Հրանդ Տինքի արձանի բացում Զմիւռնիոյ մէջ

24 Ապրիլի ընդառաջ Զմիւռնիոյ մէջ հիմնուած «Ժողովուրդներու կամուրջը» միութիւնը յատուկ միջոցառումով մը հանրութեան ներկայացուց Հրանդ Տինքի արձանը։

24 Ապրիլի ընդառաջ Զմիւռնիոյ մէջ հիմնուած «Ժողովուրդներու կամուրջը» միութիւնը յատուկ միջոցառումով մը հանրութեան ներկայացուց Հրանդ Տինքի արձանը։

Նոյն օր քանդակագործ Չաղտաշ Էրչելիքի ներկայութեամբ կայացաւ արձանի պաշտօնական բացումը, որմէ ետք հայ մշակոյթի առանձնայատկութիւններուն եւ պատմութեան նիւթով բանախօսութիւն մը սարքեց «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։

Այս առթիւ միութեան շրջանակները հրապարակած են հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

«Երկրէ մը ներս որո՞ւն արձանին կառուցուիլը, որո՞ւն չկառուցուելէն անկախ չէ։ Արձանները անմեղ չեն։ Անոնք վարչաձեւի մը ինքզինք ներկայացնելու ամենապարզ եղանակներն են։ Ո՞վ կը փառաբանէք, ո՞վ մոռացութեան կը դատապարտէք։

Այս հողերու վրայ տարիներէ ի վեր միաձայն պատմութիւն մը հիւսեցին։ Այդ պատմութենէն դուրս մնացողները կամ լռեցուցին կամ ալ ոչնչացուցին։ Այն ինչ որ մնացած էր հայերէն եկեղեցիներ, գերեզմաններ, տուներ, անուններ, տեղանուններ … բոլորն ալ կամ վերացան կամ ալ ուրացուեցան։

Վերացողը քարերն չէին միայն, այլ յիշողութիւնը։ Այդ պատճառով ալ այս պահուն այս տեղ կատարուածը արձանի մը բացումով սահմանուած չէ միայն։ Ուրացումի դէմ առարկութիւն մըն է այս։

Հրանդ Տինքը լոկ լրագրող մը չէր միայն։ Ան այս երկրի ամենադժուար նախադասութիւնը կազմող սակաւաթիւ անձերէն մէկն էր։ Իրողութիւնը պատմեց առանց բարկանալու։ Զինք զգետնող փամփուշտը միայն կեանք մը չխլեց, այլ հասարակութեան ինքնաքննարկումն ալ թիրախաւորեց։ Այդ օրէն այս կողմ երկիրը հայելիին չնայելու համար խաւարը կը ծաւալէ։

Մեիք այս պահուն Հրանդ Տինքը յիշատակելով մոռացութեան ալ դէմ կը կանգնինք։ Ուրացումին դէմ յիշողութիւնը կը կանգնենք։ Այս արձանը երկրին անկատար խիղճն է նաեւ։

Եթէ օր մը այս հողերու վրայ բոլորը հաւասար պիտի ապրին, այս արձանները պիտի շատնան։ Իսկ եթէ ուրացումը յարատեւ ըլլայ այս արձանը երկրի ամենամիայնակ արձաններէն մէկը ըլլալով պիտի յիշուի։

Որոշումը մերն է»։

https://www.agos.com.tr/am/news/hrant-dinki-artzani-patsvwm-zmiwrnivh-meche-40252

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ