Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 24 ապրիլին ընկերային ցանցերու վրայ անդրադարձած է «1915-ի իրադարձութիւններուն»` ոչ միայն ժխտելով Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ հայերը մեղադրելով «զանգուածային սպանութիւններու համար»:
«Մենք ողորմածութեամբ կը յիշենք այն անպաշտպան եւ անմեղ թուրքերը, որոնք անողոք կերպով կոտորուեցան հայերու կողմէ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն ժամանակ», նշուած է Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան «Էքս»-ի օգտահաշիւին մէջ:




Leave a Reply