Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող բոլոր հայերը բնաջնջելու առաջադրանքով, թուրքեր որոշեցին տարագրել նաեւ Քեսապի հայութիւնը:
Մեծ եղեռնը Քեսապի հայութեան կողմէ բնորոշուած է իբրեւ մաճըրլըք (գաղթականութիւն): Դառնագոյն օրերու արհաւիրքը ճաշակած եւ անոր ահաւոր չարչարանքները իրենց մորթին վրայ զգացած քեսապցի մամիկներն ու պապիկները գաւառին եղեռնի տարեգրութեան վկաներն էին եւ վաւերական աղբիւրները: Այդ մամիկներն ու պապիկները այսօր չկան, շատոնց գացած եւ ափ մը հող դարձած են: Տարիներ, երկար տարիներ առաջ անոնց պատմած վկայութիւններն են, որոնք իբրեւ վաւերական սկզբնաղբիւր օգտագործուած են:
* * *
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ի ամրան, օսմանեան պետութիւնը ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց, որուն հիմամբ 18-էն մինչեւ 40 տարեկան տղամարդիկ զէնքի տակ կանչուեցան: Քեսապցի երիտասարդները, քաղաքացիական իրենց պարտականութեան գիտակից, ընդառաջեցին պետութեան զօրակոչին:
Թուրքիա 1914-ի աշնան մտաւ պատերազմին մէջ: Քեսապցի երիտասարդներէն շատեր, որոնք զօրակոչուած բայց տակաւին զինուոր չէին հագած, բանակ տարուեցան:
Պատերազմին մէջ մտնելէն ետք կառավարութիւնը հրամանագիր մը հրապարակեց, որուն հիմամբ զինուորական իշխանութիւնները իրաւունք կ՛ունենային գիւղացիներէն բեռնատար եւ մսացու անասուններ պահանջելու: Այնուհետեւ զինուորական իշխանութիւնները գիւղէ գիւղ շրջելով մեծ թիւով էշեր, ձիեր, ջորիներ եւ այծեր, ինչպէս նաեւ ցորեն, ալիւր եւ անասնակեր հաւաքեցին:
Ձմեռնամուտին, զինուորական տարիքի մէջ եղող շատ մը տղամարդիկ, որոնք արձանագրուած էին, բայց տակաւին իրենց տուները կը մնային, տարուեցան: Զինուորական իշխանութեան պահանջով անոնք իրենց հետ վերցուցին իրենց բահերն ու բրիչները: Անոնք աշխատանքային վաշտերու մէջ մտան, ճամբաներ, խրամներ եւ զինուորական դիրքեր շինելու համար:
1915-ի գարնան ջարդի ու տեղահանութեան ահաւոր լուրեր հասան Քեսապ: Զինուորական ծառայութենէ փախած եւ Քեսապ վերադարձած քանի մը երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ հեռաւոր շրջաններէ վերադարձող ջորեպաններ մտահոգիչ տեղեկութիւններ հաղորդեցին: Թէեւ մանրամասնութիւններ կը պակսէին եւ յստակ տուեալներ չկային, բայց գիւղացիք զգացին եւ երեւակայեցին որ ողջ հայութեան գլխուն ինչ ահաւոր սպառնալիք կախուած է:
Մինչ այդ զինուորական իշխանութիւնը խիստ հսկողութիւն հաստատեց Քեսապի գիւղերուն մէջ: Քեսապէն դէպի շրջակայ գիւղեր տանող ճամբաներուն վրայ զինուորական դիրքեր հաստատուեցան, ամբողջ գաւառը զինուորական օղակի մէջ առնուեցաւ եւ գիւղերը զօրք լեցուեցաւ: Յատկապէս Գալատուրանի ծովափը խիստ հսկողութեան տակ առնուեցաւ: Այդ ժամանակն էր երբ հովիւները իրենց այծերու հօտերով ծովամերձ եւ ծովահայեաց ձմեռանոցներէն` գշլաներէն եայլաները կը բարձրանային:
* * *

Իբրեւ չարագուշակ աղէտի մը նախերգանքը, մարախը սեւ ամպերու նման խուժելով ողողեց Քեսապի գիւղերը, փճացնելով ու չորցնելով ամէն ցանք ու կանաչութիւն: Գիւղացիք, իրենց բերքը փրկելու համար, ամբողջ ընտանիքով, օրեր շարունակ, առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ցախով ու աւելով քշեցին մարախը: Բայց տեղէ մը կը քշէին, ուրիշ տեղէ կրկին կը խուժէին: Շատեր սաւաններ փռեցին թթենիներուն, արտերուն եւ ածուներուն վրայ: Ոմանց բերքը լման փճացաւ, բայց ոմանք կրցան մասամբ փրկել իրենց բերքը: Մարախը մինչեւ իսկ թթենիներուն կեղեւները կերաւ:
Մարախին աղէտը հազիւ վերջացած, գիւղացիք հունձքի աշխատանքին լծուեցան: Իսկ հովիւները այծերու հօտերը լեռնային բարձունքները քշած եւ այծի մազէ սեւ վրանները լարելով ուպա (վրանախումբ) կազմած էին եւ կարագի ու պանիրի պատրաստութեամբ զբաղած: Նոյն ժամանակ Անտիոքէն Քեսապ ժամանեց գաղթը կազմակերպելու պարտականութիւն ունեցող պետական պաշտօնէութիւնը:
* * *
Քեսապի բոլոր գիւղերուն մէջ սկսան արձանագրութեան: Ամէն մարդ պարտադիր պէտք է որ ներկայանար որոշուած վայրը, իր հետ ունենալով ինքնութեան թուղթ կամ համապատասխան թուղթ` թասքարա: Պաշտօնէութիւնը ամէն ընտանիքի յատուկ տախտակ կազմեց, անուն ազգանուն, հօր անուն, մօր անուն, ծննդեան թուական, ամուրի թէ ամուսնացած եւ համայնքային պատկանելիութիւն: Արձանագրութիւններէն ետք թելադրուեցաւ պատրաստուիլ եւ կազմ ու պատրաստ ըլլալ, ապահով վայրեր փոխադրուելու համար: Շատ քաղաքավար վերաբերմունք ցուցաբերեցին եւ խոստացան անկարող ծերերուն ձի, ջորի կամ էշ տրամադրել:
Կառավարութիւնը լաւ գիտէր որ քեսապցիք զինուած էին եւ 1909-ի նման կրնային դիմադրութիւն ցոյց տալ: Կառավարութիւնը նոյնպէս գիտէր, որ քեսապցիք զէնք կը հայթայթէին նաեւ սէուտիացիներուն (յիշենք, որ Քեսապէն Սուէտիա փոխադրուած զէնքերը հետագային, սուէտիացիներու իսկ խոստովանութեամբ, մեծապէս օգտակար եղան Մուսա Լերան հերոսամարտին ընթացքին): Այս նկատառումով կառավարութիւնը հարկադրուեցաւ զգուշութեամբ շարժիլ:
Կառավարական պաշտօնէութիւնը յայտարարեց որ Քեսապի շրջանը վտանգուած է եւ որեւէ ժամանակ ծովու կողմէն կրնայ յարձակումի ենթարկուիլ անգլիական եւ ֆրանսական մարտանաւերուն կողմէ: Յետոյ յայտարարուեցաւ որ գաղթը միայն առաքելականներուն համար է եւ կաթոլիկներն ու բողոքականները իրենց տուները պիտի մնան:
* * *

Գալատուրանի Տէր Պետրոս քահանայ Փապուճեան պատուիրակութիւն մը ուղարկեց Սուէտիա, անոնց կարծիքը առնելու եւ ի հարկին միասին դիմադրութիւն կազմակերպելու համար: Սէուտիացիք տակաւին գաղթի հրամանը չէին ստացած, բայց իրենց կարգին մտահոգ էին եւ անոնցմէ ոմանք պատրաստակամութիւն յայտնեցին միասնաբար լեռ բարձրանալու եւ դիմադրութեան պատրաստուելու:
Տէր Պետրոս քահանան նաեւ լուր ղրկեց Քեսապ, յայտնելով որ Գալատուրան գտնուող յիսուն զինուորները դիւրութեամբ կարելի է մէջտեղէն վերցնել եւ գիւղին ժողովուրդը Տիւնակ լեռը փոխադրել, եթէ Քեսապի զինուորներն ալ միաժամանակ մաքրուին եւ բոլոր գիւղերու ժողովուրդը Տիւնակ բարձրանալով միանայ ինքնապաշտպանութեան:
Տէր Պետրոս քահանայ 1909-ի աղէտի օրերուն Քեսապի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներէն եղած էր եւ զէնքը ձեռքին մասնակցած էր դիմադրութեան:
Տիւնակ լեռը, Գալատուրանի հովիտին հարաւը, պաշտպանական լայն հնարաւորութիւններ ունի: Ցից բարձունքներ, խոր անդունդներ, կասլիի խիտ անտառներ, ժայռեր եւ արեւմտեան կողմը` Միջերկրական ծովը: Ծովափնեայ Սրնըխն ու Ուրենճըգը, մէկ կողմէ բարձր լերան եւ միւս կողմէ ծովուն միջեւ, քարայրներով ու գշլաներով եւ ըմպելի ջուրով, կրնային մեծաթիւ ժողովուրդ պատսպարել:
Բայց տակաւին գաղթի վերջնական հրամանը չէր տրուած: Հետեւաբար տէր հօր թելադրուեցաւ սպասել:
Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան եւ բողոքական համայնքի հովիւ վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան Քեսապի գերմանական որբանոցի տնօրէն Հրթըրի դիմեցին, միասնաբար Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսի միջամտութեան դիմելու նպատակով:
Տէր Պօղոս քահանայ, վերապատուելի Գունտաքճեան, Հրթըր եւ որբանոցին որբերը միասնաբար ճամբայ ելան դէպի Հալէպ:
Անտիոք հասնելէն եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, Տէր Պօղոս քահանայ եւ վերապատուելի Գունտաքճեան, անիմաստ եւ զուր ժամավաճառութիւն նկատելով Հալէպ երթալը, Քեսապ վերադարձան, իսկ Հրթըր իր որբերը Հալէպ տարաւ: Կ՛ըսուի, որ Հրթըր գերմանական բանակի հետախոյզ էր եւ անոր բոլոր որբերը հետագային սպաննուեցան:
* * *

Կառավարութիւնը որոշեց առաջին հերթին Գալատուրանի ժողովուրդը տեղահանել, նկատի ունենալով որ գիւղին անառիկ լեռները կրնային ապաստանարան եւ փրկութեան տապան ծառայել հայութեան համար: Հետեւաբար, իբրեւ առաջին քայլ, Գալատուրանի իւրաքանչիւր թաղէ հինգ ընտանիք ճամբու դրուեցաւ. մանաւանդ այն ընտանիքները, որոնք քիչ թէ շատ ազդեցիկ, բանիմաց եւ հեռատես կը նկատուէին:
Գալատուրանէն առաջին կարաւանը հազիւ հեռացած, Սուէտիայէն պատուիրակութիւն մը ժամանեց Քեսապ, խորհրդակցելու եւ որոշելու համար, որ կամ քեսապցիք Մուսա Լեռ փոխադրուին եւ հոն միասնաբար դիմադրութիւն կազմակերպեն, կամ ալ սուէտիացիք Քեսապ փոխադրուին եւ Տիւնակի բարձունքներուն դիմադրութիւն կազմակերպեն: Բայց արդէն շատ ուշ էր:
Գալատուրանէն տարագրուածներու առաջին կարաւանը ճամբայ ելաւ յուլիսի վերջաւորութեան, կէսօրէ ետք, վեց ոստիկաններու հսկողութեան տակ, իրենց հետ վերցնելով բեռնատար անասուններ եւ անհրաժեշտ իրեր: Գիւղ մնացողները հաւաքուած էին ողջերթ մաղթելու: Բոլորին աչքերուն մէջ արցունք կար եւ դէմքերուն վրայ խիստ զայրոյթ. «Բարի ճանապարհ, մենք ալ ձեզի պիտի հետեւինք»: Արեւը մայրամուտին կը մօտենար, երբ կարաւանը դուրս ելաւ հովիտէն: Ո՞ւր հարցումին պատասխանող չկար: Գիշերը վրայ հասաւ, բայց անոնք կը քալէին լուռ ու մունջ, շալակնին լեցուն ապրանք:
Օրտու հասնելէն ետք անոնց արտօնուեցաւ քիչ մը հանգստանալ: Առտուն անոնք շարունակեցին իրենց երթը, անցան գիւղերէ, լեռներէ, նեղ ու տաժանելի արահետներէ: Եօթը ժամ քալելէն ետք, անոնց ընկերակցող ոստիկանները, իրենց ձիերուն վրայ, մտրակները շաչելով հրահանգեցին արագ շարժիլ, մինչեւ առտու որոշուած վայր մը հասնելու համար, եւ խոստացան որ հոն հանգիստի ժամանակ պիտի տան իրենց:
Յոգնած եւ ուժասպառ վիճակով գաղթականները հասան ճշդուած վայրը, այն յոյսով որ երկար դադար մը պիտի ունենան: Բայց հազիւ հասած, հրահանգուեցաւ շարունակել ճամբան, այն պատրուակով որ ապահովութեան համար անպայման Ճսըր Շուղուր պէտք է հասնիլ: Հարկադրաբար, անոնք շարունակեցին ճամբան մինչեւ Ճսըր Շուղուր, ուր հրահանգուեցաւ կալերու շրջանին մէջ տեղաւորուիլ:
* * *
Գալատուրանի առաջին կարաւանին յաջորդեցին այլ կարաւաններ: Կառավարութիւնը յայտարարեց, որ կաթոլիկներն ալ պիտի տեղահանուին: Բողոքականները տակաւին կը մնային իրենց տուները: Բայց Գալատուրանի Սաղտըճեանները, որոնք բողոքական էին, որոշեցին իրենց համագիւղացիներուն ճակատագիրը բաժնել եւ միացան գաղթի կարաւանին: Քեսապէն տարագրուած բոլոր կարաւանները քշուեցան Ճսըր Շուղուր:
Ճսըր Շուղուրի մէջ աւազակներ եւ գողեր քանի մը անգամ փորձեցին կողոպտել գաղթականները, բայց չյաջողեցան: Կարգ մը անձեր եւ ընտանիքներ շրջակայ արաբ գիւղերը փախան եւ տեղացիներուն մօտ ասպնջականութիւն գտան:




Leave a Reply