Հովուական այցելութիւն Տիյարպեքիրի համայնքին

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Աշխարհամատրան կիրակիի առթիւ, 19 ապրիլ 2026, հանդիսապետեց Տիյարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Աշխարհամատրան կիրակիի առթիւ, 19 Ապրիլ 2026, հանդիսապետեց Տիյարպեքիրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութեանց։

Առաւօտեան ժամերգութենէ ետք Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Մելքոն Ուր. Դպ. Արըք եւ Վոլքան Արատ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճուի առաջնորդութեամբ։ Արարողութեանց հետեւեցան հաւատացեալներու եւ հետաքրքիրներու խուռներամ բազմութիւն մը՝ ժամանած Տիգրանակերտէ, մերձակայ քաղաքներէ եւ Իսթանպուլէ։ Տիյարպեքիրի կուսակալութենէ եւ քաղաքապետութենէ ներկայացուցիչներ ալ մասնակցեցան Ս. Պատարագին։ Ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ ծխական խորհուրդի անդամները ընդունեցին հիւրերը։

Նախքան Տէրունական աղօթքը քարոզեց Նորին Սրբազնութիւնը՝ Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցելով ուխտաւոր ժողովուրդին եւ խաղաղութիւն ու անդորր համակեցութիւն պատգամելով։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի Տէր ննջած համայն տիգրանակերտցիներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Յետ եկեղեցական արարողութեանց կատարուեցաւ տնօրհնէք: Սրբազան Հայրն ու Տէր Հայրը զրուցեցին տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:

Սրբազան Հայրն ու ուղեկիցները ապա անցան գերեզմանատուն, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։

Իրիկունը եկեղեցւոյ համալիրէն ներս բացումը կատարուեցաւ հանգուցեալ արձակագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի յուշասենեակին, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

https://www.agos.com.tr/am/news/hvvvwagan-ahtsylvwtiwn-diharbykiri-hamahnkin-40259

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ