Հինգշաբթի, ապրիլ 30ին, Քրեսենթա հովիտի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» Երիտասարդական կեդրոնի Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի պիտի ունենայ դասախօսութիւն մը՝ «Ամերիկեան կազմակերպութիւններ, որոնք կը սատարեն Հայկական հարցին. համառօտ ակնարկ» նիւթով։ Նիւթը պիտի ներկայացնէ Ռաֆֆի Համբարեանը։ Դասախօսութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7։30ին եւ պիտի կայանայ նշեալ կեդրոնին սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 2633 Honolulu Ave., Montrose, CA 91020։
1920ականներուն, Վահան Քարտաշեանի կողմէ՝ Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան յանձնախումբին հիմնադրումէն ի վեր, նշանաւոր ամերիկեան կազմակերպութիւններ աշխատած են յառաջ տանելու հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան գործը։ Այս ներկայացումը պիտի տայ ընդհանուր պատկեր մը այն ամերիկեան հաստատութիւններուն եւ նշանաւոր անհատներուն մասին, որոնք այսօր, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին (ANCA) հետ համատեղ, կը պաշտպանեն Հայաստանի եւ Արցախի շահերը։ Իր խօսքին մէջ, Համբարեան պիտի անդրադառնայ, թէ ինչպէս ամերիկեան կազմակերպութիւնները հզօր ուժ կը հանդիսանան հակակշռելու համար Հայ Դատը տկարացնել եւ վտանգել փորձող խմբակներուն ջանքերը։
Համբարեան ծառայած է որպէս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի (ANCA) ատենապետ։ Ներկայիս ան կը նախագահէ ANCA Endowment Fund-ը։ Ծնած է Նիւ Եորք քաղաքին մէջ եւ մեծցած՝ Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ։ Համբարեան աւարտած է Rutgers համալսարանը, ուր ստացած է միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան։ Ան աշխատած է Ամերիկայի Քոնկրեսի շարք մը անդամներու հետ, ներառեալ՝ Նիւ Ճըրզիի նախկին քոնկրեսական Սթիվըն Ռ. Ռաթմընի, որպէս արտաքին քաղաքական հարցերու գլխաւոր խորհրդական։ Ներկայիս ան կը ծառայէ Լոս Անճելըս գաւառի փոխադրութեան իշխանութեան մէջ, որպէս դաշնակցային հարցերու գործադիր պաշտօնատար։ Համբարեան ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է Հայկական Հարցի նուիրեալ գործիչ, իր գործունէութիւնը սկսելով Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն (AYF)։
Այս ձեռնարկը բաց է հանրութեան, իսկ անոր աւարտին հարցում-պատասխանի բաժին մը ծրագրուած է, որպէսզի մասնակիցները առիթ ունենան խորացնելու քննարկումը:
Նշենք որ, կրնաք դիտել YouTube հարթակին մէջ զետեղուած տեսանիւթ մը՝ «Ուդը եւ հայ-ամերիկեան ինքնութիւնը» նիւթով, որ ներկայացուեցաւ փաստաբան եւ երաժշտագէտ Անդրանիկ Քիզիրեանին կողմէ, Քրեսենթայի նոյն կեդրոնին մէջ, 19 Փետրուարին 2026։

Հայկական հարցին սատարող ամերիկեան կազմակերպութիւններու մասին դասախօսութիւն
•



Leave a Reply