ մը:
Բայց այդ ակնթարթը, շունչը կամ քայլափոխը ամբողջ ընթացք մը կրնան փոխել, քաղաքակրթութիւն մը ոչնչացնել կամ ամրացնել:
1915-ին հայութիւնը ստացաւ կործանիչ հարուած մը: Հարիւրաւոր տարիներու հարստահարութիւններուն յաջորդեցին` տեղահանութիւն, կազմակերպուած կոտորած, պարտադիր կրօնափոխութիւն… Մնացին որբեր, անտուն, անտէր ժողովուրդ:
«Ապրիլ է եղել, դաշտերում` ծաղիկ, եւ մի հեռու տեղ, մի գետի ափին եղել է արեան կարմիր բաղանիք… եղել է մի օր եւ արաբական տաք աւազներում` եղել Ռաս Իւլ Այն, եղել է Տէր Զօր… Եղել է Տէր Զօր» (Ա. Ծառուկեան):
Ցեղասպանութիւն:
Բայց տասնամեակ մը չանցած` վերապրողները մեզի նուիրեցին`
Պարոյր Սեւակը, ծնած` 1924-ին,
Գէորգ Էմինը` 1919-ին,
Մուշեղ Իշխանը` 1914-ին:
Ուրկէ՞ այդ ազգային ոգին ու նուիրումը:
Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում: Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք:
Պարի՛, Սասուն, մինչեւ ողջ հայերին դու ամբարես, եւ այս պարը Մասիս լերան լանջին պարես…
Հայու հոգին պիտի ապրի միշտ դարէ դար,
Հայու հոգին պիտի ճախրէ միշտ դարէ դար:
Հարցումը աշխարհ գալու մասին չէ, այլ դաստիարակութեան մասին է:
Այս հանճարները կրնային իրենց տաղանդով մեր գրականութիւնը չհարստացնել:
Օտար երկիրներու մէջ վերապրողները լուրջ մտահոգութիւններ ունէին` ապրուստ ճարելու, նոր ընկերութեան ու միջավայրին ընտելանալու: Բնական էր նաեւ, որ վախնային եւ ուզէին մոռնալ հայ պատկանելիութիւնը:
Բայց մոխիրներուն մէջէն մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը այլընտրանք կատարեցին: Գերադասեցին փոխանցել հայ հարուստ ժառանգութիւնը` լեզու, մշակոյթ, ազգային պատկանելիութիւն: Զայն փոխանցել իրենց զաւակներուն, որբ մնացած հայու զաւակներուն:
Օսմանեան կայսրութիւնն ու Երիտասարդ թուրքերը ուզեցին բնաջնջել հայութիւնը:
Հայութիւնը պատասխանեց` Ո՛չ:
Ո՛չ. մայիս 28-ով:
Ո՛չ, 111 տարիներու կեանքով ու մահով:
Օսմանեան կայսրութիւնը, Երիտասարդ թուրքերը, Ցեղասպանութիւնը, Խորհրդային Միութիւնը, համաճարակներն ու դաւաճանութիւնները չյաջողեցան բնաջնջել հայութիւնը, որովհետեւ հայուն եւ հայութեան գոյատեւելու կամքը անխախտ մնաց: Որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ, անհատաբար թէ հաւաքաբար, ընտրեց դժուար ճամբան, քարքարոտ ճամբան ու ջահը փոխանցեց ու հասցուց մինչեւ 2026:
Իբրեւ մանկաբուժ, մանկական անյետաձգելի բժշկութեան մասնագէտ (pediatric emergency medicine) Միացեալ Նահանգներու Վիրճինիայի մէջ օրական մօտ 30 հիւանդ կը տեսնեմ. վիրաւոր, անհանգիստ երեխաներ, մտահոգ ծնողներ:
Հազուադէպօրէն հայ անունի մը կը հանդիպիմ ցանկին վրայ եւ շուտով կը վերցնեմ զայն: Կը հարցնեմ` հա՞յ էք:
Շատ անգամ կը պատասխանեն. ամուսնոյս հայրը հայ էր, կամ` հօրս հայրը հայ էր: Կամ ալ անտեղեակ կ՛ըլլան ու կը շփոթին:
Դանակ մը սիրտս կը խոցէ ամէն անգամ: Կորուստի խոր կսկիծը կը պատէ հոգիս:
Անգամ մըն ալ, քանի մը ամիս առաջ, հանդիպեցայ ամերիկացի մօր մը եւ անոր երկու տարեկան տղուն: Անունը հայկական չէր: Բնական հանդիպում մըն էր: Ամէն անգամուան պէս: Մինչեւ որ մայրը հարցուց անգլերէնով` «Հա՞յ էք»:
Պատասխանեցի` «Այո՛»: Շարունակեց անգլերէնով` «Ես ալ հայ եմ: Շատ լաւ հայ ընտանիքի մէջ ծնած ու մեծցած եմ: Շատ մօտ են իրարու: Հայրս շատ լաւ հայ է: Մենք հոս հիմա անշուշտ պարզ ամերիկեան ընտանիք կազմած ենք»:
«I am Armenian too. I was raised in a very Armenian family. They’re very close. My dad is very Armenian. We’re just a regular American family here in Virginia now».
Խանդավառ էր հայութեան եւ իր ընտանիքին մասին խօսելով: Ուրախ էր, որ հայու մը հանդիպած էր: Բայց հայկական կեանքին առնչուած չէր: Կազմած էր պարզ ամերիկացի ընտանիք մը:
Նայեցայ իր 2 տարեկան տղուն ու դանակը նորէն զգացի սրտիս մէջ:
Այդ «շատ լաւ հայ» մեծ հօր թոռնիկը որքանո՞վ պիտի ժառանգէ իր ընտանեկան պատմութիւնը, մշակոյթը, ոգին: Ի՛ր ընտանեկան, ո՛չ ազգային…
Ճիւղ մը եւս ինկաւ… Առանց սուրի…
Այս վտանգին դէմ բանակները անզօր են:
21-րդ դարու քառորդը բոլորած` կեցած ենք կարեւոր հարցումի մը դիմաց:
Ոչ թէ` ո՞վ պիտի ըլլայ Հայաստանի յաջորդ վարչապետը:
Ոչ թէ` Թուրքիան պիտի ճանչնա՞յ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցումներ կատարէ՞:
Ոչ թէ` ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի ապագան:
Այլ`
Ո՞վ տէր պիտի ըլլայ հայութեան 2137-ին:
Հայերէն պիտի խօսի՞ն:
Կոմիտասի «Կռունկ»-ով պիտի յուզուի՞ն:
Պիտի սիրե՞ն հայօրէն:
Պիտի ապրի՞ն հայօրէն:
Պիտի զգա՞ն իրենց արմատները:
Պատասխանը պետութիւններուն մօտ չէ:

Պատասխանը մե՛ր մօտ է: Միայն մե՛ր մօտ է:
Անցեալ հարիւրամեակը դիւրին չէր մեր ազգին համար, բայց գոյատեւելու խաղին օրէնքները մեր մեծ հայրերն ու ծնողները հասկցած էին:
Միջին Արեւելքի պայմաններուն համակերպած եւ միջոցները գտած էին: Հիմնած` դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, մամուլ:
Շատերս հոն դաստիարակուած ենք: Հոն պատուաստուած ենք հայութեամբ:
111 տարիներ ետք խաղին օրէնքները տարբեր են: Խաղը ընդհանրապէս փոխուած է:
Մեր երիտասարդները եւ նորակազմ ընտանիքները բոլորովին տարբեր իրավիճակ կը դիմագրաւեն: Ո՛չ միայն Արեւմուտքի, նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ:
Նոր խաղին օրէնքներուն տակաւին լաւ չենք տիրապետած: Բայց կան սկզբունքներ, որոնք բոլոր խաղերուն կը վերաբերին:
Ձուլումը վայրագ չէ, այլ մեղմ է, հանգիստ, դիւրին…
Լաւագոյն դպրոցը, լաւ թաղամասեր, լաւ ընկերներ, հանգիստ կեանք, ուրախ կեանք…
Եւ օր մը թոռդ հետդ հայերէն չի՛ կրնար խօսիլ:
Ո՛չ թէ որովհետեւ ծնողքը հայութիւն չեն սիրեր:
Ո՛չ թէ որովհետեւ հայերէնը արգիլուած է:
Այլ` որովհետեւ պայքարը դադրած է մեր իսկ տուներուն մէջ:
Նախ լեզուն, ապա` ոչ հայ կողակից, ու շուտով ճիւղ մըն ալ կ՛անջատուի կ՛իյնայ ծառէն:
Շատեր կ՛ըսեն` լեզուն կարեւոր չէ: Թերեւս: Բայց նայեցէք թոռներուն: Նայեցէ՛ք ծոռերուն:
Առանց հայերէնի` շատ քիչերը կը մնան: Դժբախտաբար անոնք բացառութիւն են: Հարցը մենք չենք: Հարցը մեր թոռներն են:
Ջահը, մեր ընտանեկան ջահը վառ պիտի մնա՞յ: Մեր պատմութիւնը, կեանքը, գործը պիտի վերածուի՞ն «մեծ հայրս հայ էր»-ի:
Ուրեմն այսօր որոշենք: Որոշենք, որ մեր զաւակները, թոռները, ծոռերը, ուր ալ ըլլան ապրիլ 2137-ին, պիտի ըսեն`
«Մենք հայ ենք, կառչած` մեր մեծ հայրերու արմատներուն ու մեր ընտանեկան ջահը վառ պահած եւ պատրաստ` հայու հոգին փոխանցելու մեր զաւակներուն ու թոռներուն»:
Այս որոշումը խորհրդարաններու մէջ պիտի չտրուի, այլ` ընթրիքի սեղանին շուրջ, երեխան քնացնելու ատեն, ինքնաշարժին մէջ, ոտնագնդակի խաղի երթալու ատեն, ընտանեկան սովորութիւններ ու պատմութիւններ պատմելով, գիրքեր կարդալով, Հայաստանի, Արցախի, 1915-ի, 2020-ի մասին պատմելով:
Եթէ կ՛ուզենք, որ 2137-ին հայու ձայնը տակաւին լսելի ըլլայ, աշխատանքը կը սկսի այսօր:
Մե՛ր տուներէն ներս: Ամրացնելով մե՛ր կառոյցները: Շրջապատելով զանոնք եւ կառչելով անոնց: Վերակազմակերպուելով, վերանորոգ յանձնառութեամբ:
Եկէք` այսօր կրկին ընտրենք դժուար ճամբան: Քարքարոտ ճամբան:
Եկէք` այսօր ալ ըսենք` Ո՛չ:
Յաջորդ հարիւրամեակը մե՛րն է:
19 ապրիլ 2026




Leave a Reply