Դիտարկումներ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Ցեղասպանութիւնը կը սկսի մէկ մարդու սպանութեամբ, ոչ անոր կատարած արարքին համար, այլ` ով ըլլալուն համար»: ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Անան այսպէս կը բնութագրէ ցեղասպանութիւնը, եւ որքան դիպուկ եւ ճշմարիտ է այս խօսքը, երբ նկատի ունենանք Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր դրդապատճառները:

Ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործման ընթացքին օգտակար է մերթ ընթ մերթ վերյիշել անոր տարողութեան ահաւորութիւնը: Հայոց ցեղասպանութիւնը կորուստն է 1,5 միլիոն անմեղ կեանքերու, ամբողջ ցեղի մը արմատախլումն ու տեղահանութիւնն է, կորուստն է պատմական հայրենիքին, քանդումն է պատմամշակութային դարաւոր հարստութեան, բազմահազար ընտանիքներու քայքայումն է` եւ որբերու, գաղթականներու եւ գաղթակայաններու ստեղծումը: Այս բոլորը բառեր են, որոնցմէ իւրաքանչիւրին ետին գոյութիւն ունի պատմութիւն մը: Անոնք վանքերն են, անոնց սուրբ սկիհներն են, գաւառներու բարբառներն են, մեր սուրբերուն մասունքներն են, հազարամեայ ձեռագիր մատեաններն են եւ, վերջապէս, մեր որբերուն արցունքներն են ու մարդկային ահաւոր աղէտը:

Հայ ժողովուրդը ամբողջ աշխարհի տարածքին կը նշէ իր ցեղասպանութեան 111-ամեակը‚ եւ միահամուռ շարքերով կը յարգէ յիշատակը իր 1‚5 միլիոն անմեղ զոհերուն ու կը վերանորոգէ յանուն արդարութեան եւ իրաւունքներու վերականգնումին պայքարելու իր ուխտը:

Այդ պայքարը արդէն հաստատ քայլերով կ՛ընթանայ դէպի անխուսափելի յաղթանակ: Աւելի քան 30 երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը‚ ոմանք մինչեւ իսկ քրէական յանցանք կը նկատեն անոր ժխտումը: Օտար պատմաբաններ եւ իրաւապաշտպաններ ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ այսօր Հայոց ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան իբրեւ պատմական անհերքելի փաստ: Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը կը շարունակուի:

Արդէն շատոնց փուլ եկած է մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրին շուրջ կառուցուած լռութեան պատը: Այդ պատը նաեւ փուլ կու գայ ինքնին Թուրքիոյ մէջ‚ ուր մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ‚ հասարակական կազմակերպութիւններ ու մտաւորականներ արդէն կը ճանչնան հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործած յանցագործութիւնը:

Ապրիլ 24-ը արդէն 1965 թուականէն ի վեր դադրած է սուգի օր մը ըլլալէ: Անիկա զոհերու յիշատակը յարգելու եւ արդարութեան ու իրաւունքներու համար պայքարի ուխտի վերանորոգման օր է: Այս երկուքը ձեռք ձեռքի կ՛ընթանան, եւ մերժելի է Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն, անոր համար փոխհատուցում կատարելէն ու հայ ժողովուրդի իրաւունքները վերականգնելէն առաջ ապրիլ 24-ը քաղաքական ու մարդկային իրաւունքներու իր պարունակէն պարպելով` պարզապէս յիշատակի օրուան վերածելու միտումը:

Առաւել եւս մերժելի ու դատապարտելի է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստի վաւերականութիւնը կասկածի տակ առնող, ուստի եւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ջաղացքին ջուր լեցնող, անհեթեթ, անտեղի ու անպատասխանատու մտային մարզանքները, մանաւանդ երբ անոնք կը կատարուին Հայաստանի իշխանութիւններու բարձրագոյն մակարդակի վրայ: Ամերիկայի թրքական դաշինքը շտապեց Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներու եւ յայտարարութիւններու նախօրեակին` այս ամսուան սկիզբը վերյիշեցնել ժընեւեան այդ ելոյթը:

Թրքական կողմը վստահաբար պիտի շարունակէ տեւաբար օգտագործել այսուհետեւ անոր ժխտողական քաղաքականութեան զինանոցին մաս կազմող այդ բարոյական, մտաւորական ու քաղաքական սայթաքումն ու այդ «գոհարները» արտայայտողին պաշտօնին անյարիր այդ անպատասխանատու քայլը:

Դժբախտաբար, հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն 108 տարի ետք, 2023 թուականին 2-րդ անգամ ըլլալով ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան, այս անգամ` Արցախի մէջ, երբ ազրպէյճանական աւելի քան եռամեայ պաշարումն ու զինուորական յարձակումը 120 հազար հայեր մղեց իրենց բնօրրանէն հեռանալու, ինչ որ ցեղասպանութեան կանխարգիլման 1948-ի միջազգային հռչակագիրի 2-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին հիմամբ ցեղասպանութեան բացայայտ ու անհերքելի արարք է:

Այսօր այդ ցեղասպանութեան կը հետեւի այլ տեսակի ցեղասպանութիւն մը` մշակութային ցեղասպանութիւնը: Արդարեւ, Արցախի մէջ բնաջնջումի կ՛ենթարկուի հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը` այդ հողին հայկական պատկանելիութիւնը ամրագրող անհերքելի ապացոյցը, որ աւելի հզօր է, քան` որեւէ թուղթի կտոր, եւ անարժէք ու առ ոչինչ կը դարձնէ որեւէ անձնատուական համաձայնութիւն, որ նաեւ միջազգային պայմանագիրներու ժընեւեան ուխտի համաձայն անվաւեր ու առ ոչինչ է, որովհետեւ բռնի ուժի կիրարկման ու անոր սպառնալիքի տակ կը կնքուի:

Դարաւոր հայկական եկեղեցիները կա՛մ հիմնայատակ կը քանդուին, կա՛մ անոնց ինքնութիւնը կեղծող ճարտարապետական միջամտութիւններու կ՛ենթարկուին, կա՛մ ալ պարզապէս ոչ հայկական կը հռչակուին: Ազրպէյճանական իշխանութիւնները հսկայական գումարներ կը ծախսեն Արցախի պատմամշակութային կոթողներուն հայկականութիւնը ժխտող միջազգային, այսպէս կոչուած, «գիտաժողովներու» կազմակերպման վրայ:

Ազրպէյճանական այս քաղաքականութիւնը նորութիւն մը չէ: Արդարեւ, ատոր նախապատկերը տեսանք 2005-2007 թուականներուն, Ջուղայի մէջ, ուր Ազրպէյճանի բանակին հրաման տրուեցաւ հազարամեայ հայկական խաչքարերը քանդելու` Նախիջեւանի հայկական ինքնութեան մասին վկայող որեւէ հետք ջնջելու համար:

Աւելի՛ն. Պաքուն հայ ժողովուրդի Արցախ վերադարձի միջազգային օրէնքով ամրագրուած իրաւունքի իրականացման արգելք հանդիսանալու համար իր բանտերուն մէջ կը պահէ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներն ու հայ գերիներ:  Անոնց ճակատագիրը նախազգուշացում մըն է` ուղղուած Արցախի բնիկ հայ բնակիչներուն, որպէսզի չհամարձակին մտածել միջազգային օրէնքով ամրագրուած իրենց վերադարձի իրաւունքէն օգտուելու մասին:

Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը հետեւանք է 1915-ի ցեղասպանութեան հարցին մէջ շարունակուող անպատժելիութեան մթնոլորտին: Այսուհետեւ, 1915-ի ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին պարտինք յիշել նաեւ հայոց 2-րդ ցեղասպանութիւնը` Արցախի ցեղասպանութիւնը, եւ պահանջել ու աշխատանք տանիլ հայ ժողովուրդի Արցախ տունդարձի իրաւունքի իրագործման ու Արցախի հայկական պատմամշակութային հարստութեան պաշտպանութեան համար:

Կը հաւատանք‚ որ ամէն ազգ ինք կը դարբնէ իր ճակատագիրը: Կը վերապրի միայն ան‚ որ կամքն ունի վճռականօրէն ու շարունակ պայքարելու յանուն իր մարդկային ու ազգային իտէալներու իրագործման: Հազարամեայ հայ ժողովուրդը ատոր փաստը տուած է բազմաթիւ անգամներ: Ան Հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ 3 տարի ետք Հայաստանի Հանրապետութիւն ստեղծած է, իսկ 7 դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանը հարուածած երկրաշարժէն 2 տարի ետք` Արցախի Հանրապետութիւն: Եւ ոչինչ կ’արգիլէ, որ այսօր եւս նոյն ձեռքբերումը արձանագրէ, եթէ ունի անոր անհրաժեշտ կամքը, վճռակամութիւնն ու պայքարի ոգին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ