Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր պիտի տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց մասունքարանը․ Յայտարարութիւն

Ապրիլ 24-ին` ժամը 10:30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններուն ուղեկցութեամբ պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ:

Այս առիթով յուշահամալիր պիտի բերուի Հայոց Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց մասունքարանը:

Սուրբ նահատակներու յիշատակութեան օրը՝ Ապրիլ 24-ին, ժամը 11։00-ին Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին Աղօթքի եւ ուխտի խաչքարի առջեւ պիտի կատարուի սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ։ 

Մայր Աթոռի Տեղեկատուական Համակարգ

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ