ԹԱԼԹՈՍ
Ապրիլ 24-ը տարեթիւ մը չէ միայն: Ան դատաստան մըն է` ուղղուած ոչ միայն անցեալին, այլ նաեւ` ներկային ու ապագային:
111 տարիներ ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը կը մնայ չսպիացած վէրք մը` մարդկութեան սրտին վրայ, որովհետեւ անկէ եկած դասերը տակաւին ամբողջովին չեն իւրացուած:
Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը պայմանաւորուած չէ նոյնաձեւութեամբ, այլ նոյն սխալներու կրկնութեամբ` թուլութիւն, յանձնուողականութիւն եւ պատմաքաղաքական կարճատեսութիւն:
Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ պարզ ճշմարտութիւն մը` ժողովուրդները չեն կործանիր միայն թշնամիներուն պատճառով, այլ` երբ իրենք կը դադրին ու կը յոգնին դիմադրելէ եւ կամքէն: Եւ ահա այստեղ է, որ ապրիլ 24-ը կը դադրի սուգի յիշողութիւն ըլլալէ` վերածուելով պայքարի ուխտի:
Այսօրուան Միջին Արեւելքը իր ամբողջ անկայունութեամբ կը յիշեցնէ այն աշխարհաքաղաքական քաոսը, որուն ընթացքին մեծ տէրութիւնները կը տարածեն ազդեցութիւններ, իսկ փոքր ժողովուրդները կը վերածուին փոխանակման առարկայի: Այդ պայմաններուն մէջ գոյատեւումը արդէն ինքնին պայքար է:
Լիբանանը այդ պայքարի կիզակէտերէն մէկն է` երկիր մը, որուն սահմանները միշտ եղած են աւելի փխրուն, քան` անոր ժողովուրդին կամքը:
Բայց իրականութիւնը կոշտ է. իսրայէլեան ռազմաքաղաքական ծրագիրը երբեք չէ սահմանափակուած պաշտպանողական տրամաբանութեամբ: Ան ունի ընդարձակման եւ վերահսկողութեան յստակ մղում, որ պատմութեան ընթացքին բազմիցս դրսեւորուած է` բռնագրաւումներով, ներխուժումներով եւ ուժի կիրարկմամբ:
Հարաւային Լիբանանը այդ քաղաքականութեան անմիջական թիրախներէն եղած է:
Եւ ահա այս ճակատին վրայ է, որ Հըզպալլա կը դառնայ ոչ թէ պարզ դերակատար, այլ` որոշիչ գործօն:
Հըզպալլայի դիմադրութիւնը պատահական երեւոյթ մը չէ: Ան ծնաւ պատմական անհրաժեշտութենէ մը` այն պահուն, երբ պետութիւնը անկարող էր պաշտպանելու իր հողը, եւ ժողովուրդը կանգնած էր բացայայտ սպառնալիքի դիմաց: Այդ Դիմադրութիւնը, իր սկզբնական ձեւով, գոյատեւման պայքար էր: Բայց ժամանակի ընթացքին ան վերածուեցաւ` կազմակերպուած ուժի, ռազմավարութեան եւ գաղափարական ամբողջական համակարգի:
Հըզպալլայի հիմնական յաղթանակը միայն զինուորականը չէ: Ան կրցաւ կոտրել այն առասպելը, թէ իսրայէլեան բանակը անպարտելի է: 2000 թուականին հարաւային Լիբանանի ազատագրումը եւ 2006-ի պատերազմը ոչ միայն ռազմական դէպքեր էին, այլ նաեւ` հոգեբանական շրջադարձեր: Անոնք ցոյց տուին, որ դիմադրութիւնը, երբ ունի կազմակերպուած կամք եւ ռազմավարական խորք, կրնայ կանգնեցնել նոյնիսկ ամէնէն հզօր թշնամիները:
Բայց այս պայքարը միայն սահմաններու հարց չէ: Ան պայքար է արժանապատուութեան համար, որովհետեւ երբ ժողովուրդ մը կը կորսնցնէ իր պաշտպանուելու կամքը, ան արդէն կէս պարտուած է: Հըզպալլան այս իմաստով կը ներկայացնէ գաղափար մը, որ զէնքը միայն գործիք չէ, այլ` երաշխիք, եւ որ` քաղաքական որոշումները չեն պարտադրուիր արտաքին ճնշումներով:
Այսօր, երբ Լիբանանի պետութիւնը կը դիմէ բանակցութեան ուղիին` առանց իրական ուժային հաւասարակշռութեան, այդ որոշումը կը թուի վտանգաւոր, որովհետեւ բանակցութիւնը, երբ զուրկ է ուժի ողնասիւնէ, կը վերածուի յանձնուողական այլակերպ ձեւի:
Թուղթէ շերեփով խաղաղութիւն կառուցելը պատմութեան մէջ միշտ աւարտած է սաստկահամ կորուստներով:
Հըզպալլայի կեցուածքը` կառչած մնալու զէնքին եւ չյանձնուելու, պէտք է հասկնալ այս լոյսին տակ: Անիկա ոչ թէ պատերազմի փափաք է, այլ` պատերազմի պարտադրանքի մերժում: Երբ հակառակորդը կը հասկնայ միայն ուժի լեզուն, ապա ուժը կը դառնայ խաղաղութեան նախապայման:
Իրանեան դերակատարութիւնը այս բոլորին մէջ կը ձեւաւորէ ռազմավարական խորք մը: Իրան, իր ազդեցութեամբ, կը փորձէ ստեղծել հակակշիռ այն ուժերուն դէմ, որոնք կը ձգտին ամբողջ տարածաշրջանը ենթարկել իրենց կամքին: Այս դաշինքը` գաղափարական եւ ռազմական, կը ձգտի փոխել ուժերու հաւասարակշռութիւնը` ի նպաստ դիմադրութեան:
Անշուշտ այս ամբողջը պարզ չէ: Կան ներքին լարուածութիւններ, քաղաքական հակասութիւններ եւ տնտեսական ճնշումներ: Բայց պատմական ճշմարտութիւնը կը մնայ. ժողովուրդ մը, որ կը հրաժարի իր պաշտպանողական միջոցներէն, կը դառնայ ուրիշներու որոշումներու գերին:
Արցախի փորձը այս հարցին ամէնէն ցաւալի ապացոյցն է: Երբ անվտանգութիւնը կը վստահուի արտաքին երաշխիքներուն` առանց ներքին ուժի, վերջինս կը դառնայ աղէտ:
Այն, ինչ պատահեցաւ Արցախին, միայն տեղական ողբերգութիւն չէր, այլ նաեւ դաս մը` ամբողջ տարածաշրջանին:
Եւ այստեղ է, որ ապրիլ 24-ը կը շնչէ իր ամբողջ ծանրութեամբ:
Եթէ մենք չսորվինք մեր անցեալի սխալներէն, ապա այս պարագային սատար հանդիսացած կ՛ըլլանք թշնամիի կամքին:
Յանձնուողական քաղաքականութիւնը, որքան ալ ներկայացուի որպէս իրատեսութիւն, իրականութեան մէջ նոյն տրամաբանութեան շարունակութիւնն է, որ մեզ հասցուց 1915 եւ 2020:
Լիբանանը այսօր կը կանգնի խաչմերուկի մը առջեւ` կա՛մ կը պահպանէ իր արժանապատուութիւնը` հիմնուելով ուժի եւ դիմադրութեան վրայ, կա՛մ կը սահի դէպի դանդաղ կորուստի ճանապարհ մը, որ կրնայ աւարտիլ իր սեփական «Նոր ապրիլ 24»-ով:
Ապրիլ 24-ը, ուրեմն, զգուշացման ազդանշան է, որովհետեւ հարցը այլեւս քաղաքական չէ, այլ` գոյատեւման:
Կա՛մ հաւատարիմ կը մնանք ուժին, զէնքին ու արժանապատուութեան, եւ կա՛մ ալ կը վերածուինք յիշողութեան թուականի մը` նոր ապրիլ 24-ի:
Եւ, այս իմաստով, պատմութիւնը թէեւ դաժան, նոյնքան ալ` արդար, չի խղճար բոլոր անոնց, որոնք ընտրեցին յանձնուողականութիւնը:




Leave a Reply