Քոնկրեսականներ արդարութիւն հաստատելու կոչ ըրին՝ Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ընթացքին

ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱԶԴԱՐԱՐԵՑԻՆ՝ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ» ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿՐՆԱՅ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ

Չորեքշաբթի, ապրիլ 15ի երեկոյեան, Քոնկրեսի 20է աւելի հանրապետական եւ դեմոկրատ անդամներ մասնակցեցան Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման, որ առիթ հանդիսացաւ արդարութիւն հաստատելու կոչեր կատարելու ոչ միայն 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ 2023ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան համար։

Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին խորագիրն էր՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Յիշատակումէն Պատասխանատուութիւն․ Արդարութիւն Դար մը Ցեղասպանութեան Համար՝ Հայաստանէն Արցախ, 1915-2023» եւ իրականացաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին համագործակցութեամբ։

Հանդիսավարն էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատար դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն էր միջազգային իրաւագիտութեան ու մարդկային իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ մասնագիտացած իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, որոնք շեշտեցին, թէ մարդկութեան դէմ ոճիրներ իրագործած յանցագործներուն դէմ պէտք է պատժական քայլեր որդեգրուին, նման ոճիրներու կրկնութիւնը կանխելու համար։

Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ Նենսի Փելոսի, ֆրենք Փալոն, Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս, Տէյվիտ Վալատաօ, Պրետ Շըրմըն, Ճուտի Չու, Լօրա Ֆրիտմըն, Ճիմ Քոսթա, Ճիմ ՄըքԿավըրն, Տինա Թայթըս եւ ուրիշներ։

Քոնկրեսականները շեշտեցին, թէ ժամանակը հասած է խօսքէն գործի անցնելու, պահանջելով վնասուց հատուցում ապահովել ցեղասպանութեանց զոհերուն, ինչպէս նաեւ ապահովել Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով գերի պահուող Արցախի ղեկավարներու եւ այլ հայ պատանդներու ազատ արձակումը եւ պատժամիջոցներ որդեգրել Ատրպէյճանի դէմ։

Նշենք, որ ոգեկոչման ձեռնարկին կողքին, նոյն օրը, կ․ե․ ժամը 1էմ սկսեալ, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն առանց արդարութեան» խորագիրով ներկայացումը, որուն հրաւիրուած էին քոնկրեսականներու անձնակազմերը եւ հանրութիւնը։

«Քենըն» սրահին մէջ տեղի ունեցած ներկայացումին նպատակն էր լուսարձակի տակ առնել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մտահոգիչ կէտերը եւ պատասխանատուութեան կանչել Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, իրենց գործած յանցանքներուն համար:

Ներկայացումը առաջնորդեցին դոկտ. Ռապըրթ Գրիգորեան եւ իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, որոնք ազդարարեցին, թէ անկատար խաղաղութեան համաձայնութիւն մը դուռ պիտի բանայ նոր ցեղասպանութիւններու առջեւ եւ շեշտեցին, թէ իսկական խաղաղութեան կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ միայն արդարութեան հիման վրայ։

Երկու ձեռնարկներն ալ առցանց սփռուեցան Ամերիկայի Հայ Դատի ընկերային կայքերէն։

Վերոյիշեալ նպատակներուն գծով ձեր քոնկրեսականներուն պահանջներ ներկայացնելու համար այցելել Հայ Դատի կայքէջը։

https://asbarez.am/archives/501151

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ