ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց նախագահ Տանըլտ Թրամփի շարունակական նահանջը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ ոգեկոչումէն, որ կը դրսեւորուի «Ցեղասպանութիւն» եզրը վեցերորդ անգամ ըլլալով մերժումով։
«Նախագահ Թրամփ բազմապատկած է իր ամօթալի յանձնուիլը թրքական սպառնալիքներուն առջեւ՝ վեցերորդ անգամն ըլլալով գործադրելով Անգարայի հրահանգը, հակառակ Սպիտակ տան, Քոնկրեսի, բոլոր 50 նահանգներուն եւ ՆԱԹՕի տասնեակէ աւելի դաշնակիցներու կողմէ կատարուած ճանաչման», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
«Նախագահ Թրամփի մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ ոճիրներու քօղարկումի մէջ գործնականօրէն կը դիւրացնէ Անգարայի շարունակական ջանքերը ուրանալու Համաշխարհային Ա․ պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած շրջանի Ցեղասպանութիւնը։ Անիկա հետեւանք է վարչակազմին անզգոյշ քաղաքականութիւններով, որոնք զինամթերք եւ աջակցութիւն կը տրամադրեն Ատրպէյճանին՝ հայերը իրենց պատմական հայրենիքէն վերացնելու շարունակական փորձերուն մէջ: Արցախի բնիկ հայաթափումէն ետք եւ Հայաստանի տարածքներու շարունակական բռնագրաւման, հայ գերիներու նկատմամբ չարաշահումներու եւ հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան կործանման պայմաններուն մէջ, Ամերիկա պարտաւոր է ոչ միայն ճշմարտութիւնը ըսել 1915ի Ցեղասպանութեան մասին, այլեւ վերջ տալ մեղսակցութեան՝ այս Ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելու համաթրքական փորձերուն», շեշտեց Համբարեան։

Թրամփի՝ «ցեղասպանութիւն» եզրը չգործածելը ուղիղ հակասութեան մէջ է իր 2024ի նախընտրական խոստումին հետ՝ «վերականգնել խաղաղութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ եւ դադրեցնել բռնութիւնն ու ցեղային զտումը»։
Նշենք, որ այս տարուան Փետրուարին փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս այցելեց Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր, սակայն Անգարայի ճնշումին տակ ջնջեց «Հայոց Ցեղասպանութիւն» եզրը այդ այցելութեան մասին գրառումէն։ Հայ Դատի յանձնախումբը օրին դատապարտեց այդ քայլը, իբրեւ «թրքական ճնշումին յանձնուելու ամօթալի քայլ»։
Թրամփի ժխտական ընթացքը կը հակադրուի նախագահ Ճօ Պայտընին, որ Ապրիլ 24ի յայտարարութիւններուն մէջ պաշտօնապէս գործածեց «ցեղասպանութիւն» եզրը։ 2019ին, Ներկայացուցիչներու տունը եւս պաշտօնապէս ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը։ Բոլոր 50 նահանգները պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ բանաձեւերով կամ հռչակագրերով։
Հայ Դատի յանձնախումբը կը կրկնէ իր կոչը նախագահ Թրամփին՝ յարգել իր նախընտրական խոստումը եւ առաջնորդել ամերիկեան քաղաքականութեան հիմնարար վերանայում մը Թուրքիոյ եւ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։
Ստորեւ, Թրամփին ուղերձը․
«Այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցենք անթիւ հայերու յիշատակին, որոնք աքսորուեցան եւ դաժանաբար սպաննուեցան Մեծ Եղեռնի տարիներուն: Մենք մեր անսասան համերաշխութիւնը կը յայտնենք իւրաքանչիւր ամերիկահայու եւ աշխարհասփիւռ հայութեան յիշատակի այս օրուան ընթացքին` ոգեկոչելով աւելի քան 100 տարի առաջ տեղի ունեցած կործանարար իրադարձութիւնները, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ այդ համայնքներու հաւաքական յիշողութեան մէջ:
«Մարդկութեան պատմութեան այս սթափեցնող գլուխը յաւերժ պիտի մնայ իբրեւ հայ ժողովուրդի անկոտրում ոգիի եւ քրիստոնէութեան հիմքին մէջ գտնուող յոյսի վկայութիւն: Մենք կը մեծարենք հայերու դրսեւորած խոր ուժն ու վճռականութիւնը` յաղթահարելու անցեալի ահռելի ողբերգութիւնները եւ կերտելու աւելի մեծ ապագայ, որ կը բնորոշուի տեւական բարօրութեամբ, ապահովութեամբ եւ խաղաղութեամբ: Մենք յանձնառու պիտի ըլլանք անոնց կողքին ըլլալու:
«Վարչակազմը կ՛ամրապնդէ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը` հայ ժողովուրդին համար նշանակալի կարելիութիւններ ստեղծելով եւ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ երկարատեւ կայունութիւն խթանելով: Եւ հիմա ամերիկացիներն ու հայերը կողք-կողքի կանգնած են պատմական Խաղաղութեան խորհուրդի մէջ` միաւորուած մէկ նպատակի շուրջ` ուժի միջոցով խաղաղութեան նոր դարաշրջան սկսելու հարցին մէջ:
«Հայոց յիշատակի այս օրը, երբ մենք կը սգանք Մեծ Եղեռնի ողբերգութեան ժամանակ զոհուած անմեղ հոգիներու համար, մենք կը վերահաստատենք մեր սուրբ կոչը` պաշտպանելու անմեղները, յառաջ մղելու բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան գործը եւ մշակելու խոր երկիւղածութիւն ամենակարող Աստուծոյ հանդէպ, որ զօրավիգ կ՛ըլլայ մեզի իւրաքանչիւր փորձութեան եւ յաղթանակի ժամանակ, որ մեզ կը պահէ իւրաքանչիւր փորձութեան եւ յաղթանակի ընթացքին»:




Leave a Reply