Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի աշակերտական ոգեկոչում` Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ

Չորեքշաբթի, 22 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչում:

Վարժարանի աշակերտները, իրենց ձեռքին ծաղիկներով եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Մխիթարեան միաբանութեան եւ վարժարանի դրօշներու առաջնորդութեամբ, համախմբուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ, ուր դիմաւորեցին այս առթիւ վարժարան ժամանած հիւրերը:

Ձեռնարկին մեկնարկը տուաւ Յարութ Հարպոյեան, յայտագիրին մասնակցեցան վարժարանի տարբեր դասարաններու աշակերտներ` ասմունքով, նուագով ու պարով:

Ապա ձեռնարկի հովանաւոր, նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեան արաբերէնով արտասանեց ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման նուիրուած իր սրտի խօսքը:

Օրուան պատգամը յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Վահրամ Էմմիեան, որ հաղորդական ոճով եւ այժմէական տուեալներով իր խօսքը ներկայացուց աշակերտներուն:

Յայտագրի երկրորդ հատուածով անմոռուկի շուրջ հաւաքուած հասարակութիւնը ուղղուեցաւ ստորին շրջափակ, ուր զետեղուած հսկայ խաչին դիմաց Միջին Արեւելքի մեծաւոր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանի ամփոփ աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ խնկավառութեան արարողութիւն, իսկ զբօսաշրջութեան նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի եւ վարժարանի ընդհանուր տնօրէն Կորիւն-Նարեկ Ճենանեանի եզրափակիչ խօսքէն ետք, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի բարձրագոյն դասարաններու աշակերտութիւնը, ծաղիկներ զետեղելով խաչին առջեւ եւ խունկ վառելով նահատակներու յիշատակին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ